Որոնել

Լեւոն ԺԴ Պապին լանջախաչը Լեւոն ԺԴ Պապին լանջախաչը 

Սուրբ Օգոստինոսի եւ անոր մօր՝ Մոնիքայի մասունքները Լեւոն ԺԴ Պապին լանջախաչին մէջ

Լեւոն ԺԴ Պապին լանջախաչին մէջ պահուած ոսկորներուն բեկորները կը պատկանին սրբութեան վկաներուն, որոնք կապուած Օգոստինեան միաբանութեան հետ եւ կը մարմնաւորեն հաւատարմութիւն, բարեփոխում, ծառայութիւն եւ նահատակութիւն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Լեւոն ԺԴ քահանայապետին լանջախաչին մէջ պահուած են Օգոստինեան միաբանութեան սուրբերուն կապուած մասունքները՝ Սուրբ Օգոստինոսի, անոր մօր՝ Մայր Մոնիքայի, Սուրբ թովմաս Տա Վիլլաովայի, երանելի Անսէլմօ Փոլանքոյի եւ Աստուծոյ ծառայ Ճուզէփփէ Պարթոլոմէօ Մենոքիոյին մասունքները։ Այս մասունքները ընտրուած են Ակոսթինեան միաբանութեան ընդհանուր խնդրարկու, Ժօզէֆ Շիպեռաս կողմէ՝ որպէս նոր Կարդինալ Ռոպէր Փերվոսթի նուէր, արժէքներ որոնք ներկայացուած են վերոյիշեալ սուրբերուն տիպարով ։

Սուրբ Օգոստինոսի ոսկորներուն բեկորը կը յիշեցնէ ներքինութեան կարեւորութիւնը եւ Աստուծոյ որոնումը հաւատքի ու բանականութեան միջոցաւ՝ Եկեղեցւոյ մեծ հօր Հիմնարար ուսմունքները։ Մայր Մոնիքայի մասունքները կ՝ընդգծեն մօր եւ որդիի միջեւ կապը՝ անսասան հաւատքի խորհրդանիշ, մինչդեր միւս սուրբերուն օրհնեալ մասունքները կը վկայեն քրիստոնէական կեանքի մասին, որ նուիրուած է ծառայութեան, բարեփոխումներուն եւ վկայութեան մինչեւ նահատակութիւնը։ Լանջախաչին նուէրը ուղեկցուած է իսկութեան մագաղաթով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/05/2025, 14:18