Միութիւն եւ սէր` ասոնք են Յիսուսին կողմէ Պետրոսին յանձնուած առաքելութեան երկու չափանիշերը. Լեւոն ԺԴ.
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Ես ընտրուեցայ առանց ոչ մէկ արժանիքի եւ վախով ու թողով կու գամ ձեզի` որպէս եղբայր մը, որ կ՛ուզէ դառնալ ձեր հաւատքին ու ձետ ուրախութեան ծառան, քալելով ձեր հետ Աստուծոյ սիրոյ ուղիին վրայ, որ մեզ բոլորս կ՛ուզէ միացած միակ ընտանիքի ներքոյ» ...«սէրն ու միութիւնը Յիսուսին կողմէ Պետրոսին յանձնուած առաքելութեան երկու չափանիշերն են»։ Այս խօսքերով է որ Լեւոն ԺԴ. ներկայացաւ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած աշխարհի տարբեր մասերէն ժամանած քրիստոնեայ ու այլ կրօններ ներկայացնող բազմահազար անձանց, ընդգծելով Քահանայապետութեան կիզակէտը հանդիսացող ուղին` Աստուծոյ սիրոյ ուղին։
Կիրակի` 18 Մայիս 2025-ի առաւօտեան ժամը տասին, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Լեւոն ԺԴ.-ի Քահանայապետութեան սկիզբի պատարագը որուն մասնակցեցան կարդինալական դասի անդամները, եպիսկոպոսներ, քահանաներ ու տասնեակ հազարաւոր հաւատացեալներ, ապա աշխարհի տարբեր երկիրներու ղեկավարներ ու պետական ներկայացուցիչներ ինչպէս նաեւ այլ կրօններու ու քրիստոնեայ քոյր եկեղեցիները ներկայացնող պատուիրակութիւններ։
Սուրբ Զոհին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներու Պատրիարքները, որոնց շարքին նաեւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք` Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.-ը, որոնք արարողութեան սկիզբը, Նորընտիր Քահանայապետին հետ միասին աղօթեցին Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի կեդրոնական խորանին տակ գտնուող դամբանին առջեւ, ընդգծելու համար Քահանայապետի ու Սուրբ Պետրոս առաքեալի եւ անոր նահատակութեան հետ սերտ կապը։
Ֆրանչիսկոս Պապին մահը մեր սրտերը լեցուց տխրութեամբ
Քահանայապետութեան սկիզբի այս ծիսակատարութեան առիթով արտասանած իր Քարոզին սկիզբը Լեւոն ԺԴ. նախ ողջունեց բոլոր ներկաները ապա ակնարկեց այս վերջին օրերուն ապրուած խոր ու յուզումնալից պահերուն, սկսեալ Ֆրանչիսկոս Պապի մահէն, որ «մեր սրտերը լեցուց տխրութեամբ» եւ որ մեզի զգացուց «որպէս առանց Հովիւի ոչխարներ» ըսաւ Ան դիտել տալով, թէ ինչպէս «ճիշտ Զատկուան օրը մենք ստացանք Անոր վերջին օրհնութիւնը և յարութեան լոյսի ներքոյ մենք այդ պահը դիմագրաւեցինք այն վստահութեամբ, որ Տէրը երբեք չի լքեր իր ժողովուրդը, այլ զայն կը համախմբէ երբ ցիր ու ցան եղած է», եւ « կը պահպանէ ինչպէս հովիւը կը հսկէ իր հօտին վրայ» (Երեմիա 31։10)»։
Հռոմի նոր Եպիսկոպոսի ընտրութիւնը
Սրբազան Պապը ակնարկեց ապա անցեալ օրերուն կատարուած իր ընտրութեան երբ «հաւատքի հոգիով», Կարդինալական դասը, «առաջնորդուած Սուրբ Հոգիէն ընտրեց Հռոմի նոր Եպիսկոպոսը, որ կանչուած է պաշտպանելու քրիստոնէական հաւատքի հարուստ ժառանգութիւնը և, միևնոյն ժամանակ, հայեացքը ուղղելու յառաջ՝ այսօրեայ հարցերը, մտահոգութիւններն և մարտահրաւէրները դիմակայելու համար»։
«Ես ընտրուեցայ առանց ոչ մէկ արժանիքի եւ վախով ու թողով կու գամ ձեզի` որպէս եղբայր մը, որ կ՛ուզէ դառնալ ձեր հաւատքին ու ձետ ուրախութեան ծառան, քալելով ձեր հետ Աստուծոյ սիրոյ ուղիին վրայ, որ մեզ բոլորս կ՛ուզէ միացած միակ ընտանիքի ներքոյ» ըսաւ Լեւոն ԺԴ.-ը հաստատելով, որ «սէրն ու միութիւնը Յիսուսին կողմէ Պետրոսին յանձնուած առաքելութեան երկու չափանիշերն են»։
Պետրոս կը սիրե՞ս զիս
Ան ապա ակնարկեց օրուան Աւետարանական Հատուածին, որ քաղուած էր Յովհաննէսի Աւետարանէն եւ կը պատմէ Սուրբ Պետրոսի կոչումին դրուագը, երբ Յիսուս զայն կը դասէ մարդոց ձկնորս, անոր ու միւս առաքեալներուն յանձնելով մեծ առաքելութիւնը` Աւետարանին յոյսը տանելու համայն աշխարհ։
«Աւետարանը մեզի կ՛ըսէ որ Պետրոս կարող է այդ պարտականութիւնը կատարել միայն որովհետեւ իր կեանքին մէջ փորձարկեց Աստուծոյ անվերապահ ու անհուն սէրը, նաեւ ձախողութեան ու ուրացման պահուն» ըսաւ Սրբազան Պապը։
Պետրոսին յանձնուած է պարտականութիւնը «աւելիով սիրելու» եւ «իր կեանքը տալու հօտին համար»։
Յիսուս անոր ուղղած հարցումներով կարծես անոր կ՛ուզէր ըսել «միայն եթէ դուն ճանչցար և զգացիր Աստուծոյ այս սէրը, որ երբեք չի դադրիր, կարող ես արածել գառնուկները, միայն Հայր Աստուծոյ սիրով դուն կը կարողանաս սիրել քու եղբայրներդ «աւելիով», այսինքն՝ կեանքդ զոհաբերելով անոնց համար»... «Պետրոսին յանձնուած է պարտականութիւնը «աւելիով սիրելու» եւ «իր կեանքը տալու հօտին համար» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը ապա նշեց` որ «Հռոմի Եկեղեցին կը նախագահէ սիրոյ մէջ ու անոր իսկական իշխանութիւնը Քրիստոսի սէրն է» ...եւ այս կը նշանակէ միշտ ու միայն սիրել այնպէս ինչպէս ըրաւ Յիսուս։
Բոլոր մկրտուածները «կենդանի քարեր» են՝ Եկեղեցին կառուցելու համար «հաղորդութեան և բազմազանութեան մէջ»
«Քրիստոս ժայռն է եւ Պետրոս պիտի հովուէ հօտը՝ առանց զիջելու միայնակ առաջնորդ կամ ուրիշներէն վեր դասուող առաջնորդ ըլլալու գայթակղութեան, ինքզինք դարձնելով իրեն վստահուած ժողովրդի տէրը (տե՛ս Ա Պետրոս 5։3), ընդհակառակը, Անորմէ խնդրուած է ծառայել եղբայրներու հաւատքին ու քալել անոնց հետ» նկատել տուաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը ու հաստատեց որ Բոլոր մկրտուածները «կենդանի քարեր» են՝ Եկեղեցին կառուցելու համար «հաղորդութեան և բազմազանութեան մէջ», ինչպէս կը սորվեցնէ Սուրբ Օգոստինոսը։
Միացած Եկեղեցի` հաշտուած աշխարհի թթխմոր
«Եղբայրներ եւ քոյրեր ես պիտի, ուզէի որ այս ըլլար մեր առաջին եւ ամենամեծ իղձը. միացած Եկեղեցի մը, նշան միութեան ու հաղորդութեան, որ դառնայ հաշտուած աշխարհին թթխմորը» ըսաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ. ակնարկելով այս ժամանակահատուածի ընթացքին տարածուած անհամաձայնութիւններուն, մեծ վէրքերուն, որոնք յառաջացած են ատելութեան, բռնութեան եւ նախապաշարումներու պատճառաւ ու նաեւ տարբերներու նկատմամբ վախի ու Երկրի բարիքները շահագործող տնտեսական տիպարի պատճառաւ, որ կը մեկուսացնէ ամենաաղքատները։
Կառուցել նոր աշխարհ մը` ուր իշխէ խաղաղութիւնը
«Մենք կ՛ուզենք ըլլալ միութեան, հաղորդութեան ու եղբայրութեան թթխմոր» շեշտեց Լեւոն ԺԴ., «մենք կ՛ուզենք խոնարհութեամբ եւ ուրախութեամբ աշխարհին ըսել. Նայեցէք Քրիստոսին։ Մօտեցէք Անոր։ Ընդունեցէք անոր Խօսքը, որ կը լուսաւորէ եւ կը մխիթարէ։ Ունկնդրեցէք անոր սիրոյ առաջարկը, որպէսզի դառնաք Անոր միակ ընտանիքը, Միակ Քրիստոսի մէջ մենք մէկ ենք։ Այս է ճանապարհը, որ պէտք է կատարենք միասին, մեր միջեւ բայց նաեւ քրիստոնեայ քոյր Եկեղեցիներուն հետ, անոնց հետ` որոնք կը քալեն այլ կրօնական ուղիներու վրայ, անոնց հետ որոնք կը մշակեն Աստուծոյ փնտռտուքի անհանգստութիւնը, բոլոր բարի կամքի տէր մարդոց ու կիներուն հետ, կառուցելու համար նոր աշխարհ մը ուր իշխէ խաղաղութիւնը»։
Մենք կոչուած ենք Աստուծոյ սէրը առաջարկելու բոլորին
«Սա է միսիոներական հոգին, որ պէտք է մեզ ոգեւորէ՝ առանց մենք մեզ փակելու մեր փոքրիկ խումբի շրջանակին մէջ»... «Մենք կոչուած ենք Աստուծոյ սէրը առաջարկելու բոլորին, որպէսզի հասնինք այն միութեան, որ չոչնչացնէր տարբերութիւնները, այլ կ՛արժեւորէ իւրաքանչիւր մարդու անձնական պատմութիւնը և իւրաքանչիւր ժողովուրդի սոցիալական ու կրօնական մշակոյթը» եղաւ Լեւոն ԺԴ.-ի քարոզին մէջ ներկայացուցած յորդորներէն մին, որուն աւարտին Ան հաստատեց, թէ «ասիկա սիրոյ ժամն է» ու թէ «Աստուծոյ սէրը` որ մեզ իրար միջեւ եղբայրներ կը դարձնէ սիրտն է Աւետարանին» որմէ մեկնելով միացաւ իրեն նախորդ` Լեւոն ԺԳ.-ին որմէ առած է նաեւ անունը հարց տալու եթէ վերոնշեալ չափանիշը` սիրոյ չախանիշը «գերակշռէր աշխարհին մէջ, մի՞թէ բոլոր անհամաձայնութիւնները անմիջապէս չէին դադրիր, և մի՞թէ խաղաղութիւնը չէր վերադառնար» (Rerum novarum, 21)։
«Սուրբ Հոգիի լոյսով ու զօրութեամբ կառուցենք եկեղեցի մը, որ հիմնուած է Աստուծոյ սիրոյ վրայ և նշան է միութեան, միսիոներական եկեղեցի, որ իր գիրկը կը բանայ աշխարհին, կը հռչակէ Խօսքը, թոյլ կու տայ, որ պատմութիւնը անհանգստացնէ զինք և կը դառնայ մարդկութեան համար ներդաշնակութեան խմորիչ» ըսաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը քարոզի աւարտին հրաւիրելով միասին քալել որպէս «մէկ ժողովուրդ, բոլորս եղբայրներ» դէպի Աստուած, սիրելով զիրար փոխադարձաբար»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
