Որոնել

Պուրունտի, անչափահասներ Պուրունտի, անչափահասներ 

Լեւոն ԺԴ. Մեր յոյսը միշտ Յիսուս Քրիստոսն է։ Ան եւ միայն Ան եկեղեցւոյ եւ ամբողջ աշխարհի յոյսն է

Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Յոբելինական Սուրբ Տարուան առիթով ուխտագնացութեամբ Հռոմ ժամանած «Գերպ. Քորթնէյ եղբայրութիւն» հասարակութեան անդամները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 22 հոկտեմբերին, Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց «Գերպ. Քորթնէյ եղբայրութիւն» հասարակութեան անդամները ու անոնց ուղղած պատգամին սկիզբը ողջունեց, ուխտագնացութեամբ Հռոմ ժամանած հասարակութեան անդամները ու անոնց ընկերացող Պորունտի մէջ Պապական Նուիրակ գերպ Տիէտոնէ Տադունուն։

Պատգամին մէջ Քահանայապետը յիշելով Յոբելինական սուրբ տարուան վերաբերեալ Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքը «Յոյսը երբեք ամօթով չթողուր» (Հռոմ 5,5)
հաստատեց ըսելով, «Մեր յոյսը Յիսուս Քրիստոսն է։ Ան եւ միայն Ան եկեղեցւոյ ամբողջ աշխարհի յոյսն է։ Մենք բոլորս գիտակից ենք, որ այսօր աշխարհը կարիքը ունի այս յոյսին։ Հետեւաբար մենք, որպէս ուխտաւորներ կը քալենք՝ հանդիպելու համար Անոր ու  կրկին դնելու մեր եւ աշխարհի կեանքի կեդրոնը» ըսաւ Սրբազան Հայրը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց խոցելի անձերուն ի սպաս նուիրուածութեան եւ պատրաստակամութեան համար, հաստատելով «Այս կերպով դուք կը յարգէք արք. Քորթինի յիշատակը, որ իր կեանքը նուիրեց ու զոհաբերեց ձեր սիրելի ազգին խաղաղութեան համար»։

«Մինագոյի մէջ՝ Արք Քորթինի սպանութեան վայրին մէջ յուշարձան կառուցելու, առողջապահական կեդրոնի կառուցման նախագիծին մէջ ձեր ներդրումը ինչպէս նաեւկ արիքաւորներուն նկատմամբ ձեր բարեգործական աշխատանքները եւ շատ այլ նախաձեռնութիւնները հզօր պատգամ են ձեր երկրի եկեղեցւոյ համար», ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Քահանայապետը պատգամը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով եղբայրութեան անդամներու տուած այցելութեան համար քաջալերելով զանոնք շարունակելու իրենց գործունէութիւնները, ինչպէս նաեւ պահպանելու աւելի լաւ աշխարհի համար յոյսը եւ այն վստահութիւնը, որ Քրիստոսի հետ միացած թափուած բոլոր ջանքերը իրենց փոխհատուցումը կը գտնեն եւ պտուղ կու տան։

Հայցելով Տիրամօր հովանին Քահանայապետը իր առաքելական օրհնութիւն տուաւ ներկաներուն, անոնց ընտանեկան պարագաներուն ինչպէս նաեւ բոլոր բարերարներուն, որոնք կը գործեն Պուրունտի ժողովուրդի համապարփակ զարգացման համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/10/2025, 10:50