Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (ANSA)

«Ես ձեզի կ՝ընկերանամ այստեղէն» Ֆրանչիսկոս Պապին ընտրութեան 12-րդ տարեդարձը

13 մարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ կը նշէ իր ընտրութեան 12-րդ տարեդարձը «Ճեմելլի» հիւանդանոցին մէջ՝ ուր կը գտնուի գրեթէ մէկ ամիսէ ի վեր

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

13 մարտ 2025ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը նշէ իր ընտրութեան 12 րդ տարեդարձը, Ճեմելլի հիւանդանոցին մէջ։ Նորին Սրբութեան այս տարեդարձը կը հասնի մասնաւորապէս աշխատանքներով լեցուն տարիէ մը ետք, որ բնութագրուած է նշանակալից իրադարձութիւններով, ինչպէս Յոբելինական Տարին, Սինոդականութեան նուիրուած սինոդը, Իտալիոյ եւ արտասահմանի մէջ կատարած առաքելական ճամբորդութիւնները եւ կարդինալներուն ժողովը ու Հակառակ առողջապահական վատ պայմաններուն, քահանայապետը կը շարունակէ ամուր կապ պահել հաւատացեալներուն հետ արտայատուելով «Ես կ՝ընկերանամ ձեզի այստեղէն»։

Ֆրանչիսկոս Պապը հիւանդանոց մտնելէ ետք, Իտալիոյ եւ աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ կը կատարուին բազմաթիւ աջակցութեան եւ մօտիկութեան ժեսթեր ու անթիւ հաւատացեալներ հաւաքուելով՝ ըլլայ ֆիզիքապէս, ըլլայ համացանցի միջոցաւ աղօթք կը բարձրացնեն առ Աստուած Ֆրանչիսկոս Պապին առողջութեան համար ու այդ աղօթքները ուժեղացան այն ժամանակ երբ թոքաբորբոքի բարդութիւններ յայտնուեցան։

Նորին Սրբութիւնը հիւանդանոց գտնուելով հանդերձ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ձայնագրուած պատգամի մը միջոցաւ, ընդգծելով ժողովուրդին հետ կապուած մնալու իր փափաքը՝ չնայած բոլոր հանգամանքներուն։ Նորին Սրբութիւնը առողջապահական վատ պայմաններուն տակ գտնուելով կը շարունակէ իր յանձնառութիւն յայտնել խաղաղութեան եւ եղբայրութեան համար, ուշադրութիւնը պահելով իր հօտին կարիքներուն վրայ։

Ֆրանչիսկոս Պապին .Ես կ՝ընկերանամ ձեզի այստեղէն» արտայայտութիւնը կ՝ամփոփէ իր այն փափաքը՝ որ հոգեպէս ներկայ է հաւատացեալներու մէջ հակառակ իր առողջապահական պայմաններուն։

13 մարտ 2013-էն սկսեալ իր քահանայապետութեան շրջանին ֆրանչիսկոս Պապ արտասանած է 45 կիրկանօրեայ Մարեմեան աղօթք, գլխաւորած է 32 հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւն, ունեցած է 230 հանդիպումներ ըլլայ Վատիկանի մէջ ըլլայ Վատիկանէն դուրս եւ նախագահած է 30 Սուրբ պատարագներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապին Հայրապետութեան 12 տարին յատկանշուեցաւ եկեղեցւոյ կեանքի համար հիմնական փուլերով, ինչպէս Սուրբ Պետրոս տաճարի սուրբ դուռին բացումը՝ 24 դեկտեմբերին երեկոյեան՝ սկիզզ տալու համար յոյսի յոբելինական Տարուան ու այդ թուականէն երկու օր առաջ, Ռէպիպիա բանտի մէջ Սուրբ դրան բացումը։ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ սինդոականութեան մասին սինոդը եւ Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց Յիսուսի Սուրբ Սիրտին նուիրուած Dilexit Nos շրջաբերականը, կատարուեցաւ կարդինալներուն 10-րդ ժողովը՝ 21 նոր ծիրանաւորներ ընտրելու համար ։

Տասներկրորդ տարին, 12 ամիսներուն ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպումներ ունեցաւ նախագահներու, եկեղեցական անձնաւորութիւններու ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու հետ եւ բազմաթիւ տարբեր հեռագիրներ ու նամակներ գրեց պատերազմի մէջ եւ բնական աղէտի թիրախ երկիրներուն Նապական նուիրակներու ու եպիսկոպոսներուն ու անթիւ կոչեր յղեց Ուքրանիոյ եւ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան համար։

Փետրուար ամսուայ կէսէն, հիւանդութեան պատճառաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հիւանդանոցէն կը շարունակէ կապ պահել հաւատացեալներուն հետ ըսելով «Ես կ՝ընկերանամ ձեզի այստեղէն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/03/2025, 14:54