Քահանայապետին համար այլ հանգիստ գիշեր մը
Վատիկան Նիուզ - Հայկական բաժանմունք
«Գիշերը անցաւ հանդարտ, Սրբազան Պապը արթնցաւ ժամը 8-ի ժամանակները» այս է Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի 11 Մարտի առաւօտեան ժամը 8,26ին տարածած թարմացումը հայող անցեալ 14 Փետրուարէն Ճեմելլի հիւանդանոց գտնուող Ֆրանչիսկոս Պապի առողջութեան։
Ֆրանչիսկոս Պապին բուժարանային պայմանները կը շարունակեն մնալ կայուն, որուն պատճառներու համար բժիշկները որոշեցին լուծարել կանխատեսման վերապահութիւնը։
Բայց եւ այնպէս նկատի առնելով բուժարանային պատկերի բարդութիւնը և հիւանդանոց մուտքի ընթացքին կարեւոր վարակիչ պատկերը, անհրաժեշտ է շարունակել դեղաբանական բժշկական դարմանումը հիւանդանոցային միջավայրի մէջ, մի քանի օրեր ևս։
Հետևաբար, ասոնք հիւանդութեան ընթացքին դրական նշաններ են, որոնք, այնուամենայնիւ, պէտք է ողջունել զգուշութեամբ և շրջահայեցութեամբ, քանի որ թոքաբորբը տակաւին չէ յաղթահարուած, և բուժարանային պատկերը կը մնայ բարդ, թէև անմիջական վտանգ չկայ:
Սրբազան Պապը այսօր առաւօտեան շարունակեց նախատեսուած դարմանական խնամքները` դեղաբանական, շնչառական և շարժողական:
Այս առաւօտեան եւս Ան հերակապ կապով հետեւեցաւ Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ կայացած Հոգեւոր կրթութեան, զոր վարեց Քափուչին միաբանութեան անդամ Հայր Ռոպերթօ Փազիլինի։ Ան ապա աղօթքի մէջ ամփոփուեցաւ իր սենեակին կից գտնուող մատրան մէջ։
Այսօր երեկոյեան բժշկական տեղեկագիր պիտի չհրատարակուի, թէեւ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը տեղեկութիւններ պիտի փոխանցէ լրագրողներուն
Ֆրանչիսկոս Պապը, ըստ տեղեկութիւններուն, աւելի լաւ է, ու բարի տրամադրութեամբ։ Թէև բժիշկները լուծարեցին կանխատեսումներու վերապահութիւնը, սակայն իրաւունք կը վերապահեն գնահատելու բուժարանային պատկերի բարդութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
