Յիսուս Քրիստոս հոգեւորականութեան կեդրոնն է` Անոր մէջ կայ բոլորի համար փրկութիւնը. Լեւոն ԺԴ.
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Յոյսին նուիրուած Յոբելենական սուրբ տարուան ծիրէն ներս Կիրակի` 12 Հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10,30-ին, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորեց Մարեմեան հոգեւորականութեան Յոբելեանին նուիրուած սուրբ պատարագը, մասնակցութեամբ յիսուն հազարէ աւելի ուխտաւորներու, որոնց շարքին Մարեմեան Սրբավայրերու մեծաւորներ եւ գործիչներ, Մարեմեան ընկերակցութիւններու ու շարժումներու անդամներ եւ աղօթքի խումբեր, որոնք այս առիթով Հռոմ ժամանած են աշխարհի հարիւր երկիրներէ։
Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց հաւատացեալները Յիսուսը զետեղելու իրենց հաւատքի կեդրոնը, վերահաստատելով, որ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ հոգեւորականութիւն, ներառեալ Մարեմեան հոգեւորականութիւնը, կը ծնի եւ կը սնուի խաչի եւ Յարութեան Խորհուրդին մէջ։
Յիշել յարութիւն առած Յիսուս Քրիստոսը
Մեկնաբանելով ապա օրուան սուրբ գրային ընթերցումները Քահանայապետը ակնարկեց նախ Սուրբ Պօղոս առաքեալի նամակին` ուղղուած Տիմոթէոսին, որուն մէջ առաքեալը կը հրաւիրէ յիշել յարութիւն առած Յիսուս Քրիստոսը, Դաւիթի սերունդէն (Բ. ՏիմոթԷոս 2։8) ընդգծելով` որ Քրիստոնէական հոգեւորականութիւնը ներառեալ Մարեմեանը, որպէս կեդրոն ունի Յիսուս եւ հրաւիրելով չկորսնցնել ուշադրութիւնը այդ կեդրոնէն։
Ան ապա մեկնաբանեց աւետարանական հատուածը, որ կը խօսէր Նէեման Աոսրի բորոտի բժշկութեան դրուագի մասին ու քաղուած էր Ղուկաս Աւետարանիչի չորրորդ գլուխէն զգուշացնելով մակերեսային հաւատքի մը վտանգէն, որ կազմուած է արտաքին երեւոյթներէ բայց զուրկ է իրական դարձէ մը։
Այս առնչութեամբ Ան յիշեցուց Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը հայող մարդկային դիւրաբերութեան, որ յաճախ թաքնուած է երեւելի յաջողութիւններու, զրահներու ետին, խրախուսելով ունենալ իսկական հաւատք մը, որ կարող ըլլայ ճանչնալու շնորհքը` որպէս ձրի պարգեւ մը։
Ի սպաս Աւետարանի հոգեւորականութիւն
«Մարեմեան հոգեւորականութիւնը ի սպաս է Աւետարանի ծառայութեան ու կը յայտնէ անոր պարզութիւնը» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը մատնանշելով որ Նազարէթի Մարիամը մեզ իր հետ կը դարձնէ Յիսուսի աշակերտներ, մեզ կը դաստիարակէ դառնալու Անոր ու խոկալու կեանքի այն իրադարձութիւններու մասին, որոնց մէջ Յարուցեալը մեզի կ՛այցելէ»։
«Մարեմեան հոգևորականութիւնը մեզ կը մխրճէ այն պատմութեան մէջ, որուն վրայ բացուած է երկինքը՝ օգնելով մեզի տեսնելու հպարտները ցրուած իրենց սրտերու մտքերուն մէջ, հզօրները տապալած իրենց գահերէն, հարուստները դատարկաձեռն ուղարկուած։ Ան մեզի մարտահրաւէր կը նետէ քաղցածներուն լեցնել բարիքներով, բարձրացնել խոնարհները, յիշել Աստուծոյ ողորմածութիւնը և վստահիլ Անոր բազուկի զօրութեան (տե՛ս Ղուկաս 1։51-54)» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը։
Մարիամը հաւատքի առաջնորդ և մայր, ոչ թէ կեդրոն
Մարիամը, նշեց ի միջի ալոց Քահանայապետը, հաւատքի առաջնորդ և մայր է. ոչ թէ կեդրոն, այլ Քրիստոսի ետև՝ դէպի վիրաւոր և կարիքաւոր մարդկութիւնը, աւելցնելով, որ ամէն անգամ որ Մարիամին կը նայինք կը սկսինք վերահաւատալ քնքշութեան ու սիրոյ յեղափոխական ուժին։ «Մարիամին մէջ մենք կը նշմարենք, որ քնքշութիւնն ու հեզութիւնը տկար առաքինութիւններ չեն այլ զօրեղ», յարեց Նորին Սրբութիւնը ու ակնարկելով արդարութեան ու խաղաղութեան ծարաւը ունեցող աշխարհին հրաւիրեց կենդանի պահել քրիստոնէական հոգևորականութիւնը։
«Զայն դարձնենք նորոգումի և վերափոխման շարժիչ ուժ, ինչպէս կը պահանջէ Յոբելեանը, դարձի և վերականգնումի, վերամտածումի և ազատագրման ժամանակ: Թող Ամենասուրբ Մարիամը՝ մեր յոյսը, բարեխօսէ մեզ համար և առաջնորդէ մեզ կրկին ու միշտ դէպի Յիսուսը՝ խաչուած Տէրը: Անոր մէջ կայ բոլորի համար փրկութիւնը», ըսաւ ապա Լեւոն ԺԴ. եզրափակելով քարոզը։
Յանձնում Տիրամօր
Արարողութեան աւարտին եւ նախ քան վերջին օրհնութիւնը շնորհելը Լեւոն ԺԴ. Պապը այս առիթով Ֆաթիմայէն բերուած Սուրբ Կոյս Մարիամին յանձնեց մարդկութեան խաղաղութեան իղձը` Անորմէ հայցելով ` որ բարեխօսէ մեզի համար ու աշխարհին շնորհէ խաղաղութեան պարգեւը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
