Որոնել

Քրիստոսն է մեր յոյսը` Անոր երթանք. Լեւոն ԺԴ.

Սիրելի՛ եղբայրներ և քոյրեր, կեանքին մէջ կան հիասթափութեան և յուսահատութեան պահեր, ինչպէս նաև կայ մահուան փորձառութիւն։ Սորվինք այդ կնոջմէ, այդ հօրմէ` երթանք Յիսուսին մօտ. Ան կարող է բուժել մեզ, կարող է մեզ վերածնիլ տալ։ Ինքն է մեր յոյսը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր. Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի` 25 Յունիս 2025-ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը գլխաւորեց նախատեսուած ամարային դադարէն առաջ յունիս ամսուայ վերջին հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աշխարհի տարբեր վայրերէն ժամանած հազարաւոր ուխտաւորներ։

Արդարեւ յառաջիկայ Յուլիս ամսուայ ընթացքին կը դադրին Նորին Սրբութեան առանձնական ու հաւաքական պաշտօնական ունկնդրութիւնները ներառեալ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնները որոնք կը վերսկսին 30 Յուլիսին։

Այսօր եւս Սրբազան Պապը շարունակեց Յոբելենական տարւոյն ընթացքին նախատեսուած «Յիսուս Քրիստոս մեր Յոյսը» վերտառութեամբ խորհրդածութիւններու շարքը, որուն ծիրէն ներս մտածականը կեդրոնացուց Յիսուսի բուժումներուն վրայ «որպէս յոյսի նշան».

Պէտք է դիմակայել իրականութիւնը

«Մեր ժամանակներուն մէջ շատ տարածուած հիւանդութիւն է կեանքի յոգնածութիւնը. իրականութիւնը կը թուայ չափազանց բարդ, ծանր, որ դժուար է դիմակայել։ Եւ այսպէս մենք կ՜ անջատուինք, կը քնանանք, այն պատրանքով, որ երբ արթննանք, ամէն ինչ տարբեր պիտի ըլլայ։ Սակայն պէտք է դիմակայել իրականութիւնը և կարող ենք այդ մէկը ընել լաւապէս Յիսուսին հետ», ըսաւ Լեւոն ԺԴ. մատնանշելով Մարկոս Աւետարանիչի մէկ հատուածին (Mc 5,21-43). «ուր իրարու միջեւ կը միահիւսուին երկու պատմութիւններ` տասներկու տարեկան աղջիկը որ հիւանդ պառկած է անկողնին մէջ ու մահացու է եւ տասներկու տարիներէ ի վեր արիւնահոսութենէ տառապող կինը` որ Յիսուսը կը փնտռէ բուժուելու համար»։

Մեռած աղջիկը եւ արիւնահոսութենէ տառապող կինը

«Իգական այս երկու պատկերներու միջեւ Աւետարանիչը կը դնէ փոքրիկ աղջկան հօր կերպարը- որ տունը չի մնար բողոքելով աղջկան հիւանդութեան համար այլ դուրս կու գայ օգնութիւն հայցելու եւ թէեւ ժողովարանի ղեկավարն է, ան պահանջներ չի ներկայացնէր իր սոցիալական դիրքի հետեւանքով։ Եւ երբ սպասելու կարիքը կայ ան չի կորսնցնէր համբերութիւնը ապա երբ կու գան անոր ըսելու որ աղջիկը մեռաւ եւ անիմաստ է անհանգստացնել Վարդապետը Ան կը շարունակէ հաւատք եւ յոյս ունենալ» նշեց Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով, որ Յիսուսի ու այդ հօր միջեւ երկխօսութիւնը կ՛ընդհատուի արիւնահոսութենէ տառապող կնոջմէ, որ Յիսուսին մօտենալով կը դպչի անոր վերարկուին։

«Այս կինը մեծ յանդգնութեամբ որոշում առաւ կեանքը փոխել ... մինչ ամէնքը անոր կ՛ըսէին որ հեռու մնար .... զայն դատապարտելով մնալ մեկուսացած եւ թաքնուած» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով որ մենք եւս կարող ենք դառնալ ուրիշներու դատումին զոհերը, որոնք կը փորձեն մեզի հագցնել զգեստ մը, որ մերը չէ։ Եւ այդ ժամանակ մենք ալ մենք մեզ վատ կը զգանք ու չենք կարող դուրս գալ այդ իրավիճակէն» Այս կինը կ՛առնէ փրկութեան ճամբան երբ անոր մէջ կը բուսնի հաւատքը` որ Յիսուս կարող է զայն բուժել....եւ դպչելով անոր վերարկուին կը բուժուի։

«Աղջիկս, քու հաւատքդ քեզ փրկեց, գնա խաղաղութեամբ»

Մի գուցէ այսօր եւս շատ մը անձինք կը մօտենան Յիսուսի մակերեսային կերպով առանց իրապէս հաւատալու Անոր զօրութեան։ Մենք կը քալենք մեր եկեղեցիներու մակերեսի վրայէն, բայց գուցէ մեր սրտերը այլուր են։ Այս կինը՝ լուռ և անանուն, յաղթահարեց իր վախերը՝ իր հիւանդութեան պատճառով անմաքուր համարուող ձեռքերով դպչելով Յիսուսի սրտին։ Եւ այդ ժամանակ ԱՆ անմիջապէս ինքզինք բուժուած զգաց։ Յիսուս անոր կ՜ըսէ. «Աղջիկս, քու հաւատքդ քեզ փրկեց, գնա խաղաղութեամբ» (Մարկոս ​​5։34):

«Աղջիկը չէ մեռած կը ննջէ».

Մինչ այդ հօր կը բերեն լուրը, որ աղջիկը մեռած է։ Յիսուս անոր կ՜ըսէ. «Մի վախնար միայն հաւատք ունեցիր»։ Ապա կ՛երթայ անոր տունը եւ տեսնելով, որ բոլորը կու լային եւ կ՛ողբային կ՛ըսէ. «Աղջիկը չէ մեռած կը ննջէ». Հուսկ կը մտնէ անոր սենեակը ձեռքէն կը բռնէ եւ կ՛ըսէ. «Թալիթա Քում – Աղջիկս արթնցիր» եւ աղջիկը կ՛արթննայ ու կը սկսի քալել։

Իսկական մահը հոգիին մահն է

«Յիսուսի այդ ժեստը մեզի ցոյց կու տայ, որ Ան ոչ միայն կը բուժէ ամէն հիւանդութենէ, այլեւ կ՛ արթնացնէ մահէն։ Աստուծոյ համար, որ յաւիտենական կեանք է, մարմնի մահը քունի նման է։ Իսկական մահը հոգիի մահն է եւ մենք պէտք է որ անորմէ վախնանք», ըսաւ Լեւոն ԺԴ այլ մէկ նկատողութիւն մը ներկայացնելով այն է` թէ Յիսուս աղջկան յարութիւն տալէն ետքը անոր ծնողներէն կը խնդրէ, որ անոր կերակուր տան։

Երթանք Յիսուսին մօտ. Ան կարող է բուժել մեզ

«Ահա Յիսուսին մեր մարդկութեան մօտ ըլլալու այլ մէկ շատ գործնական նշան» ըսաւ Քահանայապետը անոր տալով աւելի խոր իմաստ մը ու հրաւիրելով մենք մեզի հարց տալու. «երբ մեր երեխաները ճգնաժամի մէջ ըլլան և հոգևոր սնունդի կարիք ունին, գիտե՞նք արդեօք, այս մէկը տալ անոնց։ Եւ ինչպէ՞ս կարող ենք այդ մէկը ընել, եթէ մենք չենք սնուած Աւետարանով»։

Սիրելի՛ եղբայրներ և քոյրեր, կեանքին մէջ կան հիասթափութեան և յուսահատութեան պահեր, ինչպէս նաև կայ մահուան փորձառութիւն։ Սորվինք այդ կնոջմէ, այդ հօրմէ` երթանք Յիսուսին մօտ. Ան կարող է բուժել մեզ, կարող է մեզ վերածնիլ տալ։ Ինքն է մեր յոյսը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/06/2025, 09:46

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >