Վատիկանի Ոստիկանութեան նուիրուած պատարագ. Ծառայութիւն, հաւատք և վկայութիւն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Վատիկանի Ոստիկանութեան պաշտպան սուրբ` Սուրբ Միքայէլ Հրեշտակապետի տօնին առիթով, Վատիկանի պարտէզներու Լուրտի Տիրամօր քարայրին առջև տեղի ունեցաւ սուրբ պատարագ` զոր գլխաւորեց Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը, Կիրակի հինգ հոկտեմբերի երեկոյեան։
Արարողութեան ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ Քահանայապետը խրախուսեց ներկաները երբեք չամչնալու Քրիստոսի մասին վկայութիւն տալէ յղում կատարելով Պօղոս առաքեալի խօսքերուն. «Ուստի ամօթ մի՛ սեպեր մեր Տիրոջը վկայութիւնը» (2Տիմոթ 1,8)։
«Արդարեւ Յիսուսը վկայելն է` որ իմաստ կու տայ մեր ըրածին, այլապէս վտանգը կայ, որ մենք դառնանք մոխրագոյն, գաղջ ու առանց Աւետարանի համար բոցավառ սրտով քրիստոնեաներ» ըսաւ Սրբազան Պապը եւ խօսքը ուղղելով Ոստիկաններուն ընդգծեց` թէ իրենց աշխատանքը պարզ արհեստ մը չէ, այլ Եկեղեցւոյ բարօրութեան ի սպաս ծառայութիւն, որ կարող է եւ պէտք է արձագանգէ աւետարանական ոճ մը, առանց ամչնալու օրինակ դառնալէ ուրիշներուն համար։
«Նոյնիսկ լուռ և աննկատ ժեստերու միջոցաւ ոստիկանները կարող են ըլլալ Աւետարանի վկաներ», դիտել տուաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով քրիստոնէական ուժի, սիրոյ եւ խոհեմութեան առաքինութիւններուն` որոնք, ըսաւ Ան, բարի քրիստոնեայի մը առաքինութիւններ են ու նաեւ վատիկանի ոստիկանին առաքինութիւնները. «Դուք իշխանութիւն ունիք օրէնքի տակ, բայց ոչ թէ ուրիշներու վրայ տիրելու համար, սէր հանդէպ փոքրերու, բայց ոչ թէ իշխանութիւններուն հաճելի դառնալու համար, խոհեմութիւն գործելու մէջ, բայց ոչ թէ վախնալով ձեզի յանձնուած պարտականութիւններէն»։
Նորին Սրբութիւնը ապա խօսքը ուղղեց երիտասարդ ոստիկաններուն, որոնք վերջերս կատարեցին իրենց երդումը, ու նշեց` որ անոնց կատարած խոստումը լոկ բանաձեւ մը չէ, այլ ազատութեան եւ նուիրումի արարք, որ կը ներգրաւէ անոնց համայն կեանքը։
«Շնորհակալութիւն ձեր քաջութեան եւ տրամադրութեան զոր արտայայտեցիք հաւատարմութեամբ ծառայելով Սուրբ Աթոռին» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. հրաւիրելով ոստիկանները իրենցը ընելու Յիսուսի առաքեալներուն Տիրոջ ուղղուած խնդրանքը` «աւելցուր մեր հաւատքը»։
Քահանայապետը նշեց ապա թէ անոնց ծառայութիւնը քիչ տեսնուած է բայց շատ բան կ՛ընէ. Պարտականութիւն է կառուցելու անվտանգութիւն, կարգապահութիւն եւ յարգանք։ Այս մէկը կատարեցէք միասին, որպէս հաւաքական խումբ մը...ծառայութիւն է` որ ոչ միայն կը պաշտպանէ վայրերն ու անձերը, այլ կը ցոլացնէ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը, որ է Աւետարանի հռչակումը, յարեց ապա Սրբազան Պապը հուսկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ զինուորներու ընտանեկան պարագաներուն, «առանց որոնց ձեր ծառայութիւնը պիտի ըլլար աւելի դիւրաբեկ», ըսաւ Ան ու հայցեց, որ Սուրբ Կոյս Մարիամը անոնց համար ըլլայ հաւատքի եւ նուիրումի տիպար եւ Սուրբ Միքայէլ հրեշտակապետը, որ չարին դէմ կը պայքարի յանուն Աստուծոյ, զանոնք պաշտպանէ։
«Խոնարհ և հաւատարիմ սրտով դուք կարող էք ըլլալ խաղաղութեան վկաներ այս փոքրիկ Պետութեան մէջ, որ ունի աշխարհի հորիզոնը» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով քարոզը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
