Սիքստինեան Մատրան տանիքի վրայ տեղադրուեցաւ Նոր Քահանայապետի ընտրութիւնը յայտարարող ծխնելոյզը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կարդինալական Պապընտիր դռնփակ ժողովը «Քոնքլավը» պիտի սկսի չորեքշաբթի 7 մայիսի կէսօրէն ետքը Սիքստինեան Մատրան մէջ եւ երէկ այս առնչութեամբ տեղի ունեցած ճեպազրոյցի մը ընթացքին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունի ի միջի այլոց նշեց` որ այդ ժողովին մասնակցելու համար տակաւին կը սպասուի ընտրող չորս կարդինալներու ժամանումը հռոմ, մինչ այլ երկու կարդինալներ արդեն տեղեկացուցին իրենց ժողովին մասնակցելու անկարելիութիւնը, առողջական պայմաններու բերումով` Ծիրանաւորներ Անթոնիօ Քանիզարէս Լլովերա, Վալենսիա քաղաքի երբեմնի Արքեպիսկոպոսը եւ Ժոն Նժուէ` Նայրոպի քաղաքի երբեմնի Մետրոպոլիտ Արքեպիսկոպոսը։
Ծխնելոյզը եւ վառարանները
Պրունին նշեց նաեւ որ` Քահանայապետի ընտրութիւնը յայտարարող ծխնելոյզը արդեն զետեղուած է Սիքստինեան մատրան տանիքին վրայ ու թէ Մատրան մէջ աշխատանքները կը շարունակուին, զայն պատշաճեցնելու համար, ժողովասրահի, ուր ինչպէս նշեցինք պիտի կայանայ կարդինալական պապընտիր ժողովը։
Ծխնելոյզը մեծ դերակատարութիւն ունի նոր Քահանայապետի ընտրութիւնը յայտարարելուն մէջ, արդարեւ այնտեղէն դուրս եկած ծուխէն է որ աշխարհը կ՛իմանայ եթէ կարդինալներուն քուէարկութիւնները հանգեցան արդիւնքի թէ ոչ։
Սպիտակ ու սեւ ծուխը
Իւրաքանչիւր քուէարկութենէ ետք, քուէաթերթիկները կը նետուին ու կ՛այրուին Սիքստինեան մատրան մէջ այս օրերուն զետեղուած երկու վառարաններէն մէկուն մէջ, որոնք առաջին անգամ օգտագործուեցան 1939 թուականի Քոնքլավի ժամանակ։ Եթէ ծուխը սեւ ելլէ Քուէարկութիւնը դատարկ ընթացած կը համարուի իսկ եթէ սպիտակ ելլէ կը նշանակէ` որ Եկեղեցին ունի Սուրբ Պետրոսի նոր յաջորդը, որ աւելի ուշ կը յայտնուի Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի կեդրոնական պատշգամէն։
Սիքստինեան մատուռը պապընտիր ժողովի վայր
Այս 26րդ անգամը պիտի ըլլայ, որ Քահանայապետը մը ընտրութիւնը պիտի կայանայ Սիքստինենան Մատրան մէջ։ Արդարեւ այդ ընտրութիւնը յաճախ բացի Սիքստինեան մատուրէն կատարուած է նաեւ այլուր եւ միմիայն 1996-ին է, որ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի ''Universi Dominci Gregis'' առաքելական սահմանադրութեամբ, Սիքստինեան Մատուրը ընտրուեցաւ ու հաստատուեցաւ որպէս «Քոնքլավի» պաշտօնական վայր, ուր մի քանի օրէն թափօրով մուտք պիտի գործեն Պապ ընտրելու իրաւունքով ծիրանաւորները եւ այնտեղ տեղի ունեցած Կարդինալ Ռանիերօ Քանդալամեսսայի խորհրդածութենէն ետքը, Քահանայապետական Ծիսական արարողութիւններու արարողապետին արտասանած «extra omnes - Բոլորդ Դուրս»ով, մատրան դռները կը «փակուին» եւ սկիզբ կ՛առնէ դռնփակ պապընտիր ժողովը։
Նախագահող կարդինալը
Կարդինալական պապընտիր դռնփակ ժողովները ընդհանրապէս կը նախագահուին կարդինալական դասի աւագերէցի կողմէ, որ այս պարագային Կարդինալ Ճովաննի Պաթթիսա Ռէն է, բայց Ան 80 տարեկան անց ըլլալով, իրաւունք չունի մասնակցելու ժողովին եւ ասոր համար է, որ ժողովը պիտի գլխաւորէ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, որպէս Կարդինալական դասի Եպիսկոպոսներու կարգի աւագերէց։
Քուէարկութիւնները
Առաջին օրը նախատեսուած է միայն մէկ քուէարկութիւն։ Երկրորդ, երրորդ ու չորրորդ օրը չորս քուէարկութիւններ, երկուքը առաւօտեան ու միւս երկուքը կէսօրէն ետքը։ Եւ եթէ մինչ այդ ծիրանաւորները չկարողանան նոր Քահանայապետը ընտրել հինգերորդ օրը յատկացուած է լռութեան, աղօթքի ու իրար միջեւ քննարկումներու։ Ապա վեցերորդ ու եօթներորդ օրերը եւս կը կատրաուին այլ չորս քուէարկութիւններ հուսկ այլ խորհրդածութեան ու լռութեան օր մը, եթէ կարելի չըլլայ ընտրել Քահանայապետը։
Վերջին Քահանայապետերու ընտրութիւնները
Վերջին վեց Քահանայապետերու ընտրութիւնները կատարուած են ամենաշատ ինը քուէարկութեամբ այս է պարագան Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետին, որ Սուրբ Պետրոսի յաջորդ ընտրուեցաւ 28 հոկտեմբեր 1958-ին, անոր յաջորդը` Պօղոս Զ, ընտրուեցաւ տեղի ունեցած վեցերորդ քուէարկութեան աւարտին, 21 Յունիս 1963-ին, այս երկու Ժողովներուն իր մասնակցութիւնը բերած է երանաշնորհ Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ Աղաճանեանը։ Յովհաննէս Պօղոս առաջին Քահանայապետը, որուն Քահանայապետութիւնը տեւեց միայն 33 օր, ընտրուեցաւ չորս քուէարկութիւններէ ետքը եւ անոր յաջորդը, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ, ընտրուեցաւ ութերորդ քուէարկութեան աւարտին, 16 հոկտեմբեր 1978-ին։ Պենետիկտոս ԺԶ-րդ ընտրուեցաւ չորրորդ քուէարկութեան աւարտին 19 ապրիլ 2005-ին, մինչ երջանկայիշատակ Ֆրանչիսկոս Պապին ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ հինգերորդ քուէարկութեան աւարտին 13 Մարտ 2013-ին։
Պատմութեան մէջ ամենակարճ ընտրութիւնը տեղի ունեցած է 1503-ին, ու տեւած է 10 ժամ` Յուլիոս Բ-ի ընտրութիւնը։ Իսկ ամենաերկարը եղած է 1271-ին Գրիգոր Ժ Քահանայապետի ընտրութիւնը, որ տեւած է, 31 ամիս եւ որուն փորձառութիւնէն մեկնելով է, որ Քահանայապետի ընտրութիւնը սկսած է կատարուիլ «Քոնքլավ»ի միջոցաւ, այսինքն բառացիօրէն, «բանալիով կղպուած», դռնափակ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
