Որոնել

Սիքստինեան մատուռի ծխնելոյզէն ժամը 11,51-ին անգամ մը եւս սեւ ծուխ բարձրացաւ

Նոր Քահանայապետը տակաւին չէ ընտրուած
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սիքստինեան մարտան մէջ կայացած` Պապընտիր դռնփակ ժողովը - Քոնքլավը – որ սկիզբ առաւ երէկ` 7 Մայիսին կէսօրէն ետքը ժամը 4,45-ի ժամանակները, «Extra omes» ի այսինքն «բոլորդ դուրս»ի յայտարարութեամբ, մասնակցութեամբ Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով 133 Ծիրանաւորներու, այսօր` 8 մայիսի առաւօտեան գումարեց իր երկրորդ նիստը։

Սիքստինեան մատուռի ծխնելոյզէն այսօր եւս, ժամը 11,51-ին, երկրորդ անգամ ըլլալով սեւ ծուխ բարձրացաւ, նշանակելու համար , որ Նոր Քահանայապետը տակաւին չէ ընտրուած։ 

Արդարեւ երէկ երեկոյեան երեք ժամ տեւած ժողովէ մը ետք Ծիրանաւորները չկարողացան հանգիլ նոր Քահանայապետի մը ընտրութեան, եւ այս մէկը ազդարարուեցաւ երեկորեան ժամը ինին Սիքստինեան մատուռի ծխնելոյզէն դուրս եկած սեւ ծուխով։

Այսօրուայ օրակարգը սկսաւ առաւօտեան կանուխ ժամը 7,45-ին երբ Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով բոլոր կարդինալները Սանթա Մարթայի պանդոկէն փոխադրուեցան Առաքելական Պալատ ուր Պօղոսեան Մատրան մէջ, որ կը գտնուի Սիքստինեան մատուռի կողքին, տեղի ունեցաւ պատարագը եւ գոհաբանական աղօթքը, որուն Սիքստինեան մատրան մէջ հետեւեցաւ Ժամասացութիւնը հուսկ Ծիրանաւորները կատարեցին երկրորդ ու երրորդ քուէրակութիւնը, որոնց աւարտին սակայն այս օրերուն աշխարահռչակ դարձած Սիքստինեան մատուռի ծխնելոյզէն երկրորդ անգամն ըլլալով բարձրացաւ սեւ ծուխը եւ ոչ թէ այնքան սպասուած սպիտակ ծուխը, մինչ Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած էին գրեթէ 15 հազար հաւատացեալներ։ 

Ժողովական կարդինալները առ այդ փոխադրուեցան Տոմուս Սանթա Մարթա ու կէսօրուայ դադարէն ետքը, իրենց աշխատանքները կը վերսկսին 15,45-ին, դարձեալ փոխադրուելով Առաքելական Պալատի Սիքստինեան Մատուռ, ուր քուէարկութիւններու արարողակարգը կը վերսկսի 16,30-ին։

Յայտնենք որ Քոնլքավի այսինքն պապընտիր դռնփակ ժողովի բոլոր ժամանակահատուածի ընթացքին, պապընտիր սոյն ժողովներուն մասնակցող բոլոր կարդինալներուն արգիլուած է որեւէ կապ հաստատել դուրսի աշխարհին հետ, մինչեւ նոր Քահանայապետի ընտրութիւնը։

Արդարեւ անոնք ոչ միայն Սիքստինեան Մատուռի փակարանին մէջ կը պահպանեն գաղտնութիւնը այլեւ Սանթա Մարթայի պանդոկին մէջ ուր դուրսէն ոչ մէկը կարող է մտնել բացի անոնցմէ որոնք աշխատանքի բերումով պէտք է այնտեղ գտնուին եւ որ իրենց կարգին հաւատարմութեան ու գաղտնապահութեան երդում կատարեցին անցեալ երկուշաբթի 5 մայիսի կէսօրէն ետքը ժամը հինգին, Առաքելական Պալատի առաջին յարկը գտնուող Պօղոսեան Մատրան մէջ, եւ այս մէկը այնպէս ինչպէս նախատեսուած է` Թափուր Աթոռի ժամանակը եւ Քահանայապետի ընտրութեան գորխընթացքը սահմանող  Universi Dominici Gregis առաքելական սահմանադրութեան մէջ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/05/2025, 11:51