Որոնել

2025.04.20 Santa Messa di Pasqua seconda parte e Benedizione Urbi et Orbi

Ֆրանչիսկոս Պապին վերջին անխռով ժամերը եւ «շնորհակալութիւնը» Սուրբ Պետրոս Հրապարակ վերադարձի համար

Սրբազան Պապի վերջին խօսքերը շնորհակալական խօսքեր էին՝ «շնորհակալ եմ, որ ինձ վերադարձուցիք Հրապարակ», ուղղուած իր անձնական առողջապահական օգնականին՝ Մասսիմիլիանօ Սթրափեթթիին, որ կիրակի օրը խրախուսեց փափամոպիլէով շրջայց կատարել իր ժողովուրդին մէջ, Սուրբ Պետրոս Հրապարակին վրայ Ուրպի էթ Օրպի զատկական պատգամէն ետք:
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

«Շնորհակալ եմ, որ ինձ հրապարակ վերադարձուցիք», Ասոնք եղան Ֆրանչիսկոս Պապի արտսանած վերջին խօսքերէն՝ ուղղուած իր բուժօգնական Մասսիմիլիանօ Սթրափեթթիին, որ արդեն անգամ մը փրկած էր անոր կեանքը՝ առաջարկելով ենթարկուիլ հաստ աղիքի վիրահատութեան, եւ որուն Քահանայապետը՝ 2022ին հիւանդանոցի մէջ գտնուելու օրերուն, նշանակած էր իր անձնական բուժօգնականը: Սթրափեթթին Ֆրանչիսկոսի կողքին եղաւ Ճեմելլիիի մէջ նաեւ վերջին բուժման ժանանակ, եւ անորմէ ետք Սանթա Մարթայի իր բնակարանին մէջ բուժումը շարունակելու ընթացքին: Ան Պապի հետ էր նաեւ Սուրբ Զատիկի կիրակի առաւօտեան, «Urbi et Orbi»ի Քաղաքին ու համայն Աշխարհին օրհնութեան ժամանակ:

Գրկել իր ժողովուրդին

Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի պատշգամէն իր օրհնութիւնը բաշխելէն ետքը Ֆրանչիսկոս որոշած էր անակնկալ մը ընել բազմահազար հաւատացեալներուն եւ շրջայց կատարել Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ՝ գրկախառնուելով հաւաքուած ամբոխին հետ: Ոչ առանց նախնական մտավախութեան. «Կը կարծէք, որ ես կարող եմ այդ մէկը ընե՞լ», հարցուցած էր Նորին Սրբութիւնը Սթրափեթթիին: Վերջինս իր հաւանութիւնը եւ, այդպիսով, հնարաւորութիւն տուած էր անգամ մը եւս՝ վերջին անգամ, վերադառնալ Սուրբ Պետրոս եւ գրկել իր ժողովուրդին երկար բացակայութենէ ետք՝ կարծես հրաժեշտի ողջոյն տալ այնտեղ համախմբուած հաւատացեալներուն։

Վերջին ժամերը

«Շնորհակալ եմ, որ ինձ վերադարձուցիք Հրապարակ», շրջայցէն վերադառնալով իր բուժական օգնականին ըսած էր Պապը յոգնած, բայց ուրախ: Ապա ունեցած էր հանգիստ յետմիջօրէ մը, ընթրած էր եւ պառկած քնանալու:

Հիւանդութեան առաջին նշանները ի յայտ եկան առաւօտեան շուրջ 5.30ին, ապա ամէն ինչ զարգացաւ շատ արագ եւ վրայ հասաւ մահը գրեթէ յանկարծակի կերպով:

Մահ, որ անաղմուկ ու զուսպ եղաւ Քահանայապետի մը համար, որ միշտ խիստ գաղտնի պահած էր իր առողջական խնդիրները՝ լքելով այս աշխարհը Զատկուան յաջորդ օրը, Քաղաքին ու համայն Աշխարհին իր օրհնութիւնը տալէն յաջորդ օրը, անգամ մը եւս, երկար բացակայութենէ ետք, իր ժողովուրդին հետ վերջին հանդիպումը ունենալէն ետք յաջորդ օրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/04/2025, 08:00