Քոնքլավ` պատարագը, Սիքստինեան մատուռն ու պապընտիր ժողովը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի` 7 մայիս 2025-ը, Վատիկանի ու Սուրբ Աթոռի համար ու նեաւ տիեզերական եկեղեցւոյ ու համայն աշխարհին համար պիտի դառնայ յիշարժան օր մը, ի տես այդ օր սկիզբ առնող Սուրբ Պետրոսի 266րդ յաջորդի ընտրութեան պապընտիր ժողովին։
Արդարեւ հիմնուելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետի օրով 22 Փետրուար 1996-ին հրատարակուած Universi Dominici Gregis առաքելական սահմանադրութեան, նուիրուած Թափուր Աթոռին ու նոր Քահանայապետի ընտրութեան, Պապընտիր ժողովէն առաջ նախատեսուած է “pro eligendo Pontifice” - Քահանայապետի ընտրութեան համար աղերսական պատարագը, զոր տեղի պիտի ունենայ առաւօտեան ժամը 10-ին Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ նախագահութեամբ կարդինալական դասի աւագերէց Կարդինալ Ճովաննի Պաթթիսթա Ռէին ու մասնակցութեամբ համայն կարդինալական դասին։
Նոյն օրը համայն աշխարհին մէջ նախատեսուած են պատարագներ նոր Քահանայապետի ընտրութեան դիտաւորութեամբ։
Իսկ կէսօրէն ետքը ժամը 4,30ին բոլոր կարդինալները կ՛ուղղուին Առաքելական Պալատի Պօղոսեան մատուռ, որտեղէն գլխաւորութեամբ կարդինալական դասի աւագերէցին թափորով կ՛ուղղուին Սիքստինեան մատուռ, անոնց կ՛ընկերանայ նաեւ այն եկեղեցականը՝ այս պարագային Կարդինալ Ռանիերօ Քանթալամեսսան, որ եղած է Քահանայապետական Տան երբեմնի քարոզիչը, որ ընտրուած է ընթերցելու երկրորդ խորհրդածութիւնը ընտրող Կարդինալներուն համար «այն ծանր պարտականութեան մասին` որ կը ծանրանայ անոնց վրայ եւ անհրաժեշտութեան մասին՝ գործելու տիեզերական Եկեղեցւոյ իրական օգուտին համար, solum Deum prae oculis habentes» (նախաբան 52)։
Սիքստինեան մատուռ ժամանելուն ընտրող կարդինալները կը գրաւեն իրենց վերապահուած աթոռները եւ աւագերէցը սկիզբ կու տայ «Եկ սուրբ Հոգի» շարականին, որուն կը հետեւի յատուկ աղօթքը, որմէ ետքը իւրաքանչիւր Ծիրանաւոր կ'արտասանէ Առաքելական Սահմանադրութեան նախաբանի թիւ 53 պարբերութեամբ նախատեսուած՝ երդման բանաձեւը։ Երդման արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ նախ հաւաքական ապա անհատական ձեւով։
Երդման արարողութեան աւարտին Քահանայապետական Ծիսակատարութիւններու Արարողապետը այս պարագային Գերապ. Տիեկօ Ճովաննի Ռավելլին կ'արտասանէ «extra omnes»ը -բոլորդ դուրս- որով կը հրաւիրէ ընտրող Կարդինալներէն բացի ամէն ոք դուրս ելլելու Սիքստինեան Մատուռէն, ուր ընտրող Կարդինալներէն բացի, այնտեղ կը մնան Արարողապետը ինքը եւ եկեղեցականը՝ որ ընտրուած էր ընթերցելու երկրորդ խորհրդածութիւնը, որուն աւարտին ան եւս Արարողապետին հետ միասին դուրս կու գան Մատուռէն։
Այսպիսով բացումը կը կատարուի Պապընտիր Կարդինալական ժողովին որուն սկիզբը ընտրող Կարդինալները, Քոնքլավի Սրբազան Արարողութեան Կանոնով կ՛արտասանեն նախատեսուած աղօթքները հուսկ Քոնքլավը նախագահող Աւագ Կարդինալը, այս պարագային Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, ներկաներուն հարց կու տայ եթէ գոյութիւն ունին քննարկուելիք այլ նիւթեր ու կամ կարելի է արդէն սկսիլ ընտրութիւններ։
Մինչ այդ բոլոր անոնք որոնք Սիստինեան մատուռէն դուրս կը գտնուին իրենց հայեացքները կը կեդրոնացնեն այդ մատրան տանիքին վրայ զետեղուած ծխնելոյզին վրայ, որ աշխարհին պիտի աւետէ քուէարկութիններուն արդիւնքը` սեւ մուխով եթէ անոնք ոչ մէկ արդիւնքի հանգեցան իսկ սպիտակ մուխով եթէ Ծիրանաւորները ընտրեցին Սուրբ Պետրոսին յաջորդը, որ այս պարագային պիտի հանդիսանայ Կաթողիկէ Տիեզերական Եկեղեցւոյ 267-րդ Քահանայապետը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
