Որոնել

2025.05.18 Celebrazione Eucaristica per lâ  Inizio del Ministero Petrino del Vescovo di Roma Leone XIV

Լեւոն ԺԴ.-ի խաղաղութեան կոչերը ի նպաստ Կազայի, Միանմարի եւ Ուքրանիոյ

Ֆրանչիսկոս Պապը մեզի կ՛ընկերանայ Երկինքէն։ «Մինչ Մարիամին կը յանձնենք Հռոմի Եպիսկոպոսի, Տիեզերական Եկեղեցւոյ Հովիւի առաքելութիւնը, Պետրոսի Նաւէն նայինք Անոր` Աստղ Ծովու, Մայր Բարի Խորհրդոյ, որպէս յոյսի նշան։ Անոր բարեխօսութեամբ հայցենք խաղաղութեան պարգեւը, տառապողին համար թիկունք ու մխիթարութիւն, եւ մեզի բոլորիս համար շնորհքը` ըլլալու Յարուցեալ Տիրոջ վկաները»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 18 Մայիսին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ Պետրոսեան առաքելութեան պաշտօնական սկիզբի պատարագի աւարտին, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը նոյն վայրէն արտասանեց Ուրախ Լեր Թագուհի Մարեմեան աղօթքը որմէ առաջ սակայն շնորհակալական ողջոյնի խօսք ուզեց յղել համայն աշխարհէն ժամանած բոլոր հաւատացեալներուն, բազմաթիւ Երկիրներու պաշտօնական պատուիրակութիւններու անդամներուն, Եկեղեցիներու ու այլ Կրօններու ներկայացուցիչներուն, յատուկ ողջոյն մը ուղղելով այս օրերուն Հռոմի մէջ իրենց Յոբելեանի ուխտագնացութիւնը կատարող «Եղբայրութիւններու» անդամներուն, որ ըսաւ Ան «վառ կը պահեն ժողովրդական ջերմեռանդութեան մեծ ժառանգութիւնը»։

Ֆրանչիսկոս Պապը մեզի կ՛ընկերանայ Երկինքէն

Քահանայապետը նշեց ապա` թէ պատարագի ժամանակ զգաց «Ֆրանչիսկոս Պապի հոգեւոր ներկայութիւնը , որ Երկինքէն մեզի կ՛ընկերանայ» եւ յիշեց երէկ Ֆրանսայի Շամպերի քաղաքին մէջ Երանելի հռչակուած Camille Costa de Beauregard քահանան, որ «ապրեցաւ 19-րդ դարու աւարտի եւ 20-րդ դարու սկիզբի ժամանակ՝ ըլլալով մեծ հովուական բարեգործութեան վկան»։

Խաղաղութեան կոչ

Քահանայապետը յիշեց հուսկ պատերազմէն տառապող բոլոր եղբայրներն ու քոյրերը, Կազայի մէջ վերապրած մանուկները, ընտանիքները, ու տարեցները «որոնք կը տառապին սովէն», ինչպէս նաեւ Միանմարը ուր «երիտասարդ կեանքեր կը խորտակուին» եւ Ուքրանիան` որ «կը սպասէ արդար ու մնայուն խաղաղութեան բանակցութիւններուն»։

Դառնանք Յարուցեալ Տիրոջ վկաները

«Մինչ Մարիամին կը յանձնենք Հռոմի Եպիսկոպոսի, Տիեզերական Եկեղեցւոյ Հովիւի առաքելութիւնը, Պետրոսի Նաւէն նայինք Անոր` Աստղ Ծովու, Մայր Բարի Խորհրդոյ, որպէս յոյսի նշան։ Անոր բարեխօսութեամբ հայցենք խաղաղութեան պարգեւը, տառապողին համար թիկունք ու մխիթարութիւն, եւ մեզի բոլորիս համար շնորհքը` ըլլալու Յարուցեալ Տիրոջ վկաները» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը որ ապա հրապարակի վրայ գտնուող 200 հազար հաւատացեալներու հետ միասին աղօթեց Մարեմեան աղօթքը, որուն աւարտին բոլորին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/05/2025, 12:22

«Թագուհի Երկնից» աղօթքը, Լատին Եկեղեցւոյ մարեմեան չորս կցուրդներէն մին է (միւս կցուրդներն են՝ «Մայր Փրկչին», «Ողջոյն Թագուհի Երկնից» եւ «Ողջոյն Թագուհի»)։

1742 թուականին, Բենեդիկտոս ԺԴ. քահանայապետ նշանակած է, թէ «Թագուհի Երկնից» աղօթքը պէտք է կատարուէր յոտնկայս, զատկական ժամանակամիջոցին մէջ՝ Զատիկի կիրակիէն մինչեւ Պենտեկոստէ, «Հրեշտակ Տեառն» աղօթքի տեղ, որպէս նշան յաղթութեան մահուան վրայ։
Այս աղօթքը, Հրեշտակ Տեառնի նման կը կատարուի օրը երեք անգամ՝ այգաբացին, կէսօրին եւ մայրամուտին՝ օրը նուիրելու համար Աստուծոյ եւ Աստուածածնի։
Այս հին կցուրդը յառաջ եկած է բարեպաշտ աւանդութենէ մը, 6-10 դարերուն, մինչ անոր տարածումը կատարուած է 13րդ դարու առաջին կէսէն սկսեալ, երբ մուծուած է ֆրանսական ժամագրքին մէջ։ Ան բաղկացած է չորս փոքր յանգատողերէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կʼաւարտի «Ալէլուիա» կանչով։ Այդ աղօթքով, հաւատացեալները կը դիմեն Մարիամի՝ Երկնքի Թագուհիին, անոր հետ ուրախանալով Քրիստոսի Յարութեան համար։
2015 թուականի ապրիլի 6ին, Զատիկի յաջորդ օրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը երբ կʼաղօթէր Թագուհի Երկնից աղօթքը, խորհուրդ տուաւ հաւատացեալներուն թէ ի՛նչ պէտք է ըլլայ սրտի կեցուածքը երբ կʼարտասանենք այս աղօթքը։
«Կը դիմենք Մարիամի, զայն հրաւիրելով որ ուրախանայ, որովհետեւ Ան, զոր Մարիամ իր արգանդին մէջ կրեց, յարութիւն առաւ, ինչպէս խոստացած էր, եւ մեր անձերը կը վստահինք Մարիամի բարեխօսութեան։ Իրականին, մեր ուրախութիւնը Մարիամի ուրախութեան ցոլացումն է, որովհետեւ Ան է որ պահպանեց եւ հաւատքով կը պահպանէ Յիսուսի կեանքին եղելութիւնները։ Հետեւաբար այս աղօթքը արտասանենք զաւակներու յոյզերով, որոնք կʼուրախանան, որովհետեւ իրենց մայրը ուրախ է։»

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >