Որոնել

2019.08.01 San Francesco d’Assisi

Լեւոն ԺԴ. յիշեց այսօր յիշատակուող Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի տօնը ու հրաւիրեց հետեւիլ անոր օրինակին

Ողջոյնի իր խօսքերուն մէջ Քահանայապետը խրախուեց հաւատացեալները աղօթելու երիտասարդներուն համար, որպէսզի անոնք` Աստուծոյ Թագաւորութեան եւ անոր արդարութեան ծառայող Եկեղեցւոյ մէջ գտնեն տարածք մը` որուն մէջ կարող ըլլան կատարելու` յոյսի աջակցութեամբ Աւետարանին ներշնչուած ընտրութիւններ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Այսօր կը յիշատակենք Ասսիզիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսը. Ձեզի համար, սիրելի երիտասարդներ, թող ըլլայ աւետարանական կեանքի տիպար։ Ձեզի հիւանդներ, ըլլայ Քրիստոսի Խաչի սիրոյն օրինակը եւ ձեզի նորապսակներ` ըլլայ հրաւէր միշտ վստահութիւն ունենալու աստուածային նախախնամութեան վրայ». Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին խօսքերն են ասոնք, զոր Ան արտասանեց, Շաբաթ` 4 հոկտեմբերին Սուրբ Պետրոս հրապարսպին վրայ գլխաւորած Յոյսի նուիրուած Յոբելենական սուրբ տարուայ առիթով նախատեսուած յոբելենական հերթական ունկնդրութեան աւարտին, զանազան լեզուներով հաւատացեալներուն ուղղած իր ողջոյնի խօսքերու  մտաբերելով երիտասարդները, հիւանդներն ու նորապսակները։

Ողջոյնի իր խօսքերուն ժամանակ Քահանայապետը խրախուեց հաւատացեալները աղօթելու երիտասարդներուն համար, որպէսզի անոնք` Աստուծոյ Թագաւորութեան եւ անոր արդարութեան ծառայող Եկեղեցւոյ մէջ գտնեն տարածք մը` որուն մէջ կարող ըլլան կատարելու` յոյսի աջակցութեամբ Աւետարանէն ներշնչուած ընտրութիւններ։ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց նաեւ ուխտաւորները ընտրելու Յիսուսին Աւետարանին մէջ մեզի նուիրուած կեանքը երբ անոնք անցնին Սուրբ Դուռէն. «Աղքատ, արդար, ողորմած, խաղաղ ու երջանիկ կեանք» ըսաւ Ան ապա յորդորեց նաեւ հետեւիլ Սուրբ Ֆրանիսկոսի եւ Սրբուհի Քիարայի օրինակին ու անոնց նման կատարելու կեանքի քաջ ընտրութիւններ, դառնալով միւսներու համար յոյսի նշան մը։

Սրբազան Պապը հուսկ յատուկ ողջոյն մը ուղղեց Միսիոներական եւ Գաղթականներու աշխարհի ուխտաւորներուն, որոնք այս օրերուն կը մասնակցին Յոյսին նուիրուած յոբելենական ուխտագնացութեան. «Աղօթելով` որ դուք այս յոբելենական տարուան ընթացքին կարողանաք փորձարկել յոյսին առաքինութեան աճումը, ձեր ու ձեր ընտանիքներուն վրայ կը հայցեմ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ուրախութիւնն ու խաղաղութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/10/2025, 11:13