Որոնել

Մարիամ Մագդաղենացիէն սորվինք յոյսը. Ֆրանչիսկոս Պապ

Չափազանց ինքնավստահ և հպարտ «Ես» մը արգելք կը հանդիսանայ մեզի ճանչնալու Յարութիւն առած Յիսուսը. նոյնիսկ այսօր անոր տեսքը սովորական մարդոց տեսքն է, որոնք դիւրութեամբ մեր ետին կը մնան։ Նոյնիսկ երբ կու լանք եւ յուսահատութեան կը յանձնուինք, զայն կը թողունք մեր ետին։ Եւ փոխանակ նայելու անցեալի մութին մէջ, գերեզմանի մը դատարկութեան մէջ, Մարիամ Մագդաղենացիէն սորվինք դառնալ դէպի կեանքը։ Այնտեղ է որ Վարդապետը մեզ կը սպասէ։ Այնտեղ է որ մեր անունը կը լսուի։ Որովհետեւ իսկական կեանքին մէջ մեզի համար տեղ կայ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Յոբելեանը նոր սկիզբ է մարդոց ու Երկրի համար։ Ամէն ինչ պէտք է որ վերաիմասատաւորուի Աստուծոյ երազի ներքոյ։ Եւ գիտենք որ «դարձ» բառը ցոյց կու տայ ուղղութեան փոփոխութիւն մը: Ամէն ինչ վերջապէս կարելի է տեսնել այլ տեսանկիւնէն, և մեր քայլերը նոյնպէս կ՛երթան դէպի նոր նպատակներ։ Այսպէս է` որ կը յառաջանայ յոյսը» Խօսքերն են ասոնք զոր արտասանեց Ֆրանչիսկոս Պապը` շաբաթ մէկ Փետրուար 2025-ի առաւօտեան, Յոբելենական հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան առիթով, զոր գլխաւորեց Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ եւ որուն կապուած էին նաեւ Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի մէջ գտնուող այլ 2000 հաւատացեալներ` որոնց մեծամասնութիւնը եկած էին Սուլմոնա Վալվատոփօ թեմէն, մինչ Պօղոս Զ սրահի մէջ գտնուող հաւատացեալները ժամանած էին Քազերթա եւ Քափուա Թեմերէն։

Մարիամ Մագդաղենացին տիպարը յոյսին

«Սրբազան Պապը առ այդ նշեց որ «մեզի համար եւս հաւատքի փորձառութիւնը խթանուեցաւ այնպիսի մարդոց հետ հանդիպումով, որոնք իրենց կեանքի ընթացքին կարողացան փոխուիլ և մտան Աստծոյ երազանքներուն մէջ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ակնարկելով Մարիամ Մագդաղենացիի տիպարին պատմուած Ղուկասի Աւետարանին մէջ, զոր «Յիսուս բուժեց իր ողորմութեամբ եւ ան փոխուեցաւ»։

«Ողորմութիւնը զայն վերադարձուց Աստուծոյ երազներուն մէջ ու նոր նպատակ տուաւ անոր ուղեւորութեան» յարեց Նորին Սրբութիւնը։

Մենք ալ գիտնանք  Մարիամի նման ետին դառնալ

Ան ապա ակնարկեց Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ պատմուած Մագդաղենացիի Յարուցեալին հետ հանդիպումին, ուր բազմաթիւ անգամ կը կրկնուի որ «Մարիամ ետին դարձաւ»։

«Աւետարանիչը լաւապէս կ՛ընտրէ բառերը» ըսաւ Սրբազան Պապը։ Մարիամ արցունքը աչքերուն նախ կը նայի գերեզմանին ապա «ետին կը դառնայ»։ Յարուցեալը արդարեւ մահուան միւս կողմը կը գտնուի, կեանքին կողմը։ Ապա երբ կը լսէ` թէ Ան իր անունը կ՛արտասանէ, Մարիամ դարձեալ «ետին կը դառնայ» կ՜ըսէ Աւետարանը եւ այդպիսով է որ կ՛աճի անոր յոյսը. Ան կարող է սրբել արցունքները, որովհետեւ լսեց իր անունը` զոր միայն իր Վարդապետը կարող էր այդ ձեւով արտասանել»։ 

Դարձի գալ` փոխել հեռանկարը

Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրեց հաւատացեալները Մարիամ Մագդաղենացիէն սորվելու յոյսը, դարձի գալու, որովհետեւ «մեր ուղեւորութիւնը հետեւողական հրաւէր մըն է` փոխելու հեռանկարը։ Յարուցեալը մեզ կը մտցնէ իր աշխարհին մէջ, քայլ առ քայլ, պայմանաւ որ մենք յաւակնութիւնը չունենանք թէ ամէն բան գիտենք» ըսաւ Ան ու հրաւիրեց մենք մեզի հարցեր տալու եթէ գիտենք ետին նայիլ ու տարբեր ձեւով դիտել իրականութիւնը, եթէ փափաքն ունինք դարձի գալու։

Ո՞րն է առաքելութիւնը զոր Տէրը մեզի կու տայ

Չափազանց ինքնավստահ և հպարտ «Ես» մը արգելք կը հանդիսանայ մեզի ճանչնալու Յարութիւն առած Յիսուսը. նոյնիսկ այսօր անոր տեսքը սովորական մարդոց տեսքն է, որոնք դիւրութեամբ մեր ետին կը մնան։ Նոյնիսկ երբ կու լանք եւ յուսահատութեան կը յանձնուինք, զայն կը թողունք մեր ետին։ Եւ փոխանակ նայելու անցեալի մութին մէջ, գերեզմանի մը դատարկութեան, Մարիամ Մագդաղենացիէն սորվինք դառնալ դէպի կեանքը։ Այնտեղ է որ Վարդապետը մեզ կը սպասէ։ Այնտեղ է որ մեր անունը կը լսուի։ Որովհետեւ իսկական կեանքին մէջ մեզի համար տեղ կայ։ Տեղ մը կայ քեզի, ինծի իւրաքանչիւրիս համար։ Եւ ոչ մէկը կարող է գրաւել զայն, որովհետեւի ան ի սկզբանէ մտածուած է մեզի համար։ Իւրաքանչիւրը կարող է ըսել. Ես տեղ մը ունիմ, ես առաքելութիւն մը ունիմ։

«Ասոր մտածեցէք ո՞րն է իմ տեղս։ Ո՞րն է առաքելութիւնը զոր Տէրը մեզի կու տայ։ Թող այս մտածումը մեզի օգնէ կեանքին մէջ քաջ վերաբերմունք մը ունենալու համար» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։

Ողջոյնի խօսք հաւատացեալներուն

Ան` ապա ողջոյնի խօսք ուղղեց ըլլայ Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գտնուող ուխտաւորներուն ըլլայ Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ համախմբուած հաւատացեալներուն յիշելով Քազերթա կատարած իր այցը 26 Յուլիս 2014-ին, եւ շնորհակալութիւն յայտնելով այդ ժամանակ իրեն վերապահուած ջերմ ընդունելութեան համար։

Նորին Սրբութիւնը ունկնդրութեան աւարտին շրջեցաւ Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գտնուող հաւատացեալներուն միջեւ ապա ուղղուեցաւ Սուրբ Պետրոս տաճար այնտեղ եւս ողջունելու համար Յոբելենական ունկնդրութեան մասնակցող հաւատացեալները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/02/2025, 09:38

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >