Որոնել

2025.10.05 Giubileo del Mondo Missionario e Giubileo dei Migranti

Քահանայապետին յոյսն ու կոչը Կազայի մէջ խաղաղութեան հաստատումին համար

«Ես կը շարունակեմ տխրիլ Կազայի պաղեստինցի ժողովուրդին կրած անսահման տառապանքներուն համար։ Վերջին ժամերուն, Մերձաւոր Արևելքի մէջ ստեղծուած ողբերգական իրավիճակի ծիրէն մէջ, գրանցուած է խաղաղութեան բանակցութիւններու զգալի առաջընթաց, որ, յոյսով եմ, շուտով կը հանգեցնէ ցանկալի արդիւնքներու» ըսաւ Լեւոն ԺԴ ապա կոչ ուղղեց բոլոր առաջնորդներուն` անոնցմէ խնդրելով «հաւատարիմ մնալ այդ ուղիին՝ հրադադարին և պատանդներու ազատ արձակման»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 5 հոկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան` Միսիոներական աշխարհի եւ գաղթականներու Յոբելեանին առիթով Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ մատուցած Սուրբ Պատարագի աւարտին, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը նոյն վայրէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը եւ աղօթքէն առաջ խօսքը ուղղելով ներկաներուն շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին  իրենց մասնակցութեան համար։

«Դուք լաւ միսիոնարներ էք, որովհետեւ եկաք նաեւ անձրեւին տակ» ըսաւ Քահանայապետը հաստատելով, որ «Համայն Եկեղեցին միսիոներական է եւ Ան դէպի Աստուծոյ Թագաւորութիւն քալող մեծ ժողովուրդ մըն է»։

Առաջին կարգին պէտք է միշտ ըլլայ մարդկային արժանապատւութիւնը

«Այսօր, սիրելի միսիոնար եղբայրներ եւ քոյրեր, գաղթականները մեզի կը յիշեցնեն թէ ոչ մէկը պէտք է ստիպուած ըլլայ մեկնելու, չարաշահումի ենթարկուելու իր կարիքաւորի կամ օտարականի պայմաններուն համար։ Առաջին կարգին պէտք է միշտ ըլլայ մարդկային արժանապատւութիւնը» յարեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը ու ողջունեց բոլոր ուխտաւորները, որոնց շարքին նաեւ Բեթղեհէմէն ժամանած երիտասարդներ։

Ֆիլիփինեան կղզեխումբը հատուածող երկրաշարժ

Ան ապա յիշեց անցեալ երեքշաբթի օր` 30 սեպտեմբերին Ֆիլիփինեան կղզեխումբը հատուածող երկրաշարժը, մօտիկութիւն արտայայտով բնակչութեան ու յատուկ աղօթք ապահովեցնելով անոնց` որոնք կը տառապին երկրաշարժի հետեւանքներէն։

«Մնանք միացած եւ զօրակից Աստուծոյ վստահութեամբ եւ Սուրբ Կոյսի բարեխօսութեամբ» ըսաւ Սրբազան Պապը եւ մտահոգութիւն արտայայտեց աշխարհի մէջ հակասեմական ատելութեան աճին ի տես, ինչպէս դժբախտաբար պատահեցաւ մի քանի օրեր առաջ Մանչըսթերի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեամբ» նշեց ապա Քահանայապետը եւ ակնարկեց Միջին Արեւելքի մէջ տիրող ողբերգական իրավիճակին։

Միջին Արեւելքի մէջ տիրող ողբերգական իրավիճակը

«Ես կը շարունակեմ տխրիլ Կազայի պաղեստինցի ժողովուրդին կրած անսահման տառապանքներուն համար։ Վերջին ժամերուն, Մերձաւոր Արևելքի մէջ ստեղծուած ողբերգական իրավիճակի ծիրէն մէջ, գրանցուած է խաղաղութեան բանակցութիւններու զգալի առաջընթաց, որ, յոյսով եմ, շուտով կը հանգեցնէ ցանկալի արդիւնքներու» ըսաւ Լեւոն ԺԴ ապա կոչ ուղղեց բոլոր առաջնորդներուն` անոնցմէ խնդրելով «հաւատարիմ մնալ այդ ուղիին՝ հրադադարին և պատանդներու ազատ արձակման»։

Փոմփէյի Սրբավայրին մէջ Սուրբ Վարդարանի Տիրամօր նուիրուած աղերսական աղօթք

«Բոլորը կը խրախուսեմ միացած մնալու աղօթքի մէջ, որպէսզի շարունակական ջանքերը վերջ դնեն պատերազմին և մեզ տանին դէպի արդար և տևական խաղաղութիւն», ըսաւ հուսկ Քահանայապետը ապա հրաւիրեց հոգեպէս միանալու Փոմփէյի Սրբավայրին մէջ Սուրբ Վարդարանի Տիրամօր նուիրուած աղերսական աղօթքին։

«Հոկտեմբեր այս ամսուայ ընթացքին, Մարիամի հետ խորհրդածելով Քրիստոս Փրկիչի խորհուրդներու մասին, ուժեղացնենք մեր աղօթքը խաղաղութեան համար, աղօթք` որ կ՛արտայայտէ գործնական զօրակցութիւն պատերազմէն տուժած ժողովուրդներուն նկատմամբ։ Շնորհակալութիւն աշխարհի բազմաթիւ երեխաներուն, որոնք համայն աշխարհին մէջ յանձնառու են այս դիտաւորութեամբ աղօթելու Վարդարանը։ Շնորհակալութիւն սրտիս խորքէն» ըսաւ Սրբազան Պապը եւ հազարաւոր հաւատացեալներու մասնակցութեամբ աղօթեց Մարեմեան աղօթքը։ ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/10/2025, 12:35