Որոնել

2025.08.06 Udienza Generale

Հրապարակային Ունկնդրութիւն. Այնտեղ` ուր սէրը պատրաստուած է, կեանքը կարող է իսկապէս ծաղկիլ. Լեւոն ԺԴ.

«Պատրաստուիլ կը նշանակէ տարածք ստեղծել մեր մէջ, նուազեցնելով մեր յաւակնութիւնները, չսպասելով, որ միւսը փոխուի, այլ մենք կատարելով առաջին քայլը։ Սուրբ Հաղորդութիւնը չի յիշատակուիր միայն խորանի վրայ, այլեւ առօրեայ կեանքին մէջ, ուր հնարաւոր է ամէն ինչ զգալ որպէս զոհաբերութիւն և փառաբանութիւն» ըսաւ ի միջի այլոց Լեւոն ԺԴ. զգուշացնելով պատրաստութիւնները չշփոթելու «պատրանքներու» հետ, որոնք մեզ կը շեղէն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, այսօր կը շարունակենք մեր յոբելենական ուղեւորութիւնը բացայայտելու Քրիստոսին դէմքը, որուն մէջ մեր յոյսը կը ձեւաւորուի եւ հաստատուն կը դառնայ». Այս խօսքերով է որ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը սկսաւ 6 օգոստոսի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան առիթով ներկայացուցած իր խորհրդածութիւնը, Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու մասնակցութեամբ։

Յիսուսի չարչարանքի, մահուան ու յարութեան խորհուրդը

Այսօր կը սկսինք խորհրդածելու Յիսուսի չարչարանքի, մահուան ու յարութեան խորհուրդի մասին, ըսաւ ապա Ան ու առաջարկեց խոկալ «պատրաստել» բառի մասին։ «Բառ` որ շատ պարզ է բայց կը պահպանէ քրիստոնէական կեանքի արժէքաւոր գաղտնիք մը» նշեց Սրբազան Պապը ակնարկելով Մարկոսի աւետարանին (Մարկ. 14,12) ուր աշակերտները Յիսուսին կը հարցնեն, «ու՞ր կ՛ուզես` որ երթանք ու պատրաստութիւններ տեսնենք, որպէսզի Զատիկը ուտես»։ Եւ Յիսուս անոնց կը պատասխանէ. «Գացէք քաղաք պիտի գտնէք մարդ մը ուսին վրայ ջուրի սափոր մը շալկած։ Հետեւեցէք իրեն եւ այն տունը, որ մտնէ ըսէք տանտիրոջ «Վարդապետը կը հարցնէ թէ ու՞ր է սրահը ուր Զատիկ պիտի ուտեմ աշակերտներուս հետ»։

Պատրաստել

«Ամէն ինչ կարծես պատրաստուած էր ու կանխատեսուած էր եւ Աւետարանը այս դրուագով մեզի կը յայտնէ` որ սէրը պատեհութեան մը պտուղը չէ, այլ գիտակից ընտրանքի մը արդիւնքը», ըսաւ Քահանայապետը աւելցնելով, որ «այս մէկը չի հայիր պարզ արձագանքի, այլ որոշումի մը, որ կը պահանջէ նախապատրաստութիւն։

«Յիսուս արդարեւ իր չարչարանքը չի դիմակայէր ճակատագրէն դրդուած, այլ մղուած հաւատարմութեան ուղիէ մը, որ Ան ընդունեցաւ քալել ազատութեամբ ու հոգատարութեամբ։ Մեզ մխիթարողը այն գիտակցութիւնն է, որ Անոր կեանքի պարգևը կու գայ խոր մտադրութիւնէ մը եւ ոչ թէ յանկարծակի ազդակէ» յարեց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով` որ այդ «Զատիկը ուտելու պատրաստ սրահը» մեզի կ՛ըսէ` թէ Աստուած միշտ ալ մեզ կը կանխէ եւ նոյնիսկ նախքան հիւրընկալութեան կարիքի կարօտ ըլլալու մեր անդրադառնալը,  Տէրը արդեն մեզի համար տարածք պատրաստած է, ուր կարող ենք ճանչնալ մենք զմեզ և մենք մեզ զգալ որպէս իրեն ընկերները։ Այս վայրը, վերջին հաշուով, մեր սիրտն է. «սենեակ» մը, որ կարող է դատարկ թուալ, բայց որ պարզապէս կը սպասէ որ ճանչցուի, լեցուի և պաշտպանուի» ըսաւ Քահանայապետը։

Շնորհքը չի վերացներ մեր ազատութիւնը, այլ կը վերարթնցնէ զայն

«Զատիկը, զոր աշակերտները պիտի պատրաստեն արդեն իսկ ներկայ է Յիսուսի սրտին մէջ։ Ան ամէն ինչ պատրաստած է ու մեզմէ կը խնդրէ, որ մեր բաժինը կատարենք եւ այս մէկը մեզի կը սորվեցնէ մեր հոգևոր կեանքի համար էական բան մը. «շնորհքը չի վերացներ մեր ազատութիւնը, այլ կը վերարթնցնէ զայն։ Աստուծոյ պարգևը չեղարկեր մեր պատասխանատուութիւնը, այլ զայն կը դարձնէ պտղաբեր»։

«Պատրաստուիլ կը նշանակէ տարածք ստեղծել մեր մէջ, նուազեցնելով մեր յաւակնութիւնները, չսպասելով, որ միւսը փոխուի, այլ մենք կատարելով առաջին քայլը։ Սուրբ Հաղորդութիւնը չի յիշատակուիր միայն խորանի վրայ, այլեւ առօրեայ կեանքին մէջ, ուր հնարաւոր է ամէն ինչ զգալ որպէս զոհաբերութիւն և փառաբանութիւն» ըսաւ ի միջի այլոց Լեւոն ԺԴ. զգուշացնելով պատրաստութիւնները չշփոթելու «պատրանքներու» հետ, որոնք մեզ կը շեղէն։

Պատրաստութիւնները կարելի կը դարձնեն հանդիպում մը

«Պատրանքները կը փնտռեն արդիւնք մը, պատրաստութիւնները կարելի կը դարձնեն հանդիպում մը» յարեց Ան ընդգծելով, որ իսկական սէրը նախնական պարգեւ մըն է որ չի հիմնուիր այն բանի վրայ թէ ի՞նչ պիտի ընդունի» ինչպէս ըրաւ մեր Տէրը Յիսուս։

«Այսօր եւս մենք հրաւիրուած ենք պատրաստելու Տիրոջ Զատիկը եւ իւրաքանչիւր ձրի արարք մը, նուիրուած ներում կամ համբերութեամբ ընդունուած յոգնութիւն մը, միջոց է պատրաստելու այն վայրը` ուր Աստուած կարող է բնակիլ» ըսաւ Քահանայապետը ու յորդորեց հարց տալ, թէ մենք ի՞նչ ձեւով կը պատրաստենք մեր կեանքին վայրերը ընկալելու համար Տէրը։

Ըլլանք Տիրոջ ներկայութեան խոնարհ պատրաստողները

«Ի՞նչ կը նշանակէ «պատրաստուիլ» ինծի համար այսօր։ Գուցէ հրաժարիլ պահանջէ մը, դադրիլ միւսին փոփոխութիւնը սպասելէ, ընել առաջին քայլը։ Գուցէ աւելի շատ ունկնդրել, աւելի քիչ գործել կամ սորուիլ վստահիլ արդեն իսկ ինծի համար պատրաստուածին», հարց ուղղեց Նորին Սրբութիւնը ու Տիրոջմէ հայցեց, որ «մեզի պարգեւէ շնորհքը` ըլլալու իր ներկայութեան խոնարհ պատրաստողները»։

«Եւ թող այս առօրեայի տրամադրութեան մէջ մեր մէջ եւս աճի այն անդորր վստահութիւնը, որ մեզի թոյլ կու տայ ամէն բան դիմագրաւելու ազատ սրտով, որովհետեւ այնտեղ ուր սէրը պատրաստուած է, կեանքը կարող է իսկապէս ծաղկիլ» ըսաւ Սրբազան Պապը աւարտելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/08/2025, 10:27

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >