Կրօնուսոյցը` կենդանի ձայնով վկայ մըն է, ներկայութիւն` որ առօրեային մէջ կը սերմանէ հաւատք. Լեւոն ԺԴ.
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի` 28 սեպտեմբեր 2025-ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Պապը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ նախագահեց կրօնուսոյցներու Յոբելենական ուխտագնացութեան եզրափակիչ պատարագը, որուն առիթով աշխարհի տարբեր վայրերէն ժամանած 39 աշխարհականներու շնորհեց կրօնուսուցման առաքելութիւնը անոնց յանձնելով նաեւ խաչ մը, որպէս իրենց յատուկ կոչումի նշան։
Հարուստ մարդը եւ աղքատ Ղազարոսը
Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Քահանայապետը մեկնաբանեց օրուան աւետարանը որ քաղուած էր Ղուկաս Աւետարանիչէն (Գլ 16,19-31), որուն մէջ Յիսուս կը պատմէ հարուստ մարդու մը ու աղքատ Ղազարոսին առակը։ Առաջինը` որ կ՜ապրէր շռայլութեան մէջ բայց անանուն, մինչ երկրորդը` վէրքերով լեցուն, որ անոր դրանը առջեւ դրուած էր։ Տէրը կը նայի մարդկանց սրտերուն, և Անոր աչքերով մենք կը ճանչնանք աղքատ մը և անտարբեր մէկ մը, ըսաւ Սրբազան Պապը ու հրաւիրեց բոլորը` աշխարհը դիտելու Աստուծոյ աչքերով, նշելով որ Աստուած կը յիշէ Ղազարոսին անունը, ու կը ճանչնայ իւրաքանչիւր մարդու արժանապատուինը ու մասնաւորապէս աղքատներունը ու բացառուածներունը։
«Քրիստոսին մեզի յանձնած պատմութիւնը դժբախտաբար շատ արդիական է» ըսաւ Սրբազան Պապը։
Այսօր հարստութեան դարպասներու մօտ կայ ամբողջ ժողովուրդի մը տառապանքը
«Այսօր հարստութեան դարպասներու մօտ կայ ամբողջ ժողովուրդներու տառապանքը, որոնք կը տանջուին պատերազմի և շահագործումներու պատճառաւ։ Դարերու ընթացքին, կարծես, ոչ մէկ բան փոխուած է. քանի՞ Ղազարոսներ այսօր կը մահանան արդարութիւնը անտեսող ժլատութեան, բարեգործութիւնը ոտնահարող շահոյթի, աղքատներու ցաւը անտեսող հարստութեան առջև» հարց տուաւ Քահանայապետը ու նշեց ` որ «Աւետարանը մեզի կը վստահեցնէ, որ Ղազարոսի տառապանքն աւարտ ունի»։
«Արդարեւ Անոր վիշտերը կ՛աւարտին այնպէս ինչպէս կ՛աւարտին հարուստ մարդու խրախճանքները և Աստուած արդարութիւն կ՛ ընէ երկուքին համար. «Աղքատ մարդը մահացաւ և հրեշտակները տարին զայն Աբրահամին գիրկը։ Հարուստը նոյնպէս մահացաւ և թաղուեցաւ»: «Եկեղեցին անխոնջ կը հռչակէ Տիրոջ այս խօսքը, որպէսզի ան դարձի բերէ մեր սրտերը» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. կոչ ուղղելով միասնական պատասխանատուութեան ու դատապարտելով հարստութիւնը որ դատարկ կը դարձնէ սիրտը եւ կը կուրացնէ տեսողութիւնը»։
Յարուցեալ Քրիստոսը հաւատքի կեդրոն
Ան ապա յղում կատարեց Ֆրանչիսկոս Պապի խօսքերուն, արտասանուած Ողորմութեան նուիրուած Յոբելենական տարւոյն առիթով` 2016-ին, վերահաստատելով` որ Յարուցեալ Քրիստոսը հաւատքի կեդրոնն է, ապա ակնարկեց աւետարանին մէջ պատմուած հարուստ մարդուն ու Աբրահամի միջեւ երկխօսութեան որով առաջինը Աբրահամէն կը խնդրէ Ղազարոսը ուղարկել աշխարհ որպէսզի համոզէ իր եղբայրները դարձի գալու։ Բայց Աբրահամ անոր կը պատասխանէ թէ անոնք որոնք չեն լսեր Սուրբ Գիրքին խօսքերը կարող չեն համոզուիլ նոյնիսկ յարութիւն առած մարդու մը վկայութեամբ։
«Աւետարանը մեզի կ՜ըսէ որ իւրաքանչիւրի կեանքը կարող է փոխուիլ, քանի որ Քրիստոսը յարութիւն առաւ մեռելներէն։ Այս իրադարձութիւնը ճշմարտութիւնն է, որ մեզ կը փրկէ. հետևաբար, պէտք է որ ճանչցուի և հռչակուի, բայց այս մէկը բաւարար չէ։ Ան պէտք է սիրուի» հաստատեց Քահանայապետը նկատել տալով որ իւրաքանչիւր կրօնուսոյց հրաւիրուած է այս ճշմարտութիւնը փոխանցելու կեանքով, նախ քան խօսքերով։
Կրօնուսոյցը, ըսաւ հուսկ Քահանայապետը կենդանի ձայնով վկայ մըն է, ներկայութիւն` որ առօրեային մէջ կը սերմանէ հաւատք, ընտանիքի, ժողովրդապետութեան ու համայնքէն ներս։
Ծնողները` առաջին կրօնուսոյցներ
«Առաջին կրօնուսոյցները մեր ծնողներն են, եւ երբ կայ դէմք մը, ձայն մը, արարք մը, որ կը տանի Քրիստոսին, ընտանիքը կը փորձարկէ Աւետարանին գեղեցկութիւնը» ըսաւ ի միջի աղլոց Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով վկայութեան եւ կրօնուսոյցներու առաքելութեան կարեւորութիւնը։
«Կրօնուսոյցները կ՜ընկերանան հաւատքի ուղեւորութեան եւ քրիստոնէականը ճանապարհորդութեան գործիքն է, որ մեզ կը պաշտպանէ անհատականութենէն որովհետեւ կը հաստատէ համայն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հաւատքը, ծառայելով արդարութեան եւ ճշմարտութեան, որ կը բնակի մարդուն խղճին մէջ» եղան Լեւոն ԺԴ. Պապին այլ արտայայտութիւնները, որոնցմէ ետք Ան յիշեց Սուրբ Օգոստինոսին խօսքերը `ուղղուած Տէոկրացիաս սարկաւագին. «Եթէ կ՜ուզես բարի կրօնուսոյց մը ըլլալ, ամէն բան ներկայացուր այնպէս որ քեզ ունկնդրողը հաւատայ, հաւատալով յուսայ եւ յուսալով սիրէ»։
Յոբելեանը ապաշխարութեան, ներումի ու խաղաղութեան եւ արդարութեան ի սպաս յանձնառումի ժամանակ
«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր մերը ընենք` այս հրաւէրը։ Ոչ մէկը կարող է տալ այնինչ որ չունի։ Եթէ Աւետարանին մէջ յիշատակուած հարուստ մարդը ողորմութիւն ցուցաբերեր Ղազարոսի նկատմամբ, Ան օգուտ պիտի տար ոչ միայն աղքատին, այլեւ ինքներն։ Եթէ այդ անանուն մարդը հաւատք ունենար, Աստուած պիտի փրկեր ցայն բոլոր տանջանքներէն» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը ու բոլորը հրաւիրեց Յոբելեանը ապրելու` որպէս ապաշխարութեան, ներումի ու խաղաղութեան եւ արդարութեան ի սպաս յանձնառումի ժամանակ, յիշեցնելով` որ միայն սէրը կարող է մեզ ազատել եսասիրութեան տանջանքէն եւ մեզի կը պարգեւէ յաւերժական բարքի յոյսը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
