Պատերազմի գործիքները իրենց տեղը թող զիջին խաղաղութեան գործիքներուն ի սպաս մնայուն խաղաղութեան. Լեւոն ԺԴ.
Վատիկան Նիուզ - Հայկական բաժանմունք
Կիրակի 19 Հոկտեմբերին, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ կայացած Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի եւ այլ վեց Երանելիներու Սրբադասման պատարագի աւարտին Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Պապը նախ քան իր վերջին օրհնութիւնը շնորհելը ողջունեց արարողութեան բոլոր ներկաները սկսեալ Պատրիարքներէն, Կարդինալական եւ եպիսկոպոսական դասերէն, կղերականներէն, Իտալիոյ եւ Լիբանանի նախագահներէն, Հայաստանի եւ Վենեզուելլայի, ինչպէս նաեւ բոլոր այլ պաշտօնական պատուիրակութիւններէն, «սրբութեան մեծ տօնակատարութեան» իրենց մասնակցութեան համար։
Նորին Սրբութիւնը ողջունեց նաեւ սրբադասուած Հիմնադրուհիներու հոգեւոր դուստրերը եւ նոր Սուրբերու շնորհապարգեւով ոգեշնչուած տարբեր համայնքները ու միութիւնները եւ աշխարհի տարբեր համայնքներէն ժամանած ուխտաւորները
Քահանայապետը յիշատակեց ապա Համաշխարհային Միսիոներական Օրը, որ կը նշուի այսօր, հաւատացեալներէն խնդրելով, որ աղօթեն բոլոր այն մարդոց համար, «որոնք ամէն ինչ ձգեցին՝ երթալու եւ Աւետարանը բոլորին հասցնելու համար։ «Անոնք յոյսի միսիոնարներ են մարդոց մէջ։ Թող Տէրը օրհնէ զանոնք» ըսաւ Քահանայապետը։
Լեւոն ԺԴ․ ապա մեծ ցաւով անդրադարձաւ Միանմարին, «որտեղէն եկող լուրերը տխուր են», ըսաւ Ան, քանի որ կը հաղորդեն շարունակուող զինուած բախումներու եւ օդային ռմբակոծումներու մասին, նաեւ «քաղաքացիական անձանց և ենթակառուցուածքներու վրայ» յարեց Նորին Սրբութիւնը ապա նորոգեց «անյապաղ ու արդիւնաւէտ հրադադարի» իր կոչը․ «Թող պատերազմի գործիքները իրենց տեղը զիջին խաղաղութեան գործիքներուն՝ ներառնական եւ կառուցողական երկխօսութեան միջոցաւ» հաստատեց Քահանայապետը։
Ան ապա յորդորեց աղօթել Տիրամօր եւ նոր Սուրբերուն՝ յանուն Սուրբ Երկիրի, Ուքրանիոյ եւ հակամարտութեան այլ վայրերու մէջ խաղաղութեան։ «Թող Աստուած բոլոր պատասխանատուներուն պարգեւէ իմաստութիւն եւ համբերութիւն որպէսզի յառաջանան որոնելով արդար եւ երկարատեւ խաղաղութիւն մը» յարեց Սրբազան Պապը ապա արտասանեց «Հրեշտակ Տեառն» Մարեմեան աղօթքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
