Լեւոն ԺԴ Պապը ստորագրեց «Dilexi te - Քեզ սիրեցի» վերնագիրով առաքելական յորդորագիրը։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Այսօր՝ հոկտեմբեր 4-ին, երբ Եկեղեցին կը նշէ Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիին տօնը, ժամը 8,30-ին, Առաքելական Պալատի առանձնական գրադարանին մէջ, Լեւոն ԺԴ Պապը ստորագրեց Իր առաջին առաքելական յորդորագիրը՝ «Dilexi te-Քեզ Սիրեցի» վերնագիրով, Պետական քարտուղարութեան ընդհանուր գործերու տեղակալ արք. Էտկար Փենա Փառայի ներկայութեամբ։
Քահանայապետին առաքելական յորդորագիրը պիտի ներկայացուի յառաջիկայ 9 հոկտեմբերին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ։
Առաքելական յորդորագիրին ներկայացումին ելոյթ պիտի ունենան Մարդկային համապարփակ զարգացման համար վերատեսչութեան վերատեսուչ Կարդինալ Միքաէլ Չեռնի, Բարեգործական ծառայութեան վերատեսչութեան վերատեսուչ Կարդինալ Քոնրատ Քրայեւսքին, ապա առցանց ելոյթ պիտի ունենան Ֆրանսայի եւ Պելկիոյ Փոքրիկ եղբայրներուն միաբանութեան, Աստուածաբանութեան տոքթոր, եղբայր Ֆրէտէրիք Մարի լէ Մէհութէ, ինչպէս նաեւ Թրէ Ֆոնթանէ եղբայրներուն Յիսուսի Փոքրիկ քոյր, Քլէմէնսը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
