Լեւոն ԺԴ. «Թող Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի բարեխօսութիւնը նորոգէ հաւատացեալներուն եռանդը եւ հաշտութեան ու խաղաղութեան պտուղներ բերէ բոլորին»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երկուշաբթի, 20 հոկտեմբերին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապ ընդունեց եւ Իր սիրտի խօսքը ուղղեց, կիրակի 19 հոկտեմբերին, Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ կայացած Իգնատիոս Արք Մալոյեանի եւ վեց երանելիներուն սրբադասման մասնակիցները, որոնց շարքին աւելի քան 1500 հայ ուխտաւորները։
Եպիսկոպոսներուն, քաղաքացիական իշխանութիւններուն, կղերական դասին անդամներուն եւ ուխտաւորներուն ուղղած խօսքին մէջ Քահանայապետը իր ուրախութիւնը յայտնեց սրբադասումի միջոցառումի կապակցութեամբ ընդգծելով որ սրբադասումը մեզի կը յիշեցնէ, թէ ինչպէս Եկեղեցւոյ Հաղորդութիւնը կը միացնէ բոլոր հաւատացեալները, ժամանակի, լեզուի եւ մշակոյթի սահմաններէն անդին ու հաստատեց որ նոր Սուրբերը յոյսի փայլուն նշաններն են՝ Իրենց կեանքը Քրիստոսի եւ իրենց եղբայրներուն եւ քոյրերուն սիրոյ մէջ զոհաբերելու համար։
Քահանայապետը ապա տարբեր լեզուներով անդրադարձաւ Նոր եօթը սուրբերուն մասին, Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի մասին անգլերէն լեզուով խօսելով ըսաւ.
«Մենք բոլորս կը կիսենք սիրելի Հայ Ժողովուրդի ուրախութիւնը՝ նայելով նահատակուած Եպիսկոպոս Իգնատիոս Մալոյեանի Սրբութեան։ Ան Քրիստոսի սիրտին համապատասխան հովիւ էր եւ ծանր դժուարութիւններուն ժամանակներուն Ան չլքեց իր հօտը, այլ խրախուսեց զանոնք ամրապնդելու իրենց հաւատքը։ Երբ Անորմէ խնդրեցին, որ հրաժարի իր հաւատքէն՝ ազատութեան դիմաց, Ան չվարանեցաւ ընտրել իր Տէրը՝ նոյնիսկ իր սեփական արիւնը թափելու աստիճան։ Սա ինծի սիրով մտածել կու տայ Հայ Ժողովուրդին մասին, որ քարերուն վրայ խաչը կը փորագրէ որպէս իրենց անսասան եւ ճայրի նման կայուն հաւատքի նշան։ Թող Նոր Սուրբի բարեխօսութիւնը նորոգէ հաւատացեալներուն եռանդը եւ հաշտութեան ու խաղաղութեան պտուղներ բերէ բոլորին համար»։
Սան Փիթեր Թօ Ռոթ
Լեւոն ԺԴ Պապը նշեց, թէ Փափուա Նովա Կիէնէայի ժողովուրդի խոր հաւատքը կ՝արտացոլայ Սուրբ Փիթեր Թօ Ռոթի մէջ, որ մեզի անսասանութեան եւ տոկունութեան ոգեշնչող օրինակ կը բերէ Աւետարանի Ճշմարտութիւնները քարոզելու մէջ՝ դժուարութիւններու եւ մարտահրաւէրներու դիմաց , նոյնիսկ մեր կեանքը սպառնացող վտանգներու դիմաց։ Սուրբ Փիթեր Թօ Ռոթ ցուցաբերեց արտակարգ քաջութիւն վտանգելով իր կեանքը՝ գաղտնի կերպով առաքելական գործունէութիւնը կատարելու համար ու ան վճռականօրէն պաշտպանեց ամուսնութեան սրբութիւնը, երբ իշխանութիւնները թոյլատրեցին բազմակնութեան օրէնքը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու հրաւիրեց լսելու Սան Փիթեր Թօ Ռոթի հետեւեալ խօսքերը թշնամութեան առջեւ. « Սա շատ դժուար ժամանակ է մեզի համար։ Բոլորս վախի մէջ ենք։ Բայց Աստուած՝ մեր Հայրը մեր հետն է ու հոգ կը տանի մեզի։ Մենք պէտք են աղօթենք, խնդրենք իրմէ որ միշտ մեր հետ մնայ։ Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր Թող Սուրբ Փիթերօ Թոթ Ռոլի օրինակը խրախուսէ մեզի հաւատքի ճշմարտութիւնը տարածելու, նոյնիսկ անձնական զոհաբերութեան գնով եւ միշտ ապաւինինք Աստուծոյ մեր փորձութիւններուն ժամանակ»։
Անդրադառնալով Սուրբ Խօսէ Կրէկորիօ Հերնատէ եւ Սրբուհի Ռէնտիլէս մասին Քահանայապետը մաղթեց որ այս նոր սուրբերուն մարտիրոսակա առաքինութիւնները՝ հաւատքն, յոյսն ու սէրը ոգեշնչեն Վենեզուելլացիները իրար զիրար ճանչնալու որպէս եղբայրներ եւ մտածեն իրենց երկրին ապագայի մասին տեսնելով այդ սուրերուն մէջ մատչելի օրինակ։
Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ Սալեզեան Սուրբը իր կեանքը նուիրեց Էքուատորի բնիկ ժողովուրդին, Համատեղելով բժշկական կարողութիւնը եւ Քրիստոսի հանդէպ սէրը, ու այս առատաձեռն միսիոնարուհին բուժեց բոլորին սիրտերն ու անդամները այն սիրով եւ ուժով զոր ստացաւ հաւատքէն ու աղօթքէն։
Քոյր Վինչէնցա Մարիա Փոլին, Ողորմութեան քոյրերու հիմնադիրի շնորհաւորագրերը կը վկայէ հիւանդներուն եւ մեկուսացուցածներուն նկատմամբ Յիսուսի կարեկցանքը մասին ու Անոր ընկերային նուիրուածութիւնը սնուած է խոր Սուրբ Հաղորդութեան եւ Մարեմական հոգեւորականութեան շնորհիւ։
Պարթոլօ Լոնկօ։ Քահանայապետը նշեց որ Սուրբ Լոնկոն Աստուծմէ հեռու ապրած կեանքէն ետք, Ան իր բոլոր ուժը նուիրեց ողորմութեան աշխատանքներուն եւ հաւատքի խթանման եւ Տիրամօր սիրոյ, մասնաւորապէս Փոփմէի սրբավայրի միջոցաւ եւ վարդարանի աղօթքով։
Նորին Սրբութիւնը եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Սիրելի ուխտաւորներ, յոյսով եմ, որ կը վերադառնաք ձեր հողերը՝ երախտագիտութեամբ լի սիրտերով եւ նոր սուրբերուն նմանելու կիզիջ փափաքով։ Թող Անոնց բարեխօսութիւնը ուղեկցի ձեզի, իսկ օրինակ ձեզ ոգեշնչէ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
