Որոնել

2025.10.31 Membri della "Organizacion de Universidades Catolicas de America Latina y el Caribe

Կաթողիկէ Համալսարանը ստեղծագործութեան և գիտելիքներու ճառագայթման կեդրոն է մարդկութեան բարօրութեան համար. Լեւոն ԺԴ.

Կաթողիկէ համալսարանները կոչուած են ըլլալու «դէպի Աստուած տանող մտքի ճանապարհորդութիւն», նպաստելով մարդու համապարփակ զարգացումին, կարողութիւններու, գերազանցութեան և ընդհանուր բարօրութեան հանդէպ յանձնառումին միջոցաւ, ըսաւ ի միջի այլոց Լեւոն ԺԴ. այսօր առաւօտեան հանդիպելով Լատին Ամերիկայի և Քարիպեան աւազանի կաթողիկէ համալսարաններու կազմակերպութեան անդամներուն հետ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ` 31 հոկտեմբեր 2025-ին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը պաշտօնական հանդիպումներու օրակարգը սկսաւ հանդիպելով Լատին Ամերիկայի և Քարիպեան աւազանի կաթողիկէ համալսարաններու կազմակերպութեան անդամներուն հետ որոնցմէ ետքը ունկնդրութիւն շնորհեց Խրուաթիոյ Հանրապետութեան նախագահ Զորան Միլանովիչին ապա ընդունեց  Միջ-կրօնական Երկխօսութեան Վերատսեչութեան Վերատեսուչ Կարդինալ Եաքոպ Քովաքատը հուսկ Ֆրանսայի Ռուէն Թեմի Արքեպիսկոպոս` Գերապ. Տոմինիք Լեպրէնը, ապա Առաքելական Պալատի «Քահանայապետերու» դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց «International Youth Advisory Body» հաստատութեան` որ Խորհրդակցական մարմին մըն է, որուն նպատակն է Սուրբ Աթոռին տեղեկացնել երիտասարդներուն տեսակէտները` Եկեղեցւոյ առաքելութեան հիմքը կազմող տարբեր հարցերու վերաբերեալ։

Լեւոն ԺԴ. Պապին օրուան վերջին պաշտօնական հանդիպումը կայացաւ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, ուր Ան հանդիպեցաւ Կրթութեան Աշխարհի Յոբելեանին մասնակցողներուն հետ, եւ յատկապէս քսան հազարի մօտ մանկավարժներուն հետ, անոնց ուղղելով իր պատգամը

Լատին Ամերիկայի և Քարիպեան աւազանի կաթողիկէ համալսարաններու կազմակերպութեան անդամներուն հետ հանդիպում

Ինչ կը հայի Լատին Ամերիկայի և Քարիպեան աւազանի կաթողիկէ համալսարաններու կազմակերպութեան անդամներուն հետ հանդիպումին, Նորին Սրբութիւնը անոնց ուղղած ողջոյնի խօսքը սկսաւ բարի գալուստ մաղթելով եւ շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց Եկեղեցւոյ կրթական առաքելութեան ի սպաս յանձնառումին համար, ընդգծելով` թէ ինչպէս Հռոմ կատարած անոնց ուխտագնացութիւնը Կրթական Աշխարհի Յոբելեանին առիթով կը ներկայացնէ հաղորդութեան եւ համագործակցութեան շօշափելի նշան մը։

Քահանայապետը առ այդ յիշեցուց թէ Եկեղեցւոյ սրտին մէջ ծնունդ առած Կաթողիկէ Համալսարանը «Ստեղծագործութեան և գիտելիքներու ճառագայթման կենտրոն է մարդկութեան բարօրութեան համար», ուր հաւատք եւ բանականութիւն կը հանդիպին անձին լիարժէք գիտակցումը խթանելու համար։

Կաթողիկէ համալսարանները կոչուած են ըլլալու «դէպի Աստուած տանող մտքի ճանապարհորդութիւն»

Յղում կատարելով ապա Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. եւ Լեւոն ԺԳ. Քահանայապետերուն, Նորին Սրբութիւնը վերահաստատեց` թէ կաթողիկէ համալսարանները կոչուած են ըլլալու «դէպի Աստուած տանող մտքի ճանապարհորդութիւն», նպաստելով մարդու համապարփակ զարգացումին, կարողութիւններու, գերազանցութեան և ընդհանուր բարօրութեան հանդէպ յանձնառումին միջոցաւ։

Լեւոն ԺԴ. ապա ճանչնալով այսօրուայ աշխարհին մէջ կրթական աշխարհին դիմարգուած դժուարութիւնները, քաջալերեց կաթողիկէ համալսարանները քաջութեամբ եւ ստեղծագործութեամբ շարունակելու իրենց աւետարանութեան առաքելութիւնը, ապա Լատին Ամերիկայի և Քարիպեան աւազանի կաթողիկէ համալսարաններու կազմակերպութեան անդամները յանձնեց Իմաստութեան Աթոռ Սուրբ Կոյս Մարիամին, որպէսզի զանոնք առաջնորդէ իրենց հովուական եւ դաստիարակչական ծառայութեան մէջ։

Սրբազան Պապը խօսքը աւարտեց ներկաները հրաւիրելով միասնաբար աղօթելու Հայր մեր աղօթքը ապա բոլորին շնորհեց իր օրհնութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/10/2025, 09:43