Լեւոն ԺԴ. Պապին Առաքելական առաջին ճամբորդութիւնը Թուրքիա եւ Լիբանան
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Երեքշաբթի` 27 հոկտեմբերին Հրատարակուեցաւ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին Առաքելական առաջին ճամբորդութեան յայտագիրը` 27 նոյեմբերէն մինչեւ 2 դեկտեմբեր, որ զինք պիտի առաջնորդէ նախ Թուրքիա, Նիկիոյ Ժողովի 1700 ամեակին առիթով, ապա Լիբանան, իրականացնելու համար Ֆրանչիսկոս Պապին փափաքը։ Արդարեւ սոյն Ճամբորդութիւնները արդեն պատրաստութեան մէջ էին Ֆրանչիսկոս Պապին օրով, սակայն հանգուցեալ Քահանայապետի ել վերջին շրջանին առողջապահական փխրուն վիճակի բերումով յետաձգուեցան։
27 նոյեմբեր
Լեւոն ԺԴ. Վատիկանէն կը մեկնի Հինգշաբթի 27 նոյեմբերի առաւօտեան ուղղուելով հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայան, որտեղէն ապա կ՛ուղղուի Թուրքիոյ մայրաքաղաք` Անգարա, ուր ժամանումը նախատեսուած է տեղական ժամով 12,30-ին։
Անգարայի Էսենպողա միջազգային օդակայանին մէջ տեղի ունեցած պաշտօնական հիւրընկալութենէն ետքը, Լեւոն ԺԴ. հետեւելով Թուրքիոյ Փրոթոքոլային արարողակարգին պիտի այցելէ Աթաթուրքի համալիրը, ապա պիտի ուղղուի Նախագահական Պալատ` ուր հանդիպում պիտի ունենայ երկրի նախագահ ՌեՃեփ ԹայիՊ Էրտողանին հետ, որմէ ետքը Պալատին ներքոյ հանդիպում պիտի ունենայ քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն ու դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ, անոնց ուղղելով ճամբորդութեան ընթացքին նախատեսուած ճառերէն առաջինը։
Հանդիպումէն ետքը Սրբազան Պապը հրաժեշտ պիտի առնէ Անգարայէն եւ պիտի ուղղուի Իսթանպուլի Աթաթուրք օդակայան, ուր ժամանումը նախատեսուած է երեկոյեան ժամը եօթին։
28 նոյեմբեր
Ճամբորդութեան երկրորդ օրը` 28 նոյեմբերին, Նորին Սրբութեան օրակարգը պիտի սկսի Իսթանպուլի Սուրբ Հոգի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ տեղական եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, սարկաւագներուն կրօնաւորներուն ու հովուական ծառայութեամբ զբաղող անդամներուն հետ հանդիպումով, որոնց Ան պիտի ուղղէ իր սրտին խօսքը ապա պիտի այցելէ Մայր Թերեզայի Փոքրիկ քոյրերուն հոգատարութեան տակ գտնուող ծերանոցը։
Կէսօրէն ետքը Սրբազան Պապը ուղղաթիռով պիտի փոխադրուի Իզնիք, ուր նախատեսուած է համամիութենական աղօթքի հանդիպում մը, Իզնիքի երբեմնի Սուրբ Նեոֆիտոսի հին տաճարի հնագիտական պեղումներու մօտ, ուր տեղի ունեցած էր Նիկիոյ առաջին ժողովը։ Սրբազան Պապը ներկաներուն պիտի ուղղէ պատգամ մը եւ աղօթքէն ետքը պիտի վերադառնայ Իսթանպուլ, ուր երեկոյեան առանձնական հանդիպում պիտի ունենայ տեղական եպիսկոպոսներուն հետ Իսթանպուլի Առաքելական Պատուիրակութեան մօտ։
29 Նոյեմբեր
Շաբաթ` 29 նոյեմբերին օրակարգը կը նախատեսէ Սրբազան Պապին այցելութիւնը Սուլթան Համիտ մզկիթ, որմէ ետքը Մար Էֆրեմ ասորի օրթոտոքս եկեղեցւոյ մէջ պիտի հանդիպի քրիստոնեայ եկեղեցիներու ու հասարակութիւններու ղեկավարներուն հետ, ապա Սուրբ Գէորգ պատրիրաքական եկեղեցւոյ մէջ պիտի մասնակցի «Տոքսոլոճիա»ի աղօթքին ու ողջոյնի խօսք պիտի ուղղէ ներկաներուն, հուսկ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոս Ա-ի հետ պիտի ստորագրէ միացեալ յայտարարութիւն մը Պատրիքարկան պալատին մէջ։
Ան ապա «Volkswagen Arena» համալիրին մէջ պիտի մատուցէ սուրբ պատարագը որուն պիտի մասնակցին տեղական հաւատացեալները։
30 նոյեմբեր
Կիրակի` 30 նոյեմբերին, Թուրքիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան վերջին օրը, Նորին Սրբութիւնը առաւօտեան պիտի այցելէ Իսթանպուլի Հայ Առաքելական Պատրիարքարանը, ուր պիտի ուղղէ իր սրտին խօսքը հուսկ Սուրբ Գէորգ Պատրիարքական Եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցէ Սուրբ Պատարագ, որուն պիտի յաջորդէ համամիութենական օրհնութիւն եւ Բարթողոմէոս Ա.ի հետ կէսօրուան ճաշը։
Սյս հանդիպումով վերջ կը գտնէ Լեւոն ԺԴ. Պապին առաջին առաքելական ճամբորդութեան առաջին հանգրուան հանդիսացած Թուրքիա այցը, որմէ ետքը ան Իսթանպուլի Աթաթուրք միջազգային օդակայանէն պիտի փոխադրուի Պէյրութի օդակայան, ուր ժամանումը նախատեսուած է կէսօրէն ետքը ժամը 15,45-ին եւ ուր բարի գալուստի արարողութենէն ետքը Քահանայապետը եւ իր հետ ճամբորդող պատուիրակութեան անդամները պիտի փոխադրուին Լիբանանի Նախագահական Պալատ, ուր Լեւոն ԺԴ. քաղաքավարական այցելութիւն պիտի տայ նախագահին, ապա հակիրճ հանդիպումներ պիտի ունենայ Ազգային Ժողովի նախագահին ու Լիբանանի վարչապետին հետ ապա քաղաքական, քաղաքացիական իշխանութիւններու ու դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ որոնց պիտի ուղղէ իր սրտին խօսքը։
Մէկ դեկտեմբեր
Երկուշաբաթի մէկ դեկտեմբերին Նորին Սրբութիւնը պիտի այցելէ Սուրբ Շարպելի Աննայայի սրբավայրը, ուր պիտի աղօթէ սուրբի դամբանին վրայ եւ դաշտագնացութիւնէն վերադարձին Հարիսայի Սրբավայրին մէջ պիտի հանդիպի տեղական եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն ու կրօնաւոր-կրօնաւորուհիներուն ու հովուական գործիչներու անդամներուն հետ, որոնց պիտի ուղղէ իր սրտին խօսքը։
Այս հանդիպումէն ետքը Քահանայապետը առանձական հանդիպում պիտի ունենայ Միջին Արեւելքի Կաթողիկէ պատրիարքներուն հետ, հարիսայի առաքելական Նուիրակութեան մօտ։
Կէսօրէն ետքը նախատեսուած է միջ-կրօնական համամիութենական հանդիպում Պէյրութի Նահատակներու հրապարակին վրայ, որուն պիտի յաջորդէ Քահանայապետին երիտասարդներուն հետ հանդիպումը Պքէրքէյի մէջ։
2 դեկտեմբեր
Երեքշաբթի երկու դեկտեմբերին, առաքելական ճամբորդութեան վերջին օրը Լեւոն ԺԴ. Պապը պիտի այցելէ Ժալ էլ Տիպի «Սուրբ Խաչ» հիւանդանոցը, ապա պիտի ուղղուի Պէյրութի նաւահանգիստ, ուր 2020-ին տեղի ունեցաւ զօրեղ պայթումը, այնտեղ ամփոփուելով լռելեան աղօթքի մէջ։
Քահանայապետը ապա «Beirut Waterfront» տարածքին վրայ պիտի մատուցէ ճամբորդութեան եզրափակիչ պատարագը, որմէ ետքը պիտի փոխադրուի Պէյրութի միջազգային օդակայան եւ այնտեղ կայացած հրաժեշտի արարողութեան աւարտին, որուն առթիւ պիտի ուղղէ ճամբորդութեան վերջին ճառը, Լեւոն ԺԴ. կը բարձրանայ օդանաւ վերադարձ կատարելու համար Հռոմ ապա Վատիկան։
Առաքելական այս Ճամբորդութեան ընթացքին Քահանայապետը պիտի արտասանէ ինը ճառեր, հինգ ողջոյնի խօսքեր եւ երկու քարոզներ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
