Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը  (@VATICAN MEDIA)

Լեւոն ԺԴ. Պապին հանդիպումը չարաշահումի զոհերուն ու այդ չարիքի դէմ պայքարող խումբ մը անձնաւորութիւններուն հետ

Լեւոն ԺԴ. Պապը Վատիկանի մէջ ընդունեց »ECA Global»-ի տնօրէններու խորհուրդի վեց անդամներ, որ միջազգային մարդու իրաւունքներուն կազմակերպութիւն է, որ կը պայքարի աւելի մեծ աջակցութիւն ցուցաբերելու ու փոխհատուցում տալու չարաշահումի զոհերուն ու կը խնդրէ եկեղեցիէն նուիրուածութիւն եւ համագործակցութիւնը։ Լեւոն ԺԴ Պապին հետ հանդիպումը «պատմական եւ յոյս ներշնչող քայլ է դէպի աւելի մեծ համագործակցութիւն»։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ. Պապը Քահանայապետ ընտրուելէ յետոյ առաջին հանդիպումը ունեցաւ կղերականներուն կողմէ սեռային չարաշահումի ենթարկուած զոհերուն ու այդ չարիքի դէմ պայքարող միջազգային կազմակերպութեան անդամներուն հետ։

2025 թուականին յունիս 21ին, Քահանայապետը առաքելական պալատին մէջ ընդունեց ECA Global (Վերջ դնել հոգեւորականութեան կողմէ բռնութիւնը) անուան կազմակերպութեան անդամները, ընկերակցութիւն մը, որ կոչ կ՝ընէ եկեղեցւոյ «զերոյական հանդուրժողականութիւն» քաղաքականութեան։

Մօտաւորապէս մէկ ժամ տեւած՝ ECA- կազմակերպութեան կողմէ պատմական եւ յոյս ներշնչող որակուած հանդիպումը ծագած է ընկերակցութեան կողմէ Նորընտիր Պապի ուղղած նամակէն, որուն քահանայապետը տուած է դրական արձականք։ Ընկերակցութեան վարչութեան վեց անդամները, Լեւոն ԺԴ Պապին ներկայացուցին Իրենց «զերոյական հանդուրժողականութեան նախաձեռնութիւն» նախագիծը։

Հանդիպումի մասնակիցները Լեւոն ԺԴ Պապը նկարագրեցին որպէս «շատ բաց», «ջերմ», «խոնարհ» եւ լսելու մեծ ունակութեամբ օժտուած։ Քահանյապետը իր կարգին առաջարկեց երկխօսութիւն l'ECA-ի եւ Քահանայապետական անչափահասներուն Պաշտպանութեան յանձնաժողովին հետ, որ վերջերս հրապարակած է իր երկրորդ տարեկան զեկոյցը։

l'ECA-ի անդամները գոհունակութիւն յայտնեցին, այն իրողութեան համար որ լսուած զգացին Պապին կողմէ ու պարզաբանեցին որ իրենց նպատակը «բախում» չէ այլ «համեմատութիւն, թափանցիկութիւն եւ համատեղ աշխատելու պատրաստակամութիւն»՝ «արդարադատութեան» եւ «փոխհատուցման» հասնելու համար։

Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Փերույացի լրագրող Պետրոս Սալինաս, որ ինք ալ «Սոտալիչիօ» շարժումի կողմէ չարաշահումի զոհ է։ Սալինասը Քահանայապետին նուիրեց Իր «La verdad nos hizo libres» վերնագիրով հետաքննչական գիրքը, որ կը վերաբերի «Սոտալիչիօ» շարժումի չարաշահումի դէպքերուն, նիւթ մը որ լաւ յայտնի է Պապին, երբ միսիոներական եւ եպիսկոպոս էր Փերույի մէջ։

Maatthias Katsch կոչուած անձ մը նաեւ Քահանայապետին նուիրեց իր Damit es aufhört» գիրքը որ կը վերաբերի Գերմանիոյ մէջ չարաշահումի գայթակղութիւններուն ։ Ան ընդգծեց միջոցառումի կարեւորութիւն զայն անուանելով « որակական բարձր քայլ, քանի որ Քահանայապետին կողմէ առաջին հանդիպումը եղաւ ոչ թէ զոհերու հետ այլ զոհերուն կազմակերպութեան հետ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/10/2025, 11:28