Որոնել

2025.10.06 Cavalieri di Colombo

Լեւոն ԺԴ․ բարձր գնահատեց «Քոլոմպոյի Ասպետներու» առարկայական գործողութիւնները

Նորին Սրբութիւնը այսօր Վատիկանէն ներս ընդունեց «Քոլոմպոյի Ասպետներու» Ղեկավար Խորհուրդի անդամները՝ յատուկէն շնորհակալութիւն յայտնելով տարիներու ընթացքին, Սրբազան Քահանայապետի տարբեր գթասիրական ծրագիրներուն ՝ ի մասնաւորի յօգուտ աղքատներու եւ ամէնէ խոցելիներու ձեռնարկներուն աջակցելու համար։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

6 Հոկտեմբեր 2025ին, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց «Քոլոմպոյի Ասպետներու» Ղեկավար Խորհուրդի անդամներուն, որոնք, ինչպէս մատնանշեց Նորին Սրբութիւնը իր ողջոյնի խօսքին մէջ, իրենց ընտանիքներու ուղեկցութեամբ Յոյսի Յոբելեանի առթիւ ժամանած են Հռոմ ՝ «այցելելու Առաքեալներու գերեզմանները, անցնելու Սուրբ Դռներու տակէն եւ զօրանալու հաւատքի մէջ»։

Ան անդրադարձաւ, ապա, այս ուխտագնացութեան մէջ արուեստի դերին եւ նշեց թէ՝ այնպիսի գլուխգործոցներ, որ են՝ Սուրբ Պետրոսի տաճարէն ներս Ճան Լորենցօ Պերնինիի կողմէ կերտած ամպհովանին եւ Սուրբ Պետրոսի ամպիոնը, որոնք շնորհիւ «Քոլոմպոյի Ասպետներու» նիւթական աջակցութեան համապարփակ վերականգնումէն ետք կրկին կը փայլին իրենց նախնական գեղեցկութեամբ՝ կը նպաստեն «խոկալու մեր հաւատքի երկու հիմնական սկզբունքներու շուրջ՝ Յիսուսի իրական ներկայութեան՝ Սուրբ Հաղորդութեան մէջ, եւ Հռոմի Քահանայապետի՝ որպէս Պետրոսի իրաւայաջորդ, որ կը միաւորէ եւ կ’առաջնորդէ Եկեղեցին»։

Աջակցութիւն Սրբազան Քահանայապետի տարբեր գթասիրական ծրագիրներուն

Ասկէ մեկնելով՝ Լեւոն ԺԴ․ յատուկէն շնորհակալութիւն յայտնեց «Քոլոմպոյի Ասպետներուն» նման նախագիծերուն  աջակցելու առատաձեռնութեան համար՝ ընդգծելով «Fondo Vicarius Christi» հիմնադրամի միջոցաւ անոնց զօրակցութիւնը նաեւ, տարիներու ընթացքին, Սրբազան Քահանայապետի տարբեր գթասիրական ծրագիրներուն՝ ի մասնաւորի յօգուտ աղքատներու եւ ամէնէ խոցելիներու։

Սրբազան Հայրը յիշեց, այնուհետեւ, տեղական համայնքներէն ներս անոնց ջանքերը՝ ուղղուած «մարդկային կեանքի սրբութիւնը պահպանելուն, պատերազմի եւ բնական աղէտներու զոհերուն օգնելուն եւ քահանայական կոչումներուն աջակցելուն», եւ, իր գնահատանքը արտայայտելով այդ առարկայական գործողութիւններու համար եւ մաղթեց բեղմնաւոր ուխտագնացութիւն։

Աւարտին Լեւոն ԺԴ․ օրհնեց ներկաները եւ զանոնք յանձնեց Սուրբ Կոյս Մարիամի եւ Երանելի ՄքԿիւնիի հովանիին, որ վերոնշեալ Ասպետական Կարգի հիմնադիրն է։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/10/2025, 12:00