Որոնել

Մարեմեան աղօթք. Վախ չունենանք ընդունելու մեր սխալները եւ ներում հայցելու Աստուծմէ. Լեւոն ԺԴ.

«Յիսուս, ըսաւ Սրբազան Պապը, մեզի կու տայ հզօր պատգամ մը. Մենք կը փրկուինք ոչ թէ մեր արժանիքները ցուցադրելով, ոչ ալ մեր սխալները թաքցնելով, այլ՝ մենք մեզ ներկայացնելով այնպէս ինչպէս որ ենք Աստուծոյ եւ ուրիշներու առջեւ ներողութիւն խնդրելով և Տիրոջ շնորհքին վստահելով»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

26 Հոկտեմբեր 2025-ին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ մատուցած պատարագէն ետքը, բարձրացաւ Առաքելական Պալատի իր գրասենեակ եւ գրասենեակի պատուհանէն, ժամը 12-ին, արտասանեց կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն առիթով ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան աւետարանին վրայ, որ քաղուած էր Ղուկաս Աւետարանիչէն (Ղուկ. 8,9-14) եւ կը խօսէր Փարիսեցիի եւ Մաքսաւորի առակի մասին։

Փարիսեցին եւ մաքսաւորը

Փարիսեցին ինքնահաճոյ կը խօսի իր բարի գործերու մասին եւ միւսները կը դատէ ամբարտաւանութեամբ, մինչդեռ մաքսաւորը՝ մեղաւոր և արհամարհուած, խոնարհութեամբ և անկեղծութեամբ կը ներկայանայ Աստուծոյ առջեւ՝ խնդրելով ներում։

Ներում ընդունելու համար մենք մեզ ներկայացնենք ինչպէս որ ենք

«Յիսուս, ըսաւ Սրբազան Պապը, մեզի կու տայ հզօր պատգամ մը. Մենք կը փրկուինք ոչ թէ մեր արժանիքները ցուցադրելով, ոչ ալ մեր սխալները թաքցնելով, այլ՝ մենք մեզ ներկայացնելով այնպէս ինչպէս որ ենք Աստուծոյ եւ ուրիշներու առջեւ ներողութիւն խնդրելով և Տիրոջ շնորհքին վստահելով»։

Ան ապա ակնարկեց Սուրբ Օգոստինոսի խօսքերուն որ փարիսեցին կը համեմատէ հիւանդի մը` որ իր վէրքերը կը թաքցնէ բժիշկին հպարտութեան բերումով եւ մաքսաւորը անոր` որ զանոնք ցոյց կու տայ որպէսզի բուժուի եւ ասկէ մեկնելով հրաւիրեց հաւատացեալները վախ չունենալու ընդունելու իրենց սխալները ու յանձնուելու Աստուածային ողորմութեան, որովհետեւ Երկնքի Թագաւորութիւնը կը պատկանի խոնարհներուն։

Աճինք ազնուութեան, ներումի եւ երախտագիտութեան մէջ

Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութիւնը աւարտեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանին, սրբութեան տիպարը, որպէսզի օգնէ բոլորին աճելու ազնւութեան, ներումի եւ երախտագիտութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/10/2025, 12:15

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >