Առաքելութիւնը այլևս միայն երթալ չէ այլ նաեւ մնալ է ու Աստուծոյ դէմքը ցոյց տալն է գաղթականներուն. Լեւոն ԺԴ.
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Մենք այստեղ ենք, որպէսզի Պետրոս Առաքեալի գերեզմանին մօտ մեզմէ իւրաքանչիւրս կարողանայ ուրախութեամբ ըսել. «Համայն Եկեղեցին առաքեալ է, եւ հրատապ է, ինչպէս հաստատած էր Ֆրանչիսկոս Պապը, որ ան դուրս ելլէ Աւետարանը հռչակելու բոլորին, բոլոր վայրերուն մէջ, բոլոր առիթներով, առանց վարանելու, առանց մերժումի և առանց վախի» (Աւետարանի Ուրախութիւնը առաքելական յորդորագիր թիւ 23)։ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին խօսքերն են ասոնք, զոր Ան արտասանեց կիրակի 5 հոկտեմբերի առաւօտեան, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած պատարագի քարոզին մէջ։ Պատարագ` որ նուիրուած էր Գաղթականներու եւ Միսիոներական աշխարհի յոբելեանին, որուն առիթով Քահանայապետը խորհրդածեց Եկեղեցւոյ միսիոներական կոչումին վրայ, որ այսօր միշտ աւելի արդիական եւ անհրաժեշտ է։
Միսիոներական աշխարհի եւ գաղթականներուն յոբելեանը, առիթ` միսիոներական կոչումի
«Այսօր կը տօնախմբենք Միսիոներական աշխարհի եւ գաղթականներուն յոբելեանը, առիթ` որ մեր մէջ կ՜արթնցնէ միսիոներական կոչումը, որ կը ծնի բոլորին Աւետարանի մխիթարութիւնը տանելու ցանկութենէն, յատկապէս անոնց` որոնք կ՛ապրին դժուար պատմութիւն մը», ըսաւ Սրբազան Պապը մտաբերելով յատուկէն գաղթականները, որոնք յաճախ ստիպուած եղան թողուլ իրենց հողերը, լքել իրենց սիրելիները, ապրելով առանձնութեան ու վախի գիշերներ ու իրենց մորթի վրայ կրելով խտրականութեան ու բռնութեան հետեւանքները» նշեց Նորին Սրբութիւնը, որուն համար միսիոներականութիւնը եւ գաղթականութիւնը իրար հիւսուած իրականութիւններ են։ ։
«Հոգին մեզ կ՛ուղարկէ շարունակելու Քրիստոսին գործը աշխարհի արուարձաններուն մէջ, որոնք յաճախ յատկանշուած են անարդարութիւններով եւ տառապանքով» նշեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը յղում կատարելով Ամբակումայ մարգարէի խօսքերուն, որ տառապանքի դիմաց հարց կու տայ «մինչեւ երբ Տէր ես պիտի հայցեմ քու օգնութիւնդ ու դուն մտիկ չես ընէր...ի՞նչու ինծի ցոյց կու տաս անօրինութիւնը եւ հանդիսատես կը մնաս բռնութեան»։
Աւետարանի կարեկցութեամբ հոգ տանիլ միւսի ցաւերուն
«Տիրոջ պատասխանը մեզ կը բանայ յոյսին» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. Եթէ մարգարէն կը դատապարտէ չարի անխուսափելի ուժը, որ, կարծես կը գերակշռէ, Տէրը անոր կը յայտնէ, որ այս ամէնը աւարտ պիտի ունենայ, վերջնաժամկետ, քանի որ փրկութիւնը պիտի գայ եւ պիտի չուշանայ: «Ուստի կայ կեանքի ու փրկութեան մը կարելիութիւնը որ կու գայ հաւատքէն...որ մեր կեանքը կը վերափոխէ զայն դարձնելով Աստուծոյ փրկութեան գործիք» ըսաւ ի միջի այլոց Քահանայապետը ակնարկելով աւետարանական խոնարհ ուժին` որ իր մէջ կը կրէ Աստուծոյ սիրոյն ուժը որ կը բանայ փրկութեան ուղին։
«Փրկութիւն` որ կ՜իրականանայ երբ մենք յանձնառու կը դառնանք Աւետարանի կարեկցութեամբ հոգ տանելու միւսի ցաւերուն» յարեց ապա Քահանայապետը շեշտելով մենք մեզ Աւետարանի եւ եղբայրներու ծառայութեան տակ դնելու կարեւորութիւնը, առանց մեր շահերը փնտռելու այլ միայն Տիրոջ սէրը տանելու աշխարհ։
Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ իսիոներական նոր դարաշրջան
«Մենք կոչուած ենք մեր մէջ նորոգելու միսիոներական կոչումի կրակը» ըսաւ Սրբազան Պապը մէջբերելով նաեւ Սուրբ Պողօս Զ,-ին խօսքերը «Մեզմէ կախուած է Աւետարանը հռչակել մարդկային պատմութեան այս անսովոր ժամանակահատուածի ընթացքին, իսկապէս աննախադէպ ժամանակաշրջան մը, երբ առաջընթացի աննախադէպ բարձունքներու հետ միատեղ, կան նաև շփոթմունքի և յուսահատութեան նոյնքան աննախադէպ անդունդներ» (Համաշխարհային առաքելութեան Օրուայ պատգամ, 25 Յունիս 1971):
«Եղբայրներ և քոյրեր, այսօր Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ կը բացուի միսիոներական նոր դարաշրջան։ Եթէ երկար ժամանակ մենք առաքելութիւնը կապեցինք «մեկնման» հետ՝ երթալու հեռաւոր երկիրներ, որոնք չէին ճանչնար Աւետարանը կամ աղքատութեան մէջ կը գտնուէին, այսօր առաքելութեան սահմանները այլևս աշխարհագրական չեն, որովհետեւ աղքատութիւնը, տառապանքը և աւելի մեծ յոյսի ցանկութիւնը, իրենք են` որ մեզի կու գան» հաստատեց Քահանայապետը ակնարկելով գաղութականութեան երեւոյթին ու փախստականներուն կրած ողբերգութիւններուն, իրենց կեանքը փրկելու ժամանակ խրախուսելով անոնց ցաւին դիմաց անտարբեր չմնալ։
Ոչ թէ մեկնիլ այլ մնալ եւ աւետարանել
«Ուստի, ըսաւ Ան, մեկնելու մասին չէ խօսքը այլ մնալու, հռչակելու համար Քրիստոսը, հիւրընկալութեան, կարեկցութեան ու զօրակցութեան միջոցաւ...մնալ` նայելու համար դէմքերուն անոնց, որոնք կու գան հեռաւոր ու մարտիրոս երկիներէն, մնալ ` անոնց առջեւ բանալու համար մեր սրտին բազուկները, ընկալել զանոնք որպէս եղբայրներ ու անոնց համար ըլլալ մխիթարութեան եւ յոյսի ներկայութիւն մը», եղան Լեւոն ԺԴ. Պապին խրախուսական յորդորները, որոնցմէ մեկնելով ակնարկեց այն բազմաթիւ միսիոնարներուն ու նաեւ կամաւոր հաւատացեալներուն ու բարի կամքի տէր մարդոց, որոնք իրենց ծառայութիւնը կը մատուցեն ի նպաստ գաղթականներուն, խթանելու համար եղբայրութեան մշակոյթ մը։
Այդպիսով գաղթականներուն ի սպաս ծառայութիւնը կը դառնայ Աւետարանի կենդանի վկայութիւն. Ու նոր միսիոներական եղանակի մը ժամանակը կը պահանջէ Եկեղեցիներու միջեւ համագործակցութիւնը ու նաեւ միսիոներական կոչում մը, որով իւրաքանչիւր առաքեալ կոչուած է յարգանքով վերաբերուելու այն մշակոյթներուն հետ որոնց կը հանդիպի։ Այսօր կարիքը կայ միսիոներական նոր սլացքի մը` կոչումի փորձառութիւններու նոր առաջարկներու, որոնք կարող ըլլան երիտասարդներուն մէջ արթնցնելու միսիոներութեան իղձը, դիտել տուաւ հուսկ Սրբազան Պապը, իր ողջոյնները փոխանցելով բոլոր միսիոնարներուն ապա գաղթականներուն ըսաւ. «Միշտ բարի եկած էք։ Ծովերն ու անապատները որոնցմէ անցաք Սուրբ Գրութիւններուն մէջ փրկութեան վայրեր են, ուր Աստուած ներկայ գտնուեցաւ փրկելու համար իր ժողովուրդը։ Կը մաղթեմ` որ Աստուծոյ այդ դէմքը գտնէք ձեր հանդիպած միսիոնարներուն մէջ» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը ու քարոզը աւարտեց բոլոր ներկաները յանձնելով Սուրբ Կոյս Մարիամին` հովանիին ու հայցելով անոր աջակցութիւնը` «որպէսզի իւրաքանչիւրս դառնայ Քրիստոսի Թագաւորութեան գործակիցը` սիրոյ արդարութեան ու խաղաղութեան Թագաւորութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
