Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը  (@VATICAN MEDIA)

Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Զուիցերիոյ համադաշնակցութեան նախագահը

Սուրբ Աթոռի հաղորդագրութիւնը Քահանայապետին Եւ Զուիցերիոյ համադաշնակցութեան նախագահին հետ հանդիպումի վերաբերեալ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 3 հոկտեմբերին, Վատիկանի Առաքելական պալատի իր գրասենեակին մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Զուիցերիոյ համադաշնակցութեան նախագահ, Տիկին Քարին Քելլեր Սութերը։ Նախագահը ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին հետ, ընկերակցութեամբ Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութեան քարտուղար, գերպ Փոլ Ռիչար Կալլակերի։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք որ, Պետական քարտուղարութենէն ներս տեղի ունեցած ջերմ քննարկումներուն ընթացքին, յիշուեցաւ Պապական քահանայապետական պահակագունդի առատաձեռն նուիրուածութիւնը, գոհունակութեամբ արտայայտուեցան երկու կողմերու միջեւ գոյացած բարի եւ արդիւնաւէտ յարաբերութիւններու համար։

Հանիիդպումի ընթացքին քննարկումները կեդրոնացան միջազգային հարցերու եւ ընդհանուր հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներուն վրայ, մասնաւորապէս Ուքրանիոյ եւ Կազայի մէջ պատերազմի աւարտէն ետք խաղաղութեան հեռանկարի վրայ։

Յայտնենք թէ Զուիցերիոյ նախագահը Պապին նուիրեց Սուրբ Վիպորատայի սրբապատկերը, որ քահանայապետի մը կողմէ սրբադասուած առաջին կինն է՝ Կղեմես Բ Պապին օրով, 1047 թուականին հանդիսաւոր արարողութեան ժամանակ գերմանական կայս Հենրի Գ.ի ներկայութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/10/2025, 12:50