Լեւոն ԺԴ. ունկնդրութիւն շնորհեց Լիթուայի հանրապետութեան նախագահին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Այսօր՝ 6 հոկտեմբեր 2025-ին, Լևոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Առաքելական պալատին մէջ ընդունեց Լիթուայի Հանրապետութեան նախագահ, տիար Կիթանաս Նաուզետան, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Պետքարտուղար, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, որուն կ՜ընկերանար Պետութիւններու և միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար, Գերապ. Փոլ Ռիչարտ Կալլակէր» լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը։
Պետական Քարտուղարութեան մէջ կայացած ջերմ հանդիպման ընթացքին գոհունակութիւն յայտնուեցաւ Սուրբ Աթոռի և Լիթուայի Հանրապետութեան միջև առկայ լաւ և արդիւնաւէտ յարաբերութիւններու համար։
Հանդիպումը կենտրոնացաւ շարք մը միջազգային հարցերու, մասնաւորապէս՝ Ուքրանիայի պատերազմի վրայ՝ ընդգծելով դիւանագիտականլուծումներու որոնումները աշխուժացնելու անհրաժեշտութիւնը, խուսափելու համար անկանխատեսելի և ծանր հետևանքներով հակամարտութեան ընդլայնման վտանգէն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
