Որոնել

2025.10.20 Comunità del Pontificio Collegio Portoghese di Roma

Նպաստել միասնութեան բազմերանգութեան եւ հաղորդութեան բազմաձայնութեան․ Լեւոն ԺԴ․

Սրբազան Քահանայապետը այսօր՝ 20 Հոկտեմբերին, ընդունեց Հռոմի Քահանայապետական Փորթուկալական Վարժարանի համայնքը՝ հիմնադրումի 125ամեակին առթիւ․ Բարի Հովիւ ըլլալու համար անհրաժեշտ է ոչ միայն մարմնաւոր սիրտ, մարդկային եւ իմաստուն սիրտ, այլեւ Յիսուսի նման սիրտ, միշտ միաւորուած Հօր հետ, սիրահար՝ Եկեղեցւոյ եւ լի՝ կարեկցանքով։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

20 Հոկտեմբեր 2025ին, Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը, Քոնչիսթորօ դահլիճին մէջ, ընդունեց Հռոմի Քահանայապետական Փորթուկալական Վարժարանի հասարակութիւնը։

«Միշտ կեդրոնացած առաքելութեան վրայ, Եկեղեցին այսօր կոչուած է ամրապնդելու իր սինոտալ ոճը։ (․․․) Մենք առաւել մեծ պարզութեամբ եւ վստահութեամբ կը տարբերակենք ժամանակներու նշանները՝ միասին աշխատելով Քրիստոսի Արքայութիւնը կառուցելու համար: Եւ Հռոմի մէջ գտնուիլը, աստուածաբանութեան կամ մարդկային ու հասարակական գիտութիւններու ուսումնասիրութիւնը խորացնելու համար, կը պահանջէ, որ աւելի ու աւելի շատ կիրառենք ունկնդրելու արուեստը», նշեց Նորին Սրբութիւնը անոնց ուղղած իր պատգամին սկիզբը։

Ան յիշեց ապա Վարժարանի ծնունդը Հռոմի մէջ Լեւոն ԺԳ․ Պապի օրօք՝ 1900 թուականի Յոբելենական Տարւոյն եւ, այս իմաստով, իր խորհրդածութիւնները կառուցեց երկու ծաւալներու վրայ, որոնցով յատուկէն կը բնութագրուին Յոբելեանները, որ են՝ Եկեղեցւոյ տիեզերականութիւնը եւ Աստուածային ողորմածութիւնը։

Եկեղեցւոյ տիեզերականութիւնը

Առաջին ծաւալին անդրադառնալով, Սրբազան Հայրը նշեց, որ Յոբելեաններու ժամանակ բազմաթիւ ուխտաւորներ հիւրընկալող Հռոմը կը խորացնէ Եկեղեցւոյ տիեզերականութեան մասին ըմբռնումը, որ Փորթուկալական Վարժարանի հասարակութիւնը կը զգայ՝ կիսելով յաւիտենական քաղաքին մէջ սեփական մշակոյթի գեղեցկութիւնը եւ տեղական եկեղեցիներու հարստութիւնը ու վկայելով հովուական փորձը։ Ասկէ մեկնելով, Պապը նկատել տուաւ Տիրոջը այս «պարգեւի» համար շնորհակալութիւն յայտնելու լաւագոյն եղանակը, այն է՝ նպաստել «միասնութեան բազմերանգութեան եւ հաղորդութեան բազմաձայնութեան»։

Աստուածային ողորմածութիւնը

Ինչ կը վերաբերէ Աստուածային ողորմածութեան, Լեւոն ԺԴ․ շեշտելով թէ «Յոբելենական տարիները հնարաւորութիւն են նաեւ աւելի խոր գիտակցելու Քրիստոսի Սիրտէն բխող ողորմութեան պարգեւը, յիշեցուց, որ, ի սկզբանէ, այդ մէկը նշանաւորած է Փորթուկալական Վարժարանի պատմութիւնը, որ Յիսուսի Սիրտը կ’ընդգրկէ անգամ իր զինանշանի մէջ։ Յորդորելով շարունակել ընտրած ուղին, Լեւոն ԺԴ․ նկատել տուաւ, որ Բարի Հովիւ ըլլալու համար անհրաժեշտ է ոչ միայն մարմնաւոր սիրտ, մարդկային եւ իմաստուն սիրտ, այլեւ Յիսուսի նման սիրտ՝ միշտ միաւորուած Հօր հետ, սիրահար՝ Եկեղեցւոյ եւ լի կարեկցանքով։

Կառուցել հաւաքականութիւն

Պապը, այնուհետեւ, ընդգծեց այլ մէկ յատկանիշ, որով Վարժարանը կ’առանձնանայ՝ հիւրընկալութիւնը, եւ ներկաները յորդորեց կառուցելու հիւրընկալ տարածք, ուր, «երբ կը վերադառնաք ակադեմիական պարտականութիւններէ, կարող էք տանը զգալ ձեզ», ըսաւ ԱՆ։ Տարածք, ուր «անծանօթներ չեն մտներ եւ անծանօթներ չեն ելլեր» ինչպէս հիւրանոցէն, այլ, «Վարժարան, որտեղ հնարաւոր է ստեղծել հաւաքականութիւն, այսինքն՝ հաղորդութիւն, բարեկամութիւն, հոգիներու միաձուլում՝ այստեղ սկսուած և միասնաբար վայելած, և, ապա, յիշել ու վերապրիլ ապագայ տարիներուն, երբ ցրուած պիտի ըլլաք աշխարհով մին, կաթողիկէութեան մէջ», դիտել տուաւ Լեւոն ԺԴ․՝ յղում կատարելով Սուրբ Պօղոս Զ.․ի՝ խօսքերուն, զոր ան արտասանած էր 1970 թուականին Սուրբ Պետրոս Առաքեալ Վարժարանի սաներուն։

«Հետեւաբար, կառուցէ՛ք հաւաքական եւ միաժամանակ հիւրընկալ տուն, ինչպէս պէտք է ըլլայ Եկեղեցին», շարունակեց Նորին Սրբութիւնը եւ այս շրջագիծէն ներս յատկապէս յիշեցուց, որ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ատեն հրեաները հիւրընկալելու համար Վարժարանը ստացած է «Կեանքի տուն» անուանումը։ «Այս անուանումը եւ՛ ժառանգութիւն է, եւ՛ պատասխանատուութիւն ձեր ամենօրեայ եղբայրութեան կառուցման գործին մէջ», յարեց ի վերջոյ Ան։

Աւարտելով իր ճառը, Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը խնդրեց բոլորի աղօթքները․ «Այս ամսուայ ընթացքին», ըսաւ Ան, «աղօթելով Վարդարանը, խնդրեցէ՛ք Ֆաթիմայի Տիրամօր բարեխօսութիւնը նաեւ ինծի համար, Եկեղեցւոյ եւ խաղաղութեան համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/10/2025, 12:00