Համընդհանուր աղօթք՝ Ֆրանչիսկոս Պապին համար
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Վատիկանի Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ ամէն օր Վարդարանի աղօթքէն անդին, որոնք կը շարունակուին Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, ողջ աշխարհի հաւատացեալները կը շարունակեն իրենց մօտիկութիւնը ցուցաբերել Ֆրանչիսկոս Պապին, որ 14 փետրուարէն կը գտնուին Ճեմելլի հիւանդանոցին մէջ։ ։
Արժանթինի մօտիկութիւնը
Անթիւ աղօթքի նախաձեռնութիւններ տեղի կ՝ունենան ողջ աշխարհի մէջ ու անոնք կը բազմապատկուին՝ նկատի ունենալով Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոյին քահանայապետական գահին ընտրուելու 12-րդ տարեդարձը։ Արդարեւ 13 մարտին, Հռոմի մէջ արժանթինցիներուն, Սրբուհի Մարիա Ատոլորթայի նուիրուած ազգային եկեղեցւոյ մէջ կը մատուցուի գոհաբանական Պատարագ ու Ֆրանչիսկոս Պապին հայրենիքին մէջ, ազգային եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին խնդրանքով, Հինգշաբթի օրը սուրբ Պատարագի ժամանակ յատուկ աղօթք պիտի կատարուի Ֆրանչիսկոս Պապին շուտափոյթ առողջութեան համար։
Միանմարի սէրն ու մօտիկութիւնը
«Ֆրանչիսկոս Պապին առողջութեան համար աղօթքներ պիտի կատարուին նաեւ Միանմարի մէջ», ըսաւ Միյիթքինայի թեմերուն եպիսկոպոսը, գերպ Ժոն Մունկ Նկավն Լա Սամ. «ամէն օր յետմիջօրէին ժամը 5ին, կաթողիկէ ընտանիքները պիտի հաւաքուին իրենց բնակարաններուն մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին դիտաւորութեան աղօթելու համար, որ իրենց սիրտերուն մէջն է։ Նշենք թէ Մինամամարի Եանկոն քաղաքի Սրբուհի Տիրամօր նուիրուած մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ վարդարանի աղօթք գլխաւորութեամբ կարդինալ Շարլ Մաունկ Պոյի։
Սպանիայի եւ Ռոմանիայի աջակցութիւնը
Սպանիոյ մէջ նաեւ տեղի կ՝ունենան մօտիկութեան նախաձեռնութիւններ Ֆրանչիսկոս Պապին առողջութեան համար։ Ազգային քահանայապետական հիմնադրամի « Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» բաժինը հնարաւորութիւն կու տայ իր կայքին միջոցաւ Սուրբ Պատարագ նուիրելու Հռոմի եպիսկոպոսին եւ աղօթելու Անոր առողջութեան համար յոյս յայտնելով, որ բոլորը կարող են «նպաստել Սուրբ Պետրոսի յաջորդին հետ խաղաղութեան եւ միութեան»։ Աղօթք եւ մօտիկութիւն կը հասնին նաեւ Ռոմ Տի Պլաժէն այն հասարակութենէն, որոնց հետ Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ Ռոմանիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին ՝ 2 յունիս 2019ին։
Տարբեր ազգերէն հաւատացեալներ Ճեմելլի հիւանդանոցին դիմաց կ՝աղօթեն Պապին համար
Աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէ ժամանած հաւատացեալներ նաեւ ամէն օր կը հաւաքուին Ճեմելլի հիւանդանոցին դիմաց, ցուցաբերելու համար իրենց մօտիկութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին։ Մի քանի օր առաջ, ներկայ էին Սլովաքիայէն ժամանած մի քանի հաւատացալներ, այն երկիրը ուր այցելեց Ֆրանչիկոս Պապը 2021 թուակակին։
Անշուշտ անպակաս են նաեւ Հռոմի թեմերուն մօտիկութիւնը։ Երեքշաբթի, 11 մարտին, Հռոմի թեմի փոխանորդ, կարդինալ Պալտասար Ռէյնա, «Ճեմելլի» հիւանդանոցին մատրան մէջ գլխաւորեց Սուրբ Պատարագը։ «Մեր աղօթքը կը բարձրանայ առ Աստուած Նորին Սրբութեան համար, որպէսզի Ան զգայ բոլորին աջակցութիւնը» ըսաւ ծիրանաւորը իր քարոզին մէջ։
Կիրակի 16 մարտին, անչափահասներուն պատուիրակութիւն մը ընկերակցութեամբ իրենց ծնողներուն եւ անչափահասներուն համաշխարհային օրուան քահանայապետական կոմիտէի նախագահ, հայր Էնցօ Ֆորթունաթոյին, «Ճեմելլի» հիւանդանոցին դիմաց պիտի հաւաքուին քահանայպետին դիտաւորութեան աղօթելու համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
