Համագործակցինք Լեւոն ԺԴ․ Քահանայապետին հետ՝ մեր նպաստը բերելով «Սուրբ Պետրոսի Գանձանակին»
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
«Պապի Բարեգործութեան Օրը», որ կը նշուի Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս Առաքելապետերու տօնին առիթով Յունիս 29-ի ամէնէ մօտ կիրակի օրը, այս տարի կը զուգատիպի ճիշտ այդ օրուան, եւ նպաստաւոր հնարաւորութիւն է աշխարհի բոլոր մարդկանց համար՝ «Սուրբ Պետրոսի Գանձանակին» նուիրատուութեան միջոցաւ օգնելու Սրբազան Քահանայապետի քայլերուն՝ յանուն տիեզերական Եկեղեցւոյ ծառայութեան իր առաքելութեան մէջ։
«Սուրբ Պետրոսի Գանձանակին» նուիրատուութիւնը 29 Յունիսին, բայց նաեւ տարուայ մէջ ցանկացած այլ օր, հաղորդութեան եւ մասնակցութեան առարկայական քայլ մըն է օգնելու Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Պապին՝ Աւետարանը հռչակելու, խաղաղութիւնը խթանելու եւ քրիստոնէական գթասիրութիւնը տարածելու առաքելութեան մէջ։
Այս նախաձեռնութեան աջակցելու համար Սուրբ Աթոռի Տնտեսութեան Քարտուղարութիւնը եւ Հաղորդակցութեան Վերատեսչութիւնը պատրաստած են բազմատեղեկատուական նիւթեր, որոնք առաւել մանրամասն կերպով կը բացատրեն անոր իմաստը։
Կատարէ՛ այժմ քու նուիրատուութիւնդ
IT: https://www.obolodisanpietro.va/it/dona.html
ENG: https://www.obolodisanpietro.va/en/dona.html
ES: https://www.obolodisanpietro.va/es/dona.html
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
