Որոնել

2025.08.13 Udienza Generale

«Մի՞թէ ես եմ»։ Սէրը, որ կը փրկէ ճշմարտութեան մէջ. Հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւն

Նախ քան Պօղոս Զ անուան սրահ մուտք գործելը Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց սրահէն դուրս գտնուող հաւատացեալները խօսք տալով որ դարձեալ պիտի հանդիպին ունկնդրութենէն ետքը։ Ան ապա Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ գտնուող հաւատացեալները ողջունելով նշեց` թէ այսօր ունկնդրութիւնը պիտի կատարուի տարբեր վայրերու մէջ` այստեղ, դուրսը, պազիլիքայի մէջ եւ այս մէկը «հեռու մնալու համար արեւէն եւ ծայրայեղ տաքէն» ապա շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց համբերութեան համար
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի` 13 օգոստոս 2025-ին Լեւոն ԺԴ Սրբազան Պապը Հռոմի մէջ տիրող սաստիկ տաքի բերումով Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը գլխաւորեց Վատիկանի Պօղոս Զ. անուան դահլիճին մէջ, բազմահազար հաւատացեալներու ներկայութեամբ, որոնցմէ շատեր չկարողանալով տեղ գտնել վերոնշեալ դահլիճին մէջ, որ կարող է հիւրընկալել գրեթէ վեց հազար անձ, կարողացան ունկնդրութեան հետեւիլ Սուրբ Պետրոս հրապարակին եւ Վատիկանի այլ մէկ հրապարակին վրայ զետեղուած պաստառներու միջոցաւ։

Սրբազան Պապը կ՜ողջունէ հաւատացեալները
Սրբազան Պապը կ՜ողջունէ հաւատացեալները   (@Vatican Media)

Նախ քան Պօղոս Զ անուան սրահ մուտք գործելը Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց սրահէն դուրս գտնուող հաւատացեալները, խօսք տալով որ դարձեալ պիտի հանդիպին ունկնդրութենէն ետքը։ Ան ապա Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ գտնուող հաւատացեալները ողջունելով նշեց` թէ այսօր ունկնդրութիւնը պիտի կատարուի տարբեր վայրերու մէջ` այստեղ, դուրսը, պազիլիքայի մէջ եւ այս մէկը «հեռու մնալու համար արեւէն եւ ծայրայեղ տաքէն» ապա շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց համբերութեան համար ու հրաւիրեց շնորհակալութիւն յայտնել Աստուծոյ` կեանքի գեղեցիկ, լաւ եղանակի եւ անոր բոլոր օրհնութիւններուն համար»։

Նորին Սրբութիւնը վերոնշեալ խօսքերը արտասանեց երեք լեզուներով անգլերէն, սպաներէն եւ իտալերէն, ապա շարունակելով Յիսուսի կեանքի մասին խորհրդածութիւնները Ան մեկնաբանեց վերջին ընթրիքի պահուն տեղի ունեցած դրուագը` երբ Յիսուս տասներկուին կը յայտնէ թէ անոնցմէ մին զինք պիտի դաւաճանէ. «Ճշմարիտ կ՛ըսեմ ձեզի ձեզմէ մէկը պիտի մատնէ զիս» (Մարկոս 14,18), ըսաւ Յիսուս։

Պօղոս Զ անուան դահլիճ
Պօղոս Զ անուան դահլիճ   (@Vatican Media)

«Ճշմարիտ կ՛ըսեմ ձեզի ձեզմէ մէկը պիտի մատնէ զիս»

«Զօրեղ բառեր բայց Յիսուս զանոնք չ՛արտասաներ դատապարտելու համար այլ ցոյց տալու թէ որքանով սէրը, երբ իսկական է, չի կրնար զանց ընել ճշմարտութիւնը» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. ակնարկելով թէ ինչպէս Վերնատան մէջ յանկարծակի կերպով կը տիրէ ցաւալի լռութիւն, «ցաւ` որ մենք եւս լաւապէս կը ճանչնանք երբ մեր ամենասիրելի յարաբերութիւններուն մէջ մուտք կը գործէ դաւաճանութեան ստուերը» յարեց Քահանայապետը։

«Յիսուս ձայնը չի բարձրացնէր, Ան Յուդային անունը չի տար, այլ կը խօսի այնպիսի ձեւով` որ իւրաքանչիւրս կարողանայ հարցաքննել ինքզինք եւ այդ է այն ինչ որ կը պատահի աշակերտներուն. «Անոնք տխրութեամբ համակուած, մէկը միւսէն ետք կը հարցնէին. Մի՞թէ ես եմ» (Մարկոս 14,19), աւելցուց Սրբազան Պապը դիտել տալով, որ այս հարցումը ամենէ անկեղծ հարցումներէն մին է, զոր մենք կարող ենք ուղղել մենք մեզի։

Քահանայապետին ողջոյնը հաւատացեալներուն
Քահանայապետին ողջոյնը հաւատացեալներուն   (@Vatican Media)

Յիսուս չի դատապարտեր նուաստացնելու համար։ Ան ճշմարտութիւնը կ՛ըսէ, որովհետև կ՛ուզէ փրկել

«Անիկա անմեղին հարցումը չէ այլ աշակերտինը` որ ինքզինք կը բացայայտէ դիւրաբեկ. Յանցաւորին աղաղակը չէ, այլ շշուկը անոր` որ սիրել ցանկանալով հանդերձ գիտէ, որ կարող է ցաւ պատճառել։ Ահա այս գիտակցութեան մէջ է, որ կը սկսի փրկութեան ճանապարհը» հաստատեց Լեւոն ԺԴ. աւելցնելով, որ «Յիսուս չի դատապարտեր նուաստացնելու համար։ Ան ճշմարտութիւնը կ՛ըսէ, որովհետև կ՛ուզէ փրկել»։ Եւ փրկութիւնը կը սկսի ճիշտ այն պահուն երբ կը ճանչնանք չարը, ոչ որպէս վերջնական դատապարտում, այլ որպէս վերածնունդի կարելիութիւն։

Չի ժխտել չարը այլ զայն ճանչնալ որպէս ցաւալի առիթ, որպէսզի վերածնինք

«Աշակերտներուն ցաւը զայրոյթ չէ այլ տխրութիւն...եւ եթէ այս տխրութիւնը անկեղծօրէն ընդունուի` ան կը դառնայ վայր դարձի։ Աւետարանը մեզի չի սորվեցնէր ժխտել չարը այլ զայն ճանչնալ որպէս ցաւալի առիթ, որպէսզի վերածնինք» նշեց Քահանայապետը ակնարկելով Յիսուսի այլ մէկ նախադասութեան, «որ մեզի մտածել կու տայ». «Վայ այն մարդուն, որուն ձեռքով Մարդու Որդին պիտի մատնուի։ Այդ մարդուն համար աւելի լաւ էր եթէ երբեք ծնած չըլլար (Մարկոս 14,21)»։

Հրապարակային ունկնդրութիւն
Հրապարակային ունկնդրութիւն   (@Vatican Media)

Մենք վարժուած ենք դատել սակայն Աստուած կ՛ընդունի տառապիլ

«Խիստ բառեր են ասոնք, ըսաւ Սրբազան Պապը, բայց պէտք է, որ լաւապէս հասկցուին։ Անոնք անէծք մը չեն այլ ցաւալի ճիչ մը։ Մենք վարժուած ենք դատել սակայն Աստուած կ՛ընդունի տառապիլ։ Երբ Ան տեսնէ չարը վրէժը չի լուծեր այլ կը ցաւի եւ այդ «աւելի լաւ էր այդ մարդուն` որ ծնած չըլլար», խօսքը վերջնական դատապարտում մը չէ այլ ճշմարտութիւն մը` զոր մեզմէ իւրաքանչիւրս կարող է ճանչնալ. Եթէ մենք ուրանանք մեզ ստեղծած սէրը, եթէ զայն դաւաճանելով մենք անհաւատարիմ դառնանք մենք մեզի հանդէպ, այդ ժամանակ մենք իսկապէս կը կորսնցնենք աշխարհ գալու իմաստը և մենք մեզ կը զրկենք փրկութենէն» ըսաւ ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը եւ աւելցուց.

Հրապարակային ունկնդրութիւն
Հրապարակային ունկնդրութիւն   (@Vatican Media)

Հաւատքը չի խնայեր մեզ մեղքի կարելիութենէն բայց մեզի կը նուիրէ ելքի ճամբայ մը

«Բայց եւ այնպէս ճիշտ այդ ամենախաւար պահուն մէջ լոյսը չի մարիր. Ընդհակառակը կը սկսի փայլիլ։ Որովհետեւ եթէ մենք ճանչնանք մեր սահմանափակումները ու թոյլ տանք, որ Քրիստոսի ցաւը մեզի դպչի, այդ ժամանակ կարող ենք դարձեալ ծնիլ։ Հաւատքը չի խնայեր մեզ մեղքի կարելիութենէն բայց մեզի միշտ ալ կը նուիրէ ելքի ճամբայ մը` ողորմութեան ճամբան» եղան Լեւոն ԺԴ. խրախուսական խօսքերը մատնանշելով նաեւ` թէ «Յիսուս չի գայթակղիր մեր դիւրաբեկութիւններուն դիմաց» եւ թէ «Ան գիտէ որ ոչ մէկ բարեկամութիւն զերծ է դաւաճանութեան սպառնալիքն։ Բայց կը շարունակէ վստահիլ։ Կը շարունակէ սեղան նստիլ իրեններուն հետ։ Չի հրաժարիր հացը բեկանելէ զինք դաւաճանողին հետ. Այս է Աստուծոյ լռելեան ուժը` Ան երբեք չի լքեր սիրոյ սեղանը նոյնիսկ երբ ինք գիտակից է թէ առանձին պիտի մնայ»։

Հրապարակային ունկնդրութիւն
Հրապարակային ունկնդրութիւն   (@Vatican Media)

Անկեղծութեամբ հարց տանք «Միթէ՞ ես եմ»

Եղբայրներ եւ քոյրեր, մենք եւս այսօր կարող ենք անկեղծութեամբ հարց տալ. «Միթէ ես եմ», որպէսզի մեր սրտին մէջ բանանք ճշմարտութեան համար տարածք։ Փրկութիւնը կը սկսի գիտակցութիւնէն, եւ յոյսը կը կայանայ ճիշտ այն գիտակցութեան մէջ թէ « նոյնիսկ եթէ կարող ենք ձախողիլ, Աստուած մեզ չի լքեր։ Նոյնիսկ եթէ կարող ենք դաւաճանել զինք, ինք չի դադրիր մեզ սիրելէ։ Եւ եթէ թոյլ տանք` որ այս հեզ, վիրաւոր բայց միշտ ալ հաւատարիմ սէրը մեզի դպչի այդ պահուն մենք կարող ենք իսկապէս վերածնիլ ու վերսկսիլ ոչ թէ դաւաճաններու այլ սիրուած զաւակներու կեանք մը» ըսաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ. աւարտելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/08/2025, 10:19

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >