Լեւոն ԺԴ Քահանայապետի գործունէութիւնը սկսաւ Սիքստինեան մատրան մէջ պատարագով
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Ուրբաթ` 9 Մայիս 2025-ի առաւօտեան ժամը 11-ին Նորընտիր Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ իրեն եղբայրակից կարդինալներուն իրեն յանձնած այս նոր առաքելութիւնը սկսաւ պատարագ մատուցելով Սիքստինեան Մատրան մէջ, բոլոր կարդինալական դասի անդամներու մասնակցութեամբ, նոյն մատուրը ուր Ան երէկ կէսօրէն ետքը ընտրուեցաւ Տիեզերական Եկեղեցւոյ 267-րդ Քահանայապետ, այնտեղ տեղի ունեցած պապընտիր դռնափակ ժողովի չորրորդ քուէարկութեան աւարտին։
Քահանայապետին ընտրութենէն ու Սուրբ Պետրոս տաճարի կեդրոնական պատշգամէն աշխարհին յայտնուելէն ետքը Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Մաթթէօ Պրունին, հակիրճ ճեպազրոյցի մը ընթացքին ուզեց ընդգծել Լեւոն ԺԴ-ի արտասանած խօսքերուն կարեւորութիւնը, շեշտելով թէ ինչպէս Ան գործածեց Յիսուսին առաջին խօսքերը, Սուրբ Զատիկէն ետքը, «բառեր խաղաղութեան, զինաթափուած եւ զինաթափող», ու խօսեցաւ «երկխօսութեան» մասին ըսաւ Պրունին ու մատնանշեց նաեւ Քահանայապետին ընտրած անունին որ ըսաւ «յստակ յղում մըն է իր նախորդին ` Լեւոն ԺԳ-ին» որ 1891 մայիս ամսուայ մէջ հրատարակեց «Rerum novarum» յորդորագիը», որով Կաթողիկէ Եկեղեցին առաջին անգամ ըլլալով կեցուածք ունեցաւ ընկերային հարցերու շուրջ, ու հիմքը դարձաւ Եկեղեցւոյ ընկերային արդի վարդապետութեան։
«Ակնյայտ է, որ այս մէկը պատահական յղում չէ` մարդոց ու կիներու ու անոնց աշխատանքին, մանաւանդ արհեստական բանականութեան այս ժամանակաշրջանին մէջ», - ընդգծեց Պրունին։
«Լեւոն ԺԴ քահանայապետի խօսքերը յղում էին նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապի խօսքերուն, անցեալ Զատկուայ տօնին օրը. Աստուած մեզ կը սիրէ, կը սիրէ բոլորը, ու չարը պիտի չյաղթէ» աւելցուց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը հաղորդելով Սրբազան Քահանայապետին առաջին ժամադրութիւնները որոնցմէ առաջինը այսօրուայ գոհաբանական պատարագն էր Սիքտստինեան մատրան մէջ, հուսկ Կիրակի օրը կէսօրին, Ուրախ Լեր Մարեմեան աղօթքը, որ պիտի կատարէ Սուրբ Պետրոս տաճարի կեդրոնական պատշգամէն, իսկ երկուշաբթի օր, 12 մայիսի առաւօտեան ժամը տասին, Լեւոն ԺԴ Քահանայապետը, Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ պիտի ընդունի Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի մօտ գրանցուած լրագրողական աշխարհի գործիչները, որոնք այս վերջին շաբաթներուն հետեւեցան Վատիկանի մէջ կայացած արարողութիւններուն ու Թափուր Աթոռի ժամանակահատուածի ընթացքին տեղի ունեցած անցուդարձներուն։
Մինչ այդ այսօր հրատարակուեցաւ Քահանայապետի Քահանայապետական առաքելութեան ընդունման ու անունի որոշման նոտարական փաստաթուղթը։
Լեւոն ԺԴ պատմութեան մէջ առաջին Քահանայապետն է, որ կու գայ Միացեալ Նահանգներէն, առաջինը որ կը պատկանի Օգոստինեան միաբանութեան։ Ան ընտրուեցաւ Փոմփէյի Տիրամօր աղերսանքի, Վարդարանի Տիրամօր տօնին նուիրուած օրը` 8 Մայիսին։ Տօն որ կապ ունի իրեն նախորդ` Լեւոն ԺԳ Քահանայապետին հետ, որ եղած է այն Քահանայապետը որ Հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան տրամադրութեան տակ դրած է Հռոմի Լեւոնեան Քահանայապետական Վարժարանը եւ յատկապէս այն Քահանայապետը որ «Supremi Apostolatus officio» շրջաբերական թուղթով, հրաւէր ուղղած էր աշխարհին աղօթելու Վարդարանը` դիմագրաւելու համար ընկերութեան չարիքները, Վարդարանի աղօթքը նկատելով վստահելի գործիք` ձգտելու համար հասարակութեան և Եկեղեցւոյ հոգևոր բարիքին, որ այդ ժամանակ կը դիմագրաւէր «ծանր աղէտներ»։
Ահա թէ այդ նոյն 8 Մայիսին, նորընտիր Քահանայապետը ընտրեց Լեւոն անունը հայցելով Փոմփէյի Տիրամօր բարեխօսութիւնը նոր առաքելութեան համար, համայն Եկեղեցւոյ համար, աշխարհի խաղաղութեան համար։
Սիքստինեան Մատրան ծխնելոյզը նոր Քահանայապետի ընտրութիւնը աւետեց 8 Մայիս 2025-ի երեկոյեան ժամը 6,07 անց մինչ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած էին հազարաւոր ուխտաւորներ, դրօշներով, վարդարաններով, որոնք հրճուանքով ծափողջոյնով ընկալեցին լուրը բարձրաձայն աղաղակելով «Վիվա իլ Փափա Վիտա իլ Փափա- Կեցցէ Պապը»,
Ծուխէն ետք Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի զանգերը սկսան ուրախութեան ու հրճուանքի ղօղանջներ արձակել։ Ֆրանչիսկոս Պապի մահէն 17 օր ետք Կաթողիկէ Եկեղեցին կ՛ ունենար նոր Քահանայապետ մը, Հռոմի 267-րդ Եպիսկոպոսը, Սուրբ Պետրոսի 266-րդ յաջորդը։
Մինչ այդ Սիքստինեան Մատրան մէջ տեղի կ՛ունենար Քահանայապետի ընտրութեան յատկացուած յատուկ արարողութիւնը որուն համաձայն հազիւ Քահանայապետի ընտրութիւն կը կատարուի Սարկաւագ Կարդինալներէն վերջինը Սիքստինեան Մատուռ կը կանչէ Կարդինալական Ժողովի Քարտուղարը եւ Քահանայապետական Ծիսական Արարողութիւններու Արարողապետը, որ կը ստանձնէ Նոտարի պաշտօնը։
Կարդինալներուն աւագերէցը առ այդ լատիներէն լեզուով կը խնդրէ ընտրուածի համաձայնութիւնը հետեւեալ խօսքերով. «Կ'ընդունի՞ս քու կանոնական ընտրութիւնդ՝ ըլլալու Գերագոյն Քահանայապետ»։ Եւ հազիւ նորընտրեալը իր համաձայնութիւնը տայ, անոր հարց կու տայ. «Ինչպէ՞ս կ'ուզես անուանուիլ»։
Ահա այս երկու հարցումներուն պատասխանելէն ետքն է որ կը շարադրուի ընտրուածի համաձայնութեան եւ ընտրած անունին փաստաթուղթը, եւ այդ պահէն սկսեալ ընտրեալը կը ստանայ տիեզերական Եկեղեցւոյ ամբողջական եւ գերագոյն իշխանութիւնը։
Մինչ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ ներկայ գտնուող հաւատացեալներուն թիւը հետզհետէ կ՜աւելնար մինչեւ որ որոշ տուեալներու համաձայն հասաւ 100 հազարի, Նորընտրեալ Քահանայապետը դուրս գալով Սիքստինեան մատուռէն մտաւ աւանդատուն` այդպէս կոչուած «Արցունքներու սենեակ» ուր Ծիսական Արարողութիւններու արարողապետի օգնութեամբ հագուեցաւ Քահանայապետական սպիտակ զգեստը։
Ան ապա վերադարձաւ Սիքստինեան մատուռ ուր բազմեցաւ իրեն վերապահուած Աթոռին վրայ, արժանանալով իր եղբայրակիցներուն մեծարանքին եւ հնազանդութեան տուրքին ապա բոլորը միասին աղօթեցին «Te Deum» գոհաբանական աղօթքը։
Սարկաւագ Կարդինալներէն առաջինը, Նախասարկաւագ Կարդինալը, այս պարագային Կարդինալ Տոմինիք Մամպերթին, Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական պատշգամ երթալով, հաւատացեալներուն աւետեց տեղի ունեցած ընտրութիւնը եւ նոր Քահանայապետի անունը, արտասանելով . «Ձեզի կ՛աւետեմ մեծ ուրախութիւն մը, Քահանայապետ մը ունինք» բանաձեւը որմէ ետքը նոր ընտրուած Քահանայապետ` Լեւոն ԺԳ աղօթելէ ետք Պօղոսեան մատրան մէջ, ուղղուեցաւ դէպի Սուրբ Պետրոս տաճարի կեդրոնական պատշգամ, որտեղէն յղեց իր ողջոյնի խօսքը եւ բոլորին շնորհեց «Urbi et Orbi» (քաղաքին եւ աշխարհին) Առաքելական Օրհնութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
