Խօսքս կ՛ուղղեմ աշխարհի հզօրներուն, այլևս ոչ երբեք պատերազմ. Լեւոն ԺԴ.
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի` 11 Մայիս 2025-ի կէսօրին, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի կեդրոնական պատշգամէն արտասանեց «Ուրախ Լեր Թագուհի» Մարեմեան աղօթքը, զոր անակնկալ կերպով կատարեց երգեցողութեամբ, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու մասնակցութեամբ։ Աղօթքի աւարտին Ան իր խօսքը ուղղելով բոլոր ներկաներուն նախ յիշեց Համաշխարհային Բ Պատերազմի ողբերգութիւնը, որ ըսաւ Ան «վերջ կը գտնէր 80 տարիներ առաջ, 8 մայիսին, աւելի քան 60 հազար զոհ պատճառելէն ետքը»։
«Այլևս ոչ երբեք պատերազմ»
«Այսօրուայ ողբերգական իրականութեան մէջ՝ մաս-մաս Երրորդ համաշխարհային պատերազմի, ինչպէս բազմիցս նշած էր Ֆրանչիսկոս Պապը, ես նոյնպէս կը դիմեմ աշխարհի առաջնորդներուն՝ կրկնելով միշտ արդիական կոչը. «Այլևս ոչ երբեք պատերազմ» յարեց Նորին Սրբութիւնը նշելով որ իր սրտին մէջ կը կրէ սիրեցեալ ուքրանացի ժողովուրդին տառապանքը այս ուղղութեամբ կոչ ուղղելով որ ամէն ջանք կատարուի որպէսզի շուտով հասանելի ըլլայ «իսկական, արդար ու մնայուն խաղաղութիւն մը»։
Ան հուսկ կոչ ուղղեց որ ազատ արձակուին բոլոր բանտարկեալները ու մանուկները կարողանան վերադառնալ իրենց ընտանիքներուն մօտ։
Հնդկաստանի – Փաքիստան կրակմարի յայտարարութիւն
«Ինձ խորապէս կը վշտացնէ Կազայի հատուածին մէջ տեղի ունեցածը, անյապաղ թող դադարի կրակը։ Հիւծուած քաղաքացիական բնակչութեանը թող տրամադրուի մարդասիրական օգնութիւն, իսկ բոլոր պատանդները թող ազատ արձակուին», եղաւ Լեւոն ԺԴ.-ին ուղղած մէկ այլ կոչը որմէ ետքը Ան ուրախութիւն յայտնեց Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի միջեւ կրակմարի յայտարարութեան համար ու մաղթեց որ յառաջիկայ բանակցութիւններուն միջոցաւ կարելի ըլլայ հասնիլ մնայուն համաձայնութեան մը։
Խաղաղութեան Թագուհին թող մեզի համար ընդունի խաղաղութեան հրաշքը
«Բայց որքա՜ն այլ հակամարտութիւններ կան աշխարհին մէջ» նկատել տուաւ Քահանայապետը ու խաղաղութեան Թագուհիին յանձնեց սրտագին խնդրանքը «որպէսզի Ան զայն ներկայացնէ Տէր Յիսուսին՝ ու որպէսզի մեզի համար ընդունի խաղաղութեան հրաշքը»։
«Բարի Մայրերու տօն»
Լեւոն ԺԴ. հուսկ ողջունեց հրապարակին վրայ գտնուող հարիւր հազար հաւատացեալներու միջեւ գտնուող ուխտաւորներու զանազան խումբերը ապա յիշեց Իտալիոյ եւ այլ Երկիներու մէջ այսօր յիշատակուող Մայրերու տօնը, յատուկ ողջոյն մը յղելով բոլոր մայրերուն ու աղօթք այն մայրերուն համար որոնք արդեն Երկինքն են։
«Բարի Մայրերու տօն» ըսաւ ապա Լեւոն ԺԴ. ու ներկաներէն հրաժեշտ առաւ բարի կիրակի մաղթելով բոլորին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
