Որոնել

2025.08.27 Udienza Generale

Ոչ մէկը կարող է մեզմէ խլել ազատօրէն սիրոյ համար նուիրուած կեանքը. Լեւոն ԺԴ.

Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը շարունակելով խորհրդածել Յոբելենական այս տարուան որպէս նիւթ ընտրուած «Յիսուս Քրիստոս մեր յոյսը» նիւթի մասին, անդրադարձաւ Յիսուսի կեանքէն Ձիթենեաց պարտէզին մէջ տեղի ունեցած ձերբակալութեան դրուագին, որ «կը նշէ Յիսուսի չարչարանքներուն սկիզբը» ըսաւ Ան եւ ցոյց կու տայ Յիսուսին ազատ սէրը մեր նկատմամբ։ «Յիսուս ձերբակալութեան զոհ չէ, այլ պարգևի հեղինակ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի` 27 օգոստոս 2025-ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը, Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գլխաւորեց Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը, որուն առիթով ներկայացուցած խորհրդածութիւնը դարձեալ կեդրոնացուց Յոբելենական այս տարուան որպէս նիւթ ընտրուած «Յիսուս Քրիստոս մեր յոյսը» նիւթին վրայ, անդրադառնալով Յիսուսի կեանքէն Ձիթենեաց պարտէզին մէջ տեղի ունեցած ձերբակալութեան դրուագին, որ «կը նշէ Յիսուսի չարչարանքներուն սկիզբը» ըսաւ Ան։

Յիսուս ազատ եւ յանդուգն մարդ

«Յովհաննէս աւետարանիչը իր սովորական խորութեամբ Յիսուսը չի ներկայացնէր որպէս վրդոված, որ փախուստ կու տայ կամ կը պահուըտի։ Ընդհակառակը մեզի ցոյց կու տայ ազատ մարդ մը, որ յանդուգն կերպով խօսք կ՛առնէ, դէմ առ դէմ կանգնելով այն ժամին, որուն մէջ կը յայտնուի ամենամեծ սիրոյ լոյսը» յարեց Քահանայապետը եւ մէջբերեց աւետարանական հատուածին մանրամասնութիւնները. «Յիսուս իմանալով թէ ի՞նչ պիտի պատահէր իրեն առաջացաւ եւ հարցուց անոնց. Ո՞վ կը փնտռէք» (Յովհ. 18,4)։

Յիսուս ձերբակալութեան զոհ չէ, այլ պարգևի հեղինակ

«Յիսուս գիտէ բայց ետքայլ չի կատարէր։ Կը յանձնուի ոչ թէ տկարութեան համար այլ սիրոյ։ Այնքան լեցուն եւ հասուն սէր մը, որ չի վախնար մերժումէն... Յիսուս ձերբակալութեան զոհ չէ, այլ պարգևի հեղինակ։ Այս ժեստը կը մարմնաւորէ մեր մարդկութեան փրկութեան յոյսը՝ գիտակցելով, որ նոյնիսկ ամենամութ ժամին մենք կարող ենք ազատ մնալ սիրելու լիարժէքութեամբ» ըսաւ Լեւոն ԺԴ.։

Քրիստոնէական յոյսը, փախուստ տալ չէ այլ որոշում

«Առ այդ Յիսուս կը պատասխանէ. «Ես եմ» եւ այս ընելով Ան կը բացայայտէ որ Աստուծոյ ներկայութիւնը կը յայտնուի ճիշտ այնտեղ, ուր մարդկութիւնը կը փորձարկէ անարդարութիւնը, վախը, առանձնութիւնը։ Ճիշտ այնտեղ է, որ իսկական լոյսը պատրաստ է շողալու առանց վախնալու յառաջացող խաւարէն» նշեց Քահանայապետը բացատրելով, որ «գիշերուայ սրտին մէջ, երբ ամէն բան կը թուայ քանդումի ենթարկուիլ, Յիսուս մեզի ցոյց կու տայ, որ քրիստոնէական յոյսը, փախուստ տալ չէ այլ որոշում» եւ «այս վերաբերմունքը պտուղն է խոր աղօթքի մը, որով Աստուծմէ կը հայցուի ոչ թէ զերծ մնալ տառապանքէն այլ ուժն ունենալ յարատեւելու սիրոյ մէջ, այն գիտակցութեամբ, որ ոչ մէկը կարող է մեզմէ խլել ազատօրէն սիրոյ համար նուիրուած կեանքը»

Սիրոյ համար կեանքը կորսնցնելը ձախողութիւն չէ

«Եթէ զիս կը փնտռէք թողուցէք ասոնք որ երթան». (Յովհ. 18,8). Իր ձերբակալութեան պահուն Յիսուս չի մտահոգուիր ինքզինք փրկելու այլ փափաքն ունի միայն, որ րի բարեկամները կարողանան ազատ օրէն հեռանալ եւ այս ցոյց կու տայ` որ անոր զոհաբերումը սիրոյ իսկական արարք մըն է։

Յիսուս իր կեանքին իւրաքանչիւր օրը ապրեցաւ որպէս պատրաստութիւն այս ողբերգական պահուն եւ ասոր համար է, որ Ան, երբ այդ ժամը հասաւ, ուժն ունեցաւ փախուստի ճամբայ մը չփնտռելու։ Անոր սիրտը լաւապէս գիտէ, որ սիրոյ համար կեանքը կորսնցնելը ձախողութիւն չէ, այլ խորհրդակիր պտղաբերութիւն։ Նման մանանեխի հատիկին, որ ճիշտ գետին իյնալով, միայնակ չի մնար, այլ կը մեռնի եւ շատ արդիւնք կու տայ։

Նոյնիսկ ամենաանարդար տառապանքներուն մէջ կը թաքնուի նոր կեանքի մը ծիլը

Յիսուս եւս կը մտահոգուի դէպի մահ տանող ճանապարհի մը դիմաց, բայց Ան համոզուած է, որ միայն սիրոյ համար կորսուած կեանք մը, ի վերջոյ ինքզինք կը գնտէ։ Ահա ասոր մէջ է իսկական յոյսը` ոչ թէ ցաւէն խուսափիլ այլ հաւատալ` որ նոյնիսկ ամենաանարդար տառապանքներուն մէջ կը թաքնուի նոր կեանքի մը ծիլը։

«Իսկ մե՞նք» հարց տուաւ Քահանայապետը, քանի՞ անգամ կը պաշտպանենք մեք կեանքը. մեր ծրագիրները, մեր ապահովութիւնները առանց անդրադառնալու, որ այդպէս ընելով մենք միայնակ կը մնանք։ Աւետարանի տրամաբանութիւնը տարբեր է. Միայն ան` որ կը նուիրուի, կը ծաղկի, միայն ձրի դարձած սէրը կարող է վստահութիւն տանիլ այնտեղ` ուր ամէն ինչ կորսուած կը թուայ։

Մեր մեղքերն ու մեր տատամսումները արգելք մը չեն Աստուծոյ համար

Մարկոսի Աւետարանը մեզի կը պատմէ նաև երիտասարդի մը մասին, որ, երբ Յիսուսը կը ձերբակալեն, մերկ կը փախչի (Մարկոս ​​14։51): Ասիկա առեղծուածային պատկեր մըն է, բայց խորապէս յուզիչ: Մենք ալ նոյնպէս, փորձելով հետևել Յիսուսին, կ՛ապրինք պահեր, երբ անակնկալի կու գանք ու կը մերկանանք մեր վստահութիւններէն: Ասոնք ամենադժուար պահերն են, երբ մենք փորձուած ենք թողուլ Աւետարանի ուղին, քանի որ մեզի համար սէրը կը թուայ անկարելի ճանապարհորդութիւն: Այնուամենայնիւ, Աւետարանի աւարտին, ճիշտ այլ երիտասարդ մը կ՛ըլլայ, ան որ կիներուն կը հաղորդէ յարութեան աւետիսը, այլևս ոչ թէ մերկ, այլ սպիտակ զգեստ հագած:

Սա է մեր հաւատքին յոյսը. մեր մեղքերն ու մեր տատամսումները արգելք մը չեն Աստուծոյ համար, որ ներէ մեզի և մեզի վերադարձնէ ցանկութիւնը շարունակելու մեր ուղին, որպէսզի մենք կարող ըլլանք մեր կեանքը զոհաբերել ուրիշներուն համար։

Ամէն օր ընտրենք ազատօրէն սիրել

Եղբայրներ և քոյրեր, մենք ալ նոյնպէս սորուինք յանձնուիլ Հօր բարի կամքին, թոյլ տալով, որ մեր կեանքը ըլլայ մեր ստացած բարիքներուն պատասխանը։ Կեանքին մէջ պէտք չէ ամէն ինչ վերահսկողութեան տակ պահել։ Բաւական է որ ամէն օր ընտրենք ազատօրէն սիրել։ Այս է իրական յոյսը՝ գիտակցիլ, որ նոյնիսկ փորձութեան խաւարին մէջ Աստուծոյ սէրը մեզի կ՛աջակցի և թոյլ կու տայ, որ յաւիտենական կեանքի պտուղը հասուննայ մեր մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/08/2025, 10:21

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >