Որոնել

Կազա, Պաղեստին, պատերազմ Կազա, Պաղեստին, պատերազմ  (AFP or licensors)

Լեւոն ԺԴ. Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեաներուն. «Դուք Պապին եւ ողջ եկեղեցւոյ սիրտին մէջ կը գտնուիք»

Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին, Լեւոն ԺԴ Պապ խաղաղութեան կոչ ըրաւ իր ցաւը յայտնելով Կազայի մէջ Սուրբ Ընտանիք ժողովրդապետութեան դէմ Իսրայէլի յարձակումի զոհերուն համար։ Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեաներուն քահանայապետը իր մօտիկութիւնը յայտնեց ըսելով « Դուք Պապին եւ ողջ եկեղեցւոյ սիրտին մէջ կը գտնուիք»։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի, 20 յուլիսին, Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը զօրաւոր կոչ ուղղեց նշելով, որ «Այս օրերուն Մերձաւոր Արեւելքէն, մասնաւորապէս Կազայէն կը շարունակուի ողբերգական լուրեր հասնիլ»։ Նորին Սրբութիւնը ապա իր խոր տխրութիւնը յայտնեց ի լուր Կազայի մէջ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Սուրբ Ընտանիք ժողովրդապետութեան դէմ Իսրայէլի բանակի կողմէ կատարուած ռմբակոծումին ըսելով. «Ինչպէս գիտէք, անցեալ հինգշաբթի օր յարձակումի հետեւանքով զոհուեցան երեք անձեր եւ շատեր ծանր կերպով վիրաւորուեցան։ Կ՝աղօթեմ զոհերուն համար, Սաատ Իսսա Քոսթանտի Սալամէ, Ֆումիա Իսսա Լաթիֆ Այյատի, Նայվա Իպրահիմ Լաթիֆ Ապու Տաուտի համար եւ մասնաւորապէս մօտիկ եմ անոնց ընտանիքներուն եւ ժողովրդապետութեան հաւատացեալներուն»։ Քահանայապպետը ապա դիտել տալով, որ այդ յարձակումի գործողութեան վրայ ցաւօք կ՝աւելնայ Կազայի մէջ խաղաղ բնակչութեան եւ պաշտամունքի վայրերուն դէն զինուորական յարձակումները ըսաւ.

«Կրկին կոչ կ՝ընեմ, որ անմիջապէս դադրի պատերազմի վայրագութիւնը եւ լուծել հակամարտութիւնը խաղաղ կերպով ու կը հրաւիրեմ միջազգային ընտանիքը պաշտպանելու մարդկային իրաւունքը եւ յարգելու քաղաքացիական բնակչութիւնը պաշտպանելու պարտաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ հաւաքական պատիժի, ուժի անխտիր կիրառման եւ բնակչութեան հարկադիր տեղահանման արգելքը»։

Նորին Սրբութիւնը ապա իր խօսք ուղղեց Մերձաւոր Արեւեքի քրիստոնեաներուն ըսելով. «Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեաներուն կ՝ըսեմ, որ ես կը կիսեմ ձեր զգացողութիւնը, որ այս ողբերգական իրավիճակի մէջ քիչ բան կարող ենք կատարել։ Դուք կը գտնուիք Պապին եւ ողջ Եկեղեցւոյ սիրտին մէջ։ Շնորհակալ եմ ձեր հաւատքի վկայութեան համար։ Թող Սուրբ Կոյս Մարիամը՝ Արեւելքի կինը, պատմութեան մէջ ծագած նոր Արեւի արշալոյսը ձեզ պաշտպանէ եւ առաջնորդէ աշխարհը դէպի խաղաղութեան արշալոյսը»։

Նորին Սրբութիւնը կոչը եզրափակեց ողջունելով եկեղեցական տարբեր շարժումներու երիտասարդները, հաւատացեալները, ուխտաւորները ու նշեց, թէ Քասթել Կանտոլֆոյին մէջ երկու շաբաթ ապրելէ ետք, մի քանի օր վերջ պիտի վերադառնայ Վատիկան ապա շնորհակալութիւն յայտնելով հիւրընկալութեան համար բոլորին մաղթեց բարի կիրակի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/07/2025, 13:29