«Լևոն ԺԴ. Արդարութիւնը առաքինութիւն է՝ ի սպաս ընդհանուր բարիքին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Շաբաթ` 20 սեպտեմբեր 2025-ի կէսօրին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ ունկնդրութիւն շնորհեց Արդարութեան Յոբելեանի մասնակիցներուն` դատաւորներ, դատախազներ, նոտարներ, դատարաններու վարչական գրասենեակներու մէջ աշխատողներ, համալսարաններու իրաւաբանական մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ, ընկերակցութիւններ, եւ անոնց ընտանեկան պարագաներուն։
Սուրբ Տարիներու պատմութեան մէջ այս առաջին անգամն է` որ տեղի կ՛ունենայ արդարութեան աշխարհին նուիրուած յոբելենական ձեռնարկ մը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին մօտ 100 երկիրներէ գրեթէ 15 հազար ուխտաւորներ։
Յոբելեանը մեզ բոլորս կը դարձնէ ուխտաւորներ
Վերոնշեալ այս Յոբելենական ուխտագնացութեան առիթով ներկաներուն ուղղած իր ճառին մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը ջերմ ողջոյնը մը ուղղեց բոլորին` անոնց փոխանցելով հոգևոր, բարոյական և սոցիալական ոգեկոչման ուժեղ պատգամ մը, ժամանակակից հասարակութիւններուն մէջ արդարութեան խոր նշանակութեան վերաբերեալ։
«Յոբելեանը մեզ բոլորս կը դարձնէ ուխտաւորներ, որոնք` վերագտնելով յոյսի նշանները, որ չի հիասթափեցնէր, կը ցանկան վերագտնել անհրաժեշտ վստահութիւնը Եկեղեցւոյ և հասարակութեան, միջազգային յարաբերութիւններու, իւրաքանչիւր մարդու արժանապատուութեան խթանման և արարչագործութեան նկատմամբ յարգանքի մէջ», ըսաւ Սրբազան Պապը մէջբերելով Յոբելենական Տարւոյն հռչակման կոնդակէն խօսքեր ու հրաւիրելով ներկաները միասին խորհրդածելու «արդարութեան» մասին, որպէս «գլխաւոր առաքինութիւն, որ կ՛ոգեշնչէ եւ կ՛ առաջնորդէ իւրաքանչիւր մարդու և կնոջ խիղճը»։
Արդարութիւնը Առաքինութիւն
Սրբազան Պապը առ այդ յիշեցուց, որ արդարութիւնը չի կրնար սահմանափակուիլ պարզ իրաւական մեխանիզմի մէջ կամ պաշտօնական ընթացակարգի մէջ։ Ան, առաջին հերթին, հիմնարար առաքինութիւն է, որ հիմնուած է բանականութեան և հաւատքի վրայ, որ կ՛ենթադրէ «անսասան կամքը` Աստուծոյ և մերձաւորին տալու այն ինչ, որ իրենց իրաւունքն է»։
Արդարութիւնը, ըսաւ Քահանայապետը, հիմնարար նշանակութիւն ունի սոցիալական համակեցութեան համար, քանի որ ան «կը համատեղէ` անհատի արժանապատուութիւնը, անոր ուրիշներու հետ յարաբերութիւնները և համակեցութեան համայնքային չափանիշը.... Հասարակական յարաբերութիւններու այս շրջանաձևութիւնը, որպէս կիզակէտ ունի իւրաքանչիւր մարդու արժէքը, որ պէտք է պահպանուի արդարութեան միջոցաւ՝....»
Աւետարանական արդարութիւնը
Ասկէ մեկնելով Լեւոն ԺԴ շեշտեց, որ արդարութիւնը պէտք է գերազանցէ զուտ իրաւական արդարութիւնը՝ խթանելով իրական հաւասարութիւն, որ թոյլ կու տայ բոլորին իրականացնելու իրենց ձգտումները և տեսնելու իրենց իրաւունքներու ճանաչումը: Ան կրկնեց, որ իսկական արդարութիւնը միայն ձևական չէ, այլ պէտք է լուծէ կառուցուածքային անհաւասարութիւնները, որոնք կը մերժեն այդ իրաւունքին հասանելիութիւնը:
Վերոնշեալ իր այս միտքը բացատրելու համար Նորին Սրբութիւնը յղում կատարեց Աւետարանական հատուածներու ինչպէս անարդար դատաւորի առակին կամ անառակ որդիին առակը ընդգծելու համար թէ ինչպէս աւետարանական արդարութիւնը կարողութիւնը ունի ներելու, բուժելու եւ հաշտեցնելու, շրջանցելով մաքուր օրինականութիւնը ընդունելու համար աւելի մարդկային և հոգևոր տեսլական։
Իսկական արդարութիւնը` ձգտումները իրականացնելու կարելիութիւն
«Չարը, ըսաւ Սրբազան Պապը, պէտք չէ միայն պատժուի, այլ վերանորոգուի, և այդ նպատակով անհրաժեշտ է խոր ուշադրութիւն դարձնել անհատներու բարեկեցութեան և ընդհանուր բարօրութեան։ Այս մէկը դժուար խնդիր է, բայց ոչ անհնար անոնց համար, որոնք, գիտակցելով, որ պէտք է աւելի պահանջկոտ ծառայութիւն մատուցեն, քան միւսները, նուիրուած են անբասիր կեանք մը վարելու»։ Ան ապա աւելցուց, որ «իսկական արդարութիւնը բոլորին տրուած այն կարելիութիւնն է իրականացնելու իրենց ձգտումները ու տեսնելու որ իրենց սեփական արժանապատուութիւնը բնորոշ իրաւունքները երաշխաւորուած են ընդհանուր և համատեղ օգտագործուող արժէքներու համակարգով, որ կարող է ոգեշնչել կանոններ և օրէնքներ, որոնց վրայ հիմնել հաստատութիւններու գործունէութիւնը»։
Մատնանշելով հուսկ արդարութեան մասին Սուրբ Օգոստինոսի խօսքերուն Քահանայապետը նշեց` որ անիկա կը պահանջէ կարողութիւն «մտածելու միշտ ճշմարտութեան եւ իմաստութեան լոյսին ներքոյ, եւ օրէնքը մեկնաբանելու ներթափանցելով անոր խորքը, զուտ ձևական չափումէն անդին, որպէսզի ըմբռնենք մեր սպասարկած ճշմարտութեան ներքին իմաստը»։
Անհատներու, ժողովրդի և պետութեան ծառայութիւն
«Երբ արդարութիւնը կը կիրառուի, մարդ ինքզինք կը դնէ անհատներու, ժողովրդի և պետութեան ծառայութեան տակ՝ լիակատար և մշտական նուիրումով...ու անոր մեծութիւնը ի յայտ կու գայ երբ կիրառուած է օրէնքին հաւատարմութեամբ և անհատի նկատմամբ յարգանքով» հաստատեց ի միջի այլոց Լեւոն ԺԴ. ապա մէջբերեց Երանութիւններէն «Երանի անոնց, որոնք ծարաւն ունին արդարութեան, որովհետեւ պիտի յագենան» Մատթէոսի աւետարանէն քաղուած երանութիւնը, խրախուսելով Արդարութեան Գործիչները պաշտպանելու կեանքը ու հիմնական իրաւունքները աշխարհի մը մէջ, որ յատկանշուած է ծանր անարդարութիւններով։
Ան ապա դարձեալ յղում կատարեց Սուրբ Օգոստինոսի խօսքերուն, որ կը հաստատէ թէ. «Պետութիւն մը` որուն մէջ չկայ արդարութիւն, Պետութիւն չէ» եւ ասկէ մեկնելով հրաւիրեց նորոգել յանձնառումը ի նպաստ իսկական արդարութեան մը, խոհեմ և չափաւոր, որ ըլլայ իսկապէս ժողովուրդի ի ծառայութիւն, հայեացքը ուղղելով դէպի Աստուած, որպէսզի իսկապէս յարգուի արդարութիւնը, իրաւունքը եւ մարդոց արժանապատւութիւնը։
Նորին Սրբութիւնը խօսքը եզրափակեց բոլորին շնորհելով իր օրհնութիւնները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
