Բարդ պատկերի մը մէջ թեթեւ բարելաւում. Ֆրանչիսկոս Պապը Ճեմելլիի մէջ
Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք
Սրբազան Պապին բուժարանային իրավիճակը կը մնայ կայուն եւ բժիշկները կը հաստատեն թեթեւ բարելաւումը համապատկերի մը ծիրէն ներս որ կը շարունակէ մնալ միշտ բարդ։ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին լրագրողներուն փոխանցած Ֆրանչիսկոս Պապի առողջութեան մասին թարմացած լուրն սա, որ հրատարակուեցաւ երեքշաբթի 11 Մարտի երեկոյեան։
Նորին Սրբութիւնը որուն այսօր կը յիշատակուի Յիսուսեան միաբանութեան անդամակցութեան 67րդ ամեակը եւ երկու օրէն պիտի յիշուի Քահանայապետ ընտրութեան 12րդ տարեդարձը, այսօր կէսօրէն ետքը, ինչպէս նաեւ առաւօտեան, հետեւեցաւ Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ Հռոմի Քուրիայի Հոգեւոր Կրթութեան նիստերուն։
Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ հիւանդանոցի իր յարկաբաժնի մարտան մէջ ամփոփուեցաւ աղօթքի մէջ։ Ան ոչ մէկ այցելութիւն ստացաւ այլ օրը նուիրեց աղօթքի եւ խորհրդածութեան, այնպէս ինչպէս ընդհանրապէս կը կատարուի Հոգեւոր Կրթութեան ընթացքին։ Այսօր առաւօտեան ան ընդունեց Սուրբ Հաղորդութիւնը։ Ապա շարունակեց դարմանական խնամքը եւ օրուան ընթացքին շարունակեց թթուածնային բարձ հոսքի կիրառումը։
Վաղը` չորեքշաբթի 12 Մարտին, պիտի տարածուին բժիշկներու կողմէ տրուած յաւելեալ տեղեկութիւններ։ Իսկ միշտ վաղը չորեքշաբթի օր ըլլալով չէ նախատեսուած չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը, որուն հրատարակումը արդեն իսկ չէր նախատեսուած, ի տես այս օրերուն տեղի ունեցող Հռոմի Քուրիայի Հոգեւոր Կրթութիւններուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
