Որոնել

Flooding in Bahia Blanca

Սրբազան Պապի ցաւակցութիւնը Արժանթինի մէջ տեղի ունեցած ջրհեղեղին ի տես՝ աղօթք զոհերուն համար

Ֆրանչիսկոս Պապը Gemelli-ի բազմաբուժարանէն հեռագիր մը յղեց Գերապ. Ալֆոնսօ Ասպիրոս Քոսթային, Պահիա Պլանքայի արքեպիսկոպոս, Պուէնըս Այրեսէն 650 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող քաղաքը, որ թիրախ դարձաւ աւերիչ ջրհեղեղների մը որուն հետևանքով կան 16 զոհ երեք անհետ կորածներ: Հռոմի պապը հաւաստիացուց իր զօրակցութիւնը զոհուածների ընտանիքներուն, եւ խնդրեց աջակցիլ անոնց, որոնք ներգրաւուած են փրկարարական աշխատանքներու մէջբերումներ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Gemelli բազմաբուժարանէն, ուր կը գտնուի անցեալ 14 Փետրուարէն ի վեր, Սրբազան Պապը հեռագիրի մը միջոցաւ արտայայտեց իր ցաւը Արժանթինի Պահիա Պլանքա քաղաքը հարուածող աւերիչ ջրհեղեղին համար։

Նորին Սրբութիւնը Հեռագիր մը ուղղոեց Պուէնըս Այրեսէն 650 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող քաղաք` Պահիա Պլանքայի արքեպիսկոպոս, Գերապայծառ Ալֆոնսօ Ասպիրոս Քոսթային, որուն մէջ տխրութիւն արտայայտեց բնական աղէտին ի տես, որ պատճառեց բազմաթիւ զոհեր եւ նիւթական վնասներ։  Վերջին տուեալներու համաձայն կան 6 զոհեր եւ երեք անհետ կորածներ, որոնց շարքին երկու փոքրիկ քոյրեր` մէկ եւ հինգ տարեկան։

Նորին Սրբութիւնը իր հոգեւոր մօտիկութիւնը աւաստիացուց համայն ժողովուրդին, աղօթելով Տիրոջ` որպէսզի մխիթարութիւն շնորհէ անոնց` որոնք կը տառապին այս ցաւի ու անորոշութեան պահուն։

Սրբազան Պապա հուսկ աջակցութիւն հայցեց Աստուծմէ անոնց համար` որոնք ներգրաւուած են որոնման աշխատանքներու մէջ եւ աւերուած տարածքներու վերականգնման դժուարին գործընթացին մէջ։

Ան ապա Ողորմութեան Տիրամօր յանձնեց բոլոր անոնք` որոնք թիրախ դարձան այս ահռելի աղէտին անոնց ուղարկելով իր առաքելական օրհնութիւնը։

Այս առաւօտ արդեն Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հաղորդած էր, որ Ֆրանչիսկոս Պապը տեղեկացուած էր ջրհեղեղի լուրի մասին, մօտիկութիւն արտայայտելով աղէտին թիրախ անձերուն եւ անոնց ապահովեցնելով իր աղօթքները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/03/2025, 21:00