Դաստիարակել ներքինութեամբ, միութեամբ, սիրով և ուրախութեամբ. Քահանայապետը մանկավարժներուն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կրթութեան Աշխարհի Յոբելեանին առիթով` Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը, ուրբաթ 31 հոկտեմբեր 2025-ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ հիւրընկալեց իրենց ուխտագնացութիւնը կատարող եւ Կրթութեան աշխարհի Յոբելենական ձեռնարկներուն մասնակցող համայն աշխարհէն ժամանած աւելի քան քսան հազար մանկավարժեր։
Այս առիթով անոնց արտասանած իր խօսքին մէջ Նորին Սրութիւնը ուզեց նախ շնորհակալութիւն յայտնել անոնց իրենց Եկեղեցւոյ առաքելութեան ի սպաս մատուցած ծառայութեան համար` Եկեղեցին` որ «Մայր եւ Դաստիարակ» է ըսաւ Քահանայապետը ակնարկելով թէ ինչպէս անոնց միլիոնաւոր երիտասարդներուն կ՛ապահովեն պատշաճ կազմաւորումը մը միշտ ի միտ ունենալով մարդ անհատի բարիքը։
Ես ալ, ըսաւ Սրբազան Պապը, ուսուցիչ եղած եմ Սուրբ Օգոստինոսի միաբանութեան կրթական հաստատութիւններուն մէջ, եւ ասկէ մեկնելով ուզեց ներկաներուն հետ կիսել իր փորձառութիւնը հիմնուելով «Doctor Gratiae-»ի այսինքն Սուրբ Օգոստինոսի վարդապետութեան չորս յատկութիւններու վրայ, «որոնք, ըսաւ Ան ես հիմնարար կը նկատեմ քրիստոնէական կրթութեան համար, ներքինութիւն, միութիւն, սէր և ուրախութիւն»
Ներքինութիւն
Խօսելով Ներքինութեան մասին Քահանայապետը նշեց որ իսկական կրթութիւնը կու գայ սրտէն։ «Հոսքերը կամ դասարանները բաւարար չեն...անոնք պարզապէս վայր ու միջոց են», ըսաւ Ան հաստատելով որ «Ճշմարտութիւնը կը փոխանցուի անձնական հանդիպումներու միջոցաւ», ապա Նա կոչ ուղղեց ուսուցիչներուն և աշակերտներուն վերագտնելու լռութեան և ներքին խորհրդածութեան արժէքը, այսօրուայ մէջ գործող պաստառներու շեղող գործօններու գերիշխող աշխարհին մէջ։
Միութիւն
Ակնարկելով երկրորդ բառին` Միութիւն, Լեւոն ԺԴ. յիշեցուց իր Քահանայապետութեան կարգախօսը «Անոր մէջ որ մէկ է մենք մէկ բան ենք», որ առնուած է Սուրբ Օգոստինոսի խօսքերէն, ընդգծելով` որ միայն Քրիստոսի մէջ է. որ կայ իսկական հաղորդութիւնը։ Ան ապա նշեց թէ ինք ուզած է վերակենդանացնել և թարմացնել իրեն նախորդ Ֆրանչիսկոս Պապին մարգարէական ներշնչումի աղբիւր «Համաշխարհային կրթական Պայմանագիրը» որպէս հրաւէր աւելի մեծ համագործակցութեան ընդմէջ դպրոցներուն, Եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան, «ուր գիտելիքներու փոխանակումը կարող է դիտուիլ միայն որպէս սիրոյ մեծ դրսևորում» յարեց Սրբազան Պապը եւ ակնարկեց երրորդ բառին սէրը։
Սէր
«Գիտելիքներ կիսելը բաւարար չէ սորվեցնելու համար. Անհրաժեշտ սէր», ըսաւ Քահանայապետը մէջբերելով Սուրբ Օգուստինոսէն այլ խօսքեր ուր Ան կը հաստատէ` որ. «Աստուծոյ սէրը առաջին բանն է, որ պատուիրուած է եւ մերձաւորի սէրը առաջինն է զոր պէտք կիրառենք»։ «Միայն սիրով է որ դաստիարակութիւնը կը դառնայ պտղաբեր» աւելցուց Ան ակնարկելով նաեւ մերօրեայ ընկերութիւններուն մէջ մանկավարժներու նկատմամբ յարգանքի կորուստի մասին եւ զգուշացնելով թէ «գիտելիքներու փոխանցման ճգնաժամը իր հետ կը բերէ յոյսի ճգնաժամ»։
Ուրախութիւն
Ի վերջոյ ուրախութիւնը։ «Իսկական մանկավարժները կը դաստիարակեն ժպիտով» նշեց ի միջի այլոց Լեւոն ԺԴ. աւելցնելով թէ անոնք կարող են նաեւ իրենց աշակերտներու սրտին մէջ վարել լոյս մը։ Ան ապա մտահոգութիւն արտայայտեց երիտասարդներու միջեւ աճող ներքին փխրունութեան վերաբերեալ և կոչ ըրաւ հակազդելու արհեստագիտութեան և արհեստական բանականութեան սառ և անանձնական օգտագործման հետևանքով յառաջացած մեկուսացումին։
«Այն ամէն բաները` որ ըրիք իմ այս փոքր եղբայրներէս մէկուն, ինծի ըրիք (Մատթ. 25,40)
Մանկավարժներուն դերը մարդկային պարտաւորութիւն է, և կրթական գործընթացի ուրախութիւնն ինքնին ամբողջովին մարդկային է՝ «Կրակ, որ հոգիները կը միաձուլէ և շատերը մէկ կը դարձնէ», ըսաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ. դարձեալ յղում կատարելով Սուրբ Օգւստինոսին ապա խօսքը աւարտեց անգամ մը եւս խրախուսելով մանկավարժները իրենց առաքելութիւնը ապրելու որպէս ծառայութեան եւ սիրոյ արարք մը, յիշեցնելով նաեւ Յիսուսին խօսքերը. «Այն ամէն բաները` որ ըրիք իմ այս փոքր եղբայրներէս մէկուն, ինծի ըրիք (Մատթ. 25,40)։
Քահանայապետը ունկնդրութիւնը եզրափակեց հրաւիրելով ներկաները միասնաբար աղօթելու Տէրունական աղօթքը ապա իր օրհնութիւնը շնորհեց բոլորին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
