Որոնել

Papa in piazza per udienza, fedeli fino a via Conciliazione

Քրիստոսին յարութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, որ ոչ մէկ անկում վերջնական է, ոչ մէկ գիշեր յաւերժական է. Լեւոն ԺԴ.

Յարուցեալին փափաքն է միայն դրսևորել իր ներկայութիւնը, ըլլալ մեր ուղեկիցը և մեր մէջ վառել այն վստահութիւնը, որ իր կեանքն աւելի ուժեղ է, քան ցանկացած մահ։ Հայցենք շնորհքը՝ ճանաչելու անոր խոնարհ և զուսպ ներկայութիւնը, չսպասելու փորձութիւններէն զերծ կյանգի, յայտնաբերելու, որ իւրաքանչիւր ցաւ, եթէ լեցուած լինի սիրով, կարող է դառնալ հաղորդութեան վայր։ Եւ այսպիսով, Էմմաւուսի աշակերտներուն նման, մենք նոյնացուես վերադառնանք մեր տուները՝ ուրախութիւնէ այրող սրտերով։
Ունկնդրէ լուրը

 

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Երբ ինք անոնց հետ սեղան նստաւ, հաց առաւ, օրհնեց ու կտրելով տուաւ անոնց։ Այն ատեն անոնց աչքերը բացուեցան ու զինք ճանչցան բայց Յիսուս աներեւութացած էր։ Իրարու կ’ըսէին. «Մեր սրտերը չէի՞ն ճմլուէր , երբ ինք մեզի հետ կը խօսէր ճամբուն վրայ եւ Սուրբ Գիրքը կը բացատրէր»։

Ղուկաս Աւետարանիչէն քաղուած Էմմաւուսի աշակերտներուն դրուագը պատմող սոյն հատուածը, առանցքը կազմեց Չորեքշաբթի` 8 Հոկտեմբեր 2025-ին,Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած  հրապարա«կային ունկնդրութեան խորհրդածութեան, զոր կեդրոնացուց Յոյսի Յոբելենական Տարւոյն առիթով ընտրուած «Յիսուս Քրիստոս մեր Յոյսը» նիւթին վրաղ եւ այսօր յատկապէս Յիսուսի Յարութեան մէկ երեւոյթի վրայ, որ է Անոր հեզութիւնը։

Բաժնեկցուած սեղանի լեզուն

«Յարութենէն ետք Տէրը չի յայտնուիր մեծ շուքով, չ՛արտասներ հանդիսաւոր ճառեր, այլ կը մօտենայ զգուշօրէն, Մարիամ Մագդաղենացին զայն այգեպան կը կարծէ, Եմմաւուսի աշակերն ալ զայն կ՛ընկալեն որպէս օտարական։ Պետրոս եւ միւս ձկնորսները կը կարծեն թէ անյայտ անցնող մըն է։ Մենք գուցէ կը սպասէյինք, որ Ան ցոյց տար ուժի նշաններ, անհերքելի ապացոյցներ: Բայց Տէրը այդ չի փնտռէր. Ան կը նախընտրէ մօտիկութեան, պարզութեան եւ բաժնեկցուած սեղանի լեզուն»:

Յիսուս աշակերտներուն կը հանդիպի խոնարհութեամբ անոնց համբերութեամբ ուսուցանելով` որ իր մահը խորհրդաւոր ճանապարհն է, որուն միջոցաւ մեզ փրկեց ու մեզի ցոյց տուաւ իր սէրը մեր հանդէպ։

«Անկախ թէ որքան հիասթափուած, անարժան կամ կորսուած զգանք մենք զմեզ, որքան ալ խոր ըլլայ մեր ցաւը, Տէրը կը ցանկայ ուղեկցիլ մեզի մեր ճանապարհորդութեան ընթացքին և սորվեցնել բացայայտելու մեր տառապանքի փրկարար իմաստը» ըսաւ հուսկ Քահանայապետը հրաւիրելով Տիրոջմէ հայցելու շնորհքը՝ ճանաչելու Անոր խոնարհ ներկայութիւնը և ուրախութեամբ ընդունելու կեանքի փորձութիւնները՝ սպասելով Անոր փառքով գալստեան»։

«Յարությունը իրադարձութիւններու ողբերգական շրջադարձ մը չէ, այլ լուռ կերպարանափոխութիւն. բացայայտում, որ մեր ամենասովորական ժեստերը կարող են դառնալ շնորհքի վայրեր», յարեց ի միջի այլոց Քահանայապետը դիտել տալով, թէ ինչպէս մենք յաճախ կը դժուարանանք ճանչնալ Տիրոջ ներկայութիւնը թէեւ Յարութիւն առած Քրիստոսը միշտ ալ կը քալէ մեր կողքին, նոյնիսկ երբ մենք հիասթափուած կամ յուսահատած ենք. մեր էութեան մէջ ոչ մէկ բան օտար է Անոր համար։

«Եղբայրներ և քոյրեր, Քրիստոսի յարութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, որ ոչ մէկ անկում վերջնական է, ոչ մէկ գիշեր յաւերժական է, ոչ մէկ վէրք դատապարտուած է յաւերժ բաց մնալու: Որքան ալ որ մենք մեզ զգանք հեռու, կորսուած կամ անարժան, չկայ որևէ հեռաւորութիւն, որ կարող է մարել Աստուծոյ սիրոյ անսպառ ուժը» ըսաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ. դիտել տալով` որ Տէրը համբերատար կը սպասէ, որ մեր աչքերը բացուին, ինչպէս Էմմաւուսի աշակերտներունը, որպէսզի մենք կարողանանք յայտնաբերել, որ մեր սրտերը արդեն կ՛այրին։ Մեր փորձութիւններու, յոգնութեան և կասկածներու մէջ ան վերստին կը վառէ յոյսին բոցը։

Յարուցեալին փափաքն է միայն դրսևորել իր ներկայութիւնը, ըլլալ մեր ուղեկիցը և մեր մէջ վառել այն վստահութիւնը, որ իր կեանքը աւելի ուժեղ է, քան ցանկացած մահ։ Հայցենք շնորհքը՝ ճանաչելու անոր խոնարհ և զուսպ ներկայութիւնը, չսպասենք փորձութիւններէն զերծ կեանք մը, յայտնաբերենք որ իւրաքանչիւր ցաւ, եթէ լեցուած է սիրով, կարող է դառնալ հաղորդութեան վայր։ Եւ այսպիսով, Էմմաւուսի աշակերտներուն նման, մենք նոյնպէս վերադառնանք մեր տուները՝ ուրախութիւնէ այրող սրտերով։ Պարզ ուրախութիւն, որ չի սրբեր վէրքերը, այլ լը լուսաւորէ զանոնք։ Ուրախութիւն, որ կը ծնի այն վստահութիւնէն, որ Տէրը կենդանի է, կը քալէ մեզի հետ և ամէն պահի հնարաւորութիւն կը տայ նորէն սկսելու։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/10/2025, 10:15

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >