Սիւնհոդոս. Ֆրանչիսկոս Պապը վաւերացուց նոր ուղեւորութիւն մը որ պիտի հանգի Եկեղեցական ժողովի մը 2028 թուականին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Նոր Սիւնհոդոս մը չէ այլ եկեղեցական համահաւաք. Այս պիտի ըլլայ այն ինչ` որ ծրագրուած է 2028ի հոկտեմբերին Վատիկանի մէջ որուն պիտի կանխէ աջակցութեան ուղեւորութիւն մը։ Լուրը կը հաղորդէ Կարդինալ Մարիօ Կրէքը Սիւնհոդոսի ընդհանուր Քարտուղարութեան Ընդհանուր Քարտուղարը, աշխարհի բոլոր եպիսկոպոսներուն, Արեւելքի կաթողիկէ Պատրիարքներուն եւ Աւագ Արքեպիսկոպոսներուն ուղղած նամակով մը։
Աջակցութեան ուղեւորութիւնը որուն մասին կը խօսի Ան վաւերացուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ անցեալ 11 Մարտին, Ճեմելլի հիւանդանոցէն, եւ կը հայի Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած Սիւնհոդոսի իրականացման փուլին, որ պիտի ունենայ երեք տարուայ ուղեւորութիւն ու պիտի աւարտի 2028ի Հոկտեմբերին, Վատիկանի մէջ գումարուած եկեղեցական մեծ հաւաքով։
Այս իրականացման փուլը պէտք չէ հասկցուի որպէս «վերէն եկող հրահանգներու պարզ կիրառում», այլ որպէս «ընդունման գործընթաց» Եզրափակիչ փաստաթղթի «տեղական մշակոյթներուն և համայնքներուն կարիքներուն համապատասխան», միշտ պահպանելով նպատակը «շօշափելի դարձնելու» «եկեղեցիներու և ամբողջ Եկեղեցւոյ միջև» փոխանակումը ու երկխօսութիւնը, կը հաստատէ Կարդինալ Կրէքը :
Այս իրականացման փուլի ուղեւորութեան մէջ հիմնական կարեւորութիւը ունի բոլոր այն անհատներուն ներգրաւումը, որոնք իրենց սատարը բերին Սիւնհոդոսի ընթացքին, որպէսզի պտղաբեր դառնայ «բոլոր Եկեղեցիներուն ունկնդրութիւնը» եւ այդ Եկեղեցիներու Հովիւներուն զատորոշումը, կը գրէ ի միջի այլոց Կարդինալ Կրէքը, այդ առնչութեամբ մատնանշելով «սիւնհոդոսական թիմերու կազմաւորման, որոնք բաղկացած պիտի ըլլան քահանաներէ, սարկաւագներէ, կրօնաւոր կրօնաւորուհիներէ եւ աշխարհականներէ եպիսկոպոսի ուղեկցութեամբ»:
Կարդինալ Կրէքը ապա կը նշէ թէ այս յայտարարութեան Մայիս ամսուայ մէջ պիտի հետեւի յատուկ փաստաթուղթի մը հրատարակութիւնը, որուն մէջ պիտի նշուին ընթացքի փուլերը մինչ յառաջիկայ 24էն 26 հոկտեմբերին, նախատեսուած է «Սիւնհոդոսական թիմերու և մասնակցային մարմիններու յոբելեանը»։ Հուսկ 2027-ի առաջին եւ երկրորդ վեցամսեայի միջեւ թեմերուն, ազգային և միջազգային եպիսկոպոսական համաժողովներուն, արևելեան նուիրապետութիւններու կառոյցներուն և եկեղեցիներու այլ խմբաւորումներուն մէջ տեղի պիտի ունենան գնահատման ժողովներ
Մինչ 2028 թուականի առաջին և երկրորդ կիսամեաներու ընթացքին նախատեսուած են ցամաքային գնահատման ժողովներ և Instrumentum laboris ծ աշխատանքային թղթածրարի հրատարակումը` 2028 թուականի հոկտեմբերին նախատեսուած եկեղեցական ընդհանուր ժողովին համար:
Կարդինալ Կրէքը նամակի աւարտին հրաւէր կ՛ուղղէ բոլորին աղօթելու` անցեալ 14 Փետրուարէն ի վեր Ճեմելլի բազմաբուժարանին մէջ խնամք ստացող Ֆրանչիսկոս Պապի առողջութեան համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
