Հաւատքն է, որ կը պահպանէ յանուն արդարութեան մեր յանձնառութիւնը․ Լեւոն ԺԴ․
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Այսօր` 19 Հոկտեմբեր 2025ին, ժամը 10։30-ին Միսիոներական Համաշխարհային Օրուան առիթով, Նորին Սրբութիւն Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորեց եօթը Երանելիներու սրբադասման արարողութիւնը։
Տիեզերական Եկեղեցւոյ սուրբերու շարքին դասուեցան․
- Հայոց Մեծ Եղեռնի նահատակ՝ Մարտինի Հայ Կաթողիկէ եպիսկոպոս Ինգնատիոս Մալոյեանը (Ignazio Choukrallah Maloyan)
- Փափուա Նոր Կինէայէն աշխարհական կրօնուսոյց Փիթըր Տօ Ռոթը (Peter To Rot),
- Վերոնայի Ողորմութեան Քոյրերու հաստատութեան հիմնադիր Վինչենցա Մարիա Փոլոնին (Vincenza Maria Poloni)
- Յիսուսի Աղախիններու Միաբանութեան հիմնադրիր Քարմեն Ռենտիլես Մարթինեսը (Carmen Rendiles Martínez)
- Քրիստոնեաներու Օգնական Մարիամի դուստրեր միաբանութենէն կրօնաւորուհի Մարիա Տրոնքաթին (Maria Troncatti)
- Վենեզուելացի բժիշկ, Ֆրանչիսքեան միաբանութեան աշխարհական կարգի անդամ` Խօսէ Կրեկորիօ Հերնանտես Չիզներոսը (José Gregorio Hernández Cisneros)
- Փոմփէյի Վարդարանի Տիրամօր սրբավայրին հիմնադիր՝ Պարթոլօ Լոնկոն (Bartolo Longo)։
Սրբազան արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Երանելիներու ծագման կամ առաքելութեան երկիրներէն ժամանած բարձրաստիճան եկեղեցական ու քաղաքական անձնաւորութիւններու որոնց շարքին Լիբանանի նախագահ Զօր. Միշել Աունը եւ Հայաստանի Վարչապետ Տիար Նիկոլ Փաշինեանը եւ այլ անձնաւորութիւններ։
Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը կը ներկայացնէր Գերշ. Խաժակ Արք. Պարսամեանը իսկ Արամ Ա. Վեհափառի որպէս ներկայացուցիչ Հռոմ Ժամանեց Մեսրոպ Եպիսկոպոս Սարգիսեանը։
Արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ եւ Քահանայապետի հետ համապատարագեց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, ինչպէս նեաւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսական եպիսկոպոսներն ու կղերական դասը, ինչպէս նաեւ աշխարհի տարբեր երկիրներէն ժամանած 1500 հայ կաթողիկէ հաւատացեալներ ու տարբեր վայրերէն հրաւիրուած լրագրողներ ու լրատուական մարզի գործիչներ։
Լեւոն ԺԴ. Քարոզը
Ստորեւ կը ներկայացնենք Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ կայացած սրբադասման արարողութեան ընթացքին Սրբազան Պապի արտասանած քարոզը․
«Հարցումը, որ եզրափակեց քիչ առաջ հռչակուած Աւետարանը, կը բանայ մեր խորհրդածութիւնը. «Մարդու Որդին երբ գայ, արդեօք հաւատք պիտի գտնէ՞ երկրի վրայ» (Ղուկաս 18:8)։ Այս հարցադրումը մեզի կը բացայայտէ, որ Տիրոջ աչքին ամենաթանկը հաւատքն է, այսինքն՝ Աստուծոյ եւ մարդկութեան միջեւ սիրոյ կապը: Այսօր մեր առջեւ են եօթ վկաներ՝ նոր Սուրբեր եւ նոր Սրբուհիներ, որոնք Աստուծոյ շնորհքով վառ պահած են հաւատքին ճրագը. աւելին անոնք դարձած են ճրագներ՝ ունակ սփռելու Քրիստոսին լոյսը:
Հաւատքը կը գերակայէ նիւթական եւ մշակութային, գիտական եւ գեղարուեստական մեծ բարիքները, ոչ որովհետեւ այս վերջինները պէտք է արհամարհուին, այլ քանի որ առանց հաւատքի անոնք կը կորսնցնեն իրենց իմաստը։ Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնը չափազանց կարեւոր է, քանզի Ան, ժամանակներու սկիզբէն, ոչինչէն ամէն բան ստեղծած է եւ կը փրկէ ոչինչէն այն ամէնը, որ կ’աւարտի ժամանակին մէջ։ Առանց հաւատքի՝ աշխարհը բնակեցուած պիտի ըլլար որդիներով, որոնք առանց Հօր պիտի ապրէին, այսինքն՝ աշխարհը բնակեցուած պիտի ըլլար արարածներով առանց փրկութեան։
Ահաւասիկ թէ ինչու Յիսուս, մարդ դարձած Աստուծոյ Որդին, ինքնիրեն հարցում կ’ուղղէ հաւատքի մասին՝ եթէ հաւատքը վերանար աշխարհէն ի՞նչ պիտի ըլլար։ Երկինք եւ երկիր նախկինի պէս պիտի մնային, սակայն մեր սրտերուն մէջ այլեւս պիտի չ’ըլլար յոյսը։ Բոլորի ազատութիւնը պարտութիւն կրած պիտի ըլլար մահէն։ Կեանքի մեր ցանկութիւնը ոչնչութեան գիրկը պիտի նետուէր։ Առանց Աստուծոյ նկատմամբ հաւատքի չենք կրնար փրկութիւն յուսալ։ Յիսուսին հարցումը, ուստի, մեզ անհանգստութիւն կը պատճառէ, սակայն միայն այն պարագային, եթէ մոռնանք, որ Յիսուս անձամբ զայն արտասանած է։ Տիրոջ խօսքերը, յիրաւի, միշտ փրկութեան ուրախ աւետում են։ Այս փրկութիւնը յարատեւ կեանքի պարգեւն է, որ կը ստանանք Հօրմէն, Որդիի միջոցաւ, Սուրբ Հոգիի զօրութեամբ»։
Հաւատքը աղօթքի մէջ կ’արտայայտուի եւ աղօթքը հաւատքով կ’ապրի
«Ճիշտ ասոր համար Քրիստոս կը խօսի իր աշակերտներուն հետ, ըսելով թէ՝ «պէտք է ամէն ատեն աղօթք ընել ու չձանձրանալ» (Ղուկաս 18։1)։ Այնպէս ինչպէս չենք ձանձրանար շնչելէն, չձանձրանա՛նք աղօթելէն։ Ինչպէս շնչելը կ’ապահովէ մարմնի կեանքը, այդպէս ալ աղօթքը կ’ապահովէ հոգիին կեանքը․ հաւատքը, յիրաւի, աղօթքի մէջ կ’արտայայտուի եւ իսկական աղօթքը հաւատքով կ’ապրի։
Յիսուս այս կապը ցոյց կու տայ առակի մը միջոցաւ․ դատաւոր մը չ’անսար այրիի մը հրատապ խնդրանքներուն, որուն պնդումները, սակայն, ի վերջոյ, կը դրդեն դատաւորին գործել։ Առաջին հայեացքէն, այս համառութիւնը մեզի համար յոյսի գեղեցիկ օրինակ է, յատկապէս փորձութիւններու եւ նեղութիւններու ժամանակ։ Կնոջ համառութիւնը եւ դատաւորի վարմունքը, որ կը գործէ չուզելով, կը պատրաստեն Յիսուսի գրգռիչ հարցումը․ Աստուած, բարի Հայրը, «ընտրեալներուն իրաւունք պիտի չընէ՞, որոնք ցերեկ ու գիշեր իրեն կ’աղաղակեն» (Ղուկաս 18։7)»։
Գայթակղութիւններ, որոնք կը փորձարկեն հաւատքը
«Այս խօսքերը հնչեցնենք մեր խիղճին մէջ․ Տէրը մեզմէ կը խնդրէ թէ արդեօ՞ք կը հաւատանք, որ Աստուած բոլորի արդար դատաւորն է։ Որդին մեզի կը հարցնէ արդեօ՞ք կը հաւատանք, որ Հայրը մեզ կը սիրէ եւ կ’ուզէ իւրաքանչիւր անձի փրկութիւնը։ Երկու գայթակղութիւններ, որոնք կը փորձարկեն մեր հաւատքը․ առաջինը ոյժ կը ստանայ չարի գայթակղութենէն, մղելով մտածելու, որ Աստուած չ’անսար հարստահարուածներու լացին եւ չողորմիր անմեղ տառապանքներուն։ Երկրորդ գայթակղութեամբ կը պահանջենք, որ Աստուած գործէ այնպէս ինչպէս մենք կ’ուզենք․ աղօթքը այդ ատեն իր տեղը կը զիջի Աստուծոյ ուղղուած հրամանին՝ Անոր սորվեցնելու թէ ինչպէս ըլլալ արդար ու արդիւնաւէտ»։
Ինչ ալ, որ պատահի, Յիսուս որպէս Որդի կը վստահի Հօր
«Երկու այս գայթակղութիւններէն մեզ կ’ազատէ Յիսուս՝ որդիական վստահութեան լիակատար վկան, անմեղը, որ յատկապէս իր չարչարանքներու ատեն այսպէս կ’աղօթէ․ «Հայր, Քու կամքդ թող ըլլայ։ Բառեր, որոնք Վարդապետը մեզի յանձնած է «Հայր մեր» աղօթքի մէջ (եղիցի կամք քո)։ Ինչ ալ, որ պատահի, Յիսուս որպէս Որդի կը վստահի Հօր։ Հետեւաբար, մենք՝ որպէս եղբայրներ եւ քոյրեր Անոր անունով, կը հռչակենք. «Իսկապէս ճիշտ է եւ արդար է, մեր պարտականութիւնն է ու փրկութեան աղբիւրը, միշտ եւ ամենուրեք շնորհակալութիւն յայտնել Քեզի, Տէ՛ր, Սուրբ Հայր, ամենակարող եւ յաւիտենական Աստուած, մեր Տիրոջ՝ Քրիստոսի միջոցով» (Հռոմէական պատարագամատոյց, Սուրբ Հաղորդութեան Բ․աղօթք, Նախաբան)»:
Աստուած արդարութիւն կը գործէ բոլորի նկատմամբ
«Եկեղեցւոյ աղօթքը մեզի կը յիշեցնէ, որ Աստուած արդարութիւն կը գործէ բոլորի նկատմամբ՝ իր կեանքը տալով բոլորի համար։ Այդպիսով, երբ կ’աղաղակենք Տիրոջ․ «ու՞ր ես», այս աղերսանքը աղօթքի կը վերածենք եւ այն ատեն կը ճանչնանք, որ Աստուած այնտեղ է, ուր անմեղը կը տառապի։ Քրիստոսի խաչը կը բացայայտէ Աստուծոյ արդարութիւնը։ Եւ Աստուծոյ արդարութիւնը ներումն է․ Ան կը տեսնէ չարը եւ կը փրկագնէ զայն, իր վրայ վերցնելով զայն։ Երբ կը խաչուինք տառապանքէն ու բռնութենէն, ատելութենէն ու պատերազմէն, Քրիստոս արդեն այնտեղ է, խաչի վրայ՝ մեզի համար ու մեզի հետ։ Չկայ Աստուծոյ կողմէ չսփոփուած լաց, չկայ Անոր սրտէն հեռու արտասուք։ Տէրը մեզ կը լսէ, իր գիրկը կ’առնէ այնպէս ինչպէս կանք, վերափոխելու մեզ՝ ինչպէս Ինքն է։ Ով կը հրաժարի Աստուծոյ ողորմութենէն, ունակ չէ միւսներու նկատմամբ ողորմութեան։ Ով չ’ընդունիր խաղաղութիւնը որպէս պարգեւ, չի կրնար նուիրել խաղաղութիւն»։
Այսօրեայ նոր սուրբերը՝ Հօր սիրոյ վկաներ
«Այժմ կը հասկնանք, որ Յիսուսի հարցումները հզօր հրաւէր են յոյսի ու գործողութեան․ երբ մարդու Որդին գայ, հաւատք պիտի գտնէ՞ արդեօք Աստուծոյ նախախնամութեան նկատմամբ։ Եւ այս հաւատքն է, յիրաւի, որ կը պահպանէ յանուն արդարութեան մեր յանձնառութիւնը, քանզի կը հաւատանք, որ Աստուած կը փրկէ աշխարհը սիրոյ միջոցաւ, ազատելով մեզ ճակատագրապաշտութենէ։ Մենք մեզի հարցում ուղղենք ուրեմն․ երբ կը լսենք դժուարութեան մէջ գտնուողի կանչը, արդեօ՞ք Հօր սիրոյ վկաներն ենք, ինչպէս բոլորի համար եղաւ Քրիստոս՝ խոնարհը, որ կոչ կ’ընէ բռնաւորին դարձի գալու, արդարը, որ մեզ արդար կը դարձնէ, ինչպէս կը վկայեն այսօրեայ նոր սուրբերը, որ ոչ թէ հերոսներ կամ որեւէ գաղափարի պաշտպաններ են, այլ՝ իսկական տղամարդիկ ու կանայք են։
Քրիստոսի այս հաւատարիմ բարեկամները․
- նահատակներ են իրենց հաւատքի համար, ինչպէս եպիսկոպոս Ինգնատիոս Շուքրալլահ Մալոյեանը եւ կրօնուսոյց Փիթըր Տօ Ռոթը (Peter To Rot)։
- աւետարանիչներ եւ միսիոներներ են, ինչպէս քոյր Մարիա Թրոնքաթին (Maria Troncatti)։
- շնորհապարգեւ ունեցող հիմնադիրներ են, ինչպէս քոյր Վինչենցա Մարիա Փոլոնին (Vincenza Maria Poloni) եւ քոյր Քարմեն Ռենտիլես Մարթինեսը (Carmen Rendiles Martínez)։
- մարդկութեան բարերարներ են՝ սրտերը նուիրուածութեամբ բոցավառուած, ինչպէս Պարթոլօ Լոնկոն (Bartolo Longo) եւ Խօսէ Կրեկորիօ Հերնանտես Չիզներոսը (José Gregorio Hernández Cisneros)։
Թող որ անոնց միջնորդութիւնը օգնէ մեզի մեր փորձութիւններու մէջ, եւ թող որ անոնց օրինակը ոգեշնչԷ մեզ սրբութեան մեր համատեղ կոչումի մէջ։
Որպէս ուխտաւորներ դէպի այս նպատակ, եկէք առանց ձանձրանալու աղօթե՛նք հաստատուն մեր սորվածի մէջ եւ հաւատա՛նք անսասան կերպով (հմմտ. Բ Տիմոթէոս 3։14)։ Այսպիսով, երկրի վրայ հաւատքը կը պահպանէ երկնքի յոյսը»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
