Որոնել

2025.03.11 Recita del Rosario

Կարդինալ Քոխ.- Ծանր հինաւանդութեամբ տառապիլը մեծ մարտահրաւէր է, թող Աստուած մօտ ըլլայ Ֆրանչիսկոս Պապին

Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ կայացած Հռոմի Քուրիայի Հոգեւոր Կրթութեան հինգերորդ նիստի աւարտին նոյն վայրին մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապի առողջութեան համար սուրբ Վարդարանի աղօթքը, զոր գլխաւորեց Քրիստոնեաներու Միութեան խթանման Վերատեսչութեան վերատեսուչ Կարդինալ Քիւրդ Քոխը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 11 Մարտ 2025ի երեկոյեան, Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ կայացած Հռոմի Քուրիայի Հոգեւոր Կրթութեան հինգերորդ նիստի աւարտին, զոր գլխաւորեց Քափուչին միաբանութեան անդամ Հայր Ռոպերթօ Փազոլինի շարունակելով խորհրդածել «Յաւիտենական կեանքի յոյսի» մասին, տեղի ունեցաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապի առողջութեան նուիրուած Սուրբ Վարդարանի աղօթքը, որ ուղիղ եթերով սփռուեցաւ նաեւ Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ  զետեղուած մեծ պաստառներուն վրայ եւ Վատիկանեան հաղորդամիջոցներու միջոցաւ եւ զոր գլխաւորեց Քրիստոնեաներու Միութեան խթանման Վերատեսչութեան վերատեսուչ Կարդինալ Քիւրդ Քոխը։

Վերոնշեալ Մարեմեան աղօթքին սկիզբը Ծիրանաւորը յիշեցուց այն ինչ որ Յարուցեալ Յիսուս ըսած էր Պետրոսին Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ՛ըսեմ քեզի, երբ երիտասարդ էիր առանձին կը հագնէիր պատմուճանդ, եւ կ՜՛երթայիր ուր որ կ՛ուզէիր, բայց երբ ծերանաս ձեռքդ պիտի երկարէս եւ ուրիշը քեզ պիտի հագցնէ ու պիտի տանի այնտեղ ուր դուն չես ուզեր»։ Խօսքեր` որոնք կ՛արտայայտեն «այն ինչ որ կ՜ապրի եւ կը զգայ մեր Սրբազան Պապը, Սուրբ Պետրոսին յաջորդը» ըսաւ ի միջի այլոց Կարդինալ Քոխը։

«Յիրաւի իրադարձութիւնները տարբեր են բայց նաեւ ծանր հիւանդութեան մը տառապանքն ալ մարտահրաւէր մըն է» աւելցուց Քրիստոնեաներու Միութեան խթանման Վերատեսչութեան վերատեսուչը եւ խրախուսեց աղօթելու որպէսզի «Տէրը Քահանայապետին միշտ շնորհէ իր մօտիկութիւնը» ապա «Հայցելու Սուրբ Կոյս Մարիամի, Յոյսին Մօր բարեխօսութիւնը, Նորին Սրբութեան առողջութեան համար»։

Սուրբ Վարդարանի աղօթքը ինչպէս նախորդ օրերուն աւարտեցաւ «Oremus pro Pontifice» Քահանայապետին նուիրուած աղօթքով ու Սուրբ Կոյս Մարիամին նուիրուած շարականի երգեցողութեամբ։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/03/2025, 08:00