Աւագ Շաբաթ օրուայ Խորհուրդը. Սէրը որ կ՛իջնէ մինչեւ դժոխք. Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի` 24 սեպտեմբեր 2025-ի առաւօտեան, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուան հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որուն առիթով շարունակեց Յոյսի տարուան նուիրուած խորհրդածութիւնները, որոնք կեդրոնացած են Յիսուսի կեանքին վրայ, այս անգամ եւս շարունակելով խօսիլ Աւագ Շաբաթ օրուայ խորհուրդի մասին։
Աստուած մեզ կը փնտռէ ամէնուրէք
«Այսօր եւս մենք կը խորհրդածենք Աւագ Շաբաթ օրուայ խորհուրդի մասին։ Սա Զատկական խորհրդի օրն է, երբ ամէն ինչ կը թուայ անշարժ ու լուռ, մինչդեռ իրականին մէջ տեղի կ՛ ունենայ փրկութեան անտեսանելի գործողութիւն. Քրիստոս կ՛իջնէ ստորգետնեայ աշխարհ՝ յարութեան աւետիսը հասցնելու բոլոր անոնց, որոնք կը գտնուին խաւարի և մահուան ստուերի մէջ» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. սկիզբ տալով խորհրդածութեան եւ հաստատելով` որ «բաւարար չէ ըսել կամ հաւատալ, որ Յիսուս մահացաւ մեզի համար. մենք պէտք է ճանչնանք, որ Անոր սիրոյ հաւատարմութիւնը մեզ փնտռեց այնտեղ, որտեղ մենք կորսնցուցած էինք մեր ճանապարհը, որտեղ կարող է մղուիլ միայն լոյսի ուժը, որ կարող է թափանցել խաւարի տիրապետութիւնը»։
Նորին Սրբութիւնը բացատրեց ապա` թէ «դժոխքը» աստուածաշնչական հասկացողութեամբ, միայն վայր մը չէ այլ նաեւ գոյութենական պայման եւ Քրիստոս մեզ կը փնտռէ նաեւ այդ անդունդին մէջ, «կը մտնէ մահուան տուն ազատելու համար անոր բնակիչները...ասիկա Աստուծոյ մը հեզութիւնն է, որ կանգ չ՛առներ մեր մեղքին դիմաց եւ վախ չունի մարդ արարածի մերժումէն»։
Դժոխքը ոչ միայն մահացածներու վիճակն է, այլեւ անոնց, որոնք մահը կ՛ապրին չարիքի և մեղքի պատճառով
Սրբազան Պապը ակնարկեց ապա «Նիքոտէմոսի» կոչուած ոչ կանոնական Աւետարանին, որուն համաձայն Աստուծոյ Որդին իջաւ ամենախաւար վայրերուն մէջ այնտեղ փնտռելու համար իր եղբայրներն ու քոյրերը ու անոնց տանելու իր լոյսը։
«Սիրելիներս, Քրիստոսի այս էջքը կը վերաբերի ոչ միայն անցեալին, այլ կը շօշափէ մեզմէ իւրաքանչիւրի կեանքը։ Դժոխքը ոչ միայն մահացածներու վիճակն է, այլեւ վիճակն է անոնց, որոնք մահը կ՛ապրին չարիքի և մեղքի պատճառով։ Անիկա նաև առանձնութեան, ամօթի, լքուածութեան և կեանքի պայքարի ամենօրեայ դժոխքն է։ Քրիստոս կը մտնէ այս բոլոր մութ իրականութիւններուն մէջ՝ մեզի վկայելու համար Հօր սէրը։ Ոչ թէ դատելու, այլ ազատագրելու։ Ոչ թէ մեղադրելու, այլ փրկելու։ Ան այս մէկը կ՛ընէ լուռ, ոտքի ծայրերու վրայ, ինչպէս մէկը, որ հիւանդանոցային սենեակ կը մտնէ՝ մխիթարութիւն և օգնութիւն առաջարկելու համար», ըսաւ Քահանայապետը ակնարկելով Եկեղեցւոյ Հայրերուն, որոնք այդ Էջքին մէջ կը նկարագրեն Քրիստոսի եւ Ադամի միջեւ հանդիպումը` որ խորհրդանիշն է Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ բոլոր կարելի հանդիպումներուն։
Աւագ Շաբաթ օրը` ժամանակն է, որուն մէջ` Զատկական լոյսը կը դպչի մարդկութեան պատմութեան իւրաքանչիւր անկիւնի
«Տէրը արդարեւ կ՛իջնէ այնտեղ` ուր մարդը պահուըտած է վախի պատճառաւ ու զայն կը կոչէ իր անունով, եւ ձեռքէն փռելով զայն կը տանի դէպի լոյսը» յարեց Սրբազան Պապը ակնարկելով արեւելեան խճանկարներուն ուր Քրիստոս նկարագրուած է մինչ կը կտրէ դժոխքի դարպասները, ու ձեռքը երկարելով կը բռնէ Ադամի եւ Եւայի դաստակները։
«Ասիկա Աստուծոյ մը պատկերն է որ յարութիւն չ՛առներ առանձին այլ իր հետ կը տանի համայն մարդկութիւնը» ըսաւ ի միջի այլոց Լեւոն ԺԴ. հաստատելով, որ Աւագ Շաբաթ օրը` ժամանակն է որուն մէջ` Զատկական լոյսը կը դպչի մարդկութեան պատմութեան իւրաքանչիւր անկիւնին։
«Արդարեւ չկայ այնքան աւերուած անցեալ, չկայ այնքան վարկաբեկուած պատմութիւն, որուն կարող չէ դպչիլ Անոր ողորմածութիւնը» շեշտեց Քահանայապետը դիտել տալով, որ Աստուծոյ համար «իջնելը» ճանապարհն է որուն միջոցաւ Ան մեզի ցոյց կու տայ թէ ոչ մէկ վայր այդքան ալ հեռու է, ոչ մէկ սիրտ այդքան ալ փակ եւ ոչ թէ գերեզման այդքան ալ փակուած է իր սիրոյն համար»։
Հետեւաբար Աւագ Շաբաթ օրը այն օրէն է երբ երկինքը կը դպչի երկրի ամենախոր կէտին, ցոյց տալով, որ ոչ մէկ պատմութիւն անդառնալի չէ։ Աստուծոյ ողորմութիւնը կը հասնի նոյնիսկ ամենամութ խորութեան մէջ եւ այդտեղէն է, ներսէն ու խորքէն որ Աստուած կը սկսի նոր արարչագործութիւնը։
Աւագ շաբաթ օրը լուռ ողջագուրումն է, որով Քրիստոս ամբողջ արարչագործութիւնը կը ներկայացնէ Հօր՝ զայն ընդգրկելու համար իր փրկութեան ծրագրին մէջ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
