Որոնել

Pope Leo holds the weekly general audience at the Vatican

Յարութեան կեդրոնականութիւնը «հաւատքի և յոյսի աղբիւրը». Հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը

Սիրելի՛ եղբայրներ և քոյրեր, մենք ալ ուղարկուած ենք։ Մեզ ալ Տէրը ցոյց կու տայ իր վէրքերը և կ՛ըսէ. «Խաղաղութիւն ձեզի։ Մի՛ վախնաք ցոյց տալ ձեր վէրքերը, որոնք բուժուած են ողորմութեամբ։ Մի՛ վախնաք մօտենալու անոնց, որոնք փակուած են վախի կամ մեղքի մէջ։ Թող Հոգիին շունչը մեզ ալ նոյնպէս դարձնէ այս խաղաղութեան և այս սիրոյ վկաները, որոնք աւելի ուժեղ են, քան ցանկացած պարտութիւն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Չորեքշաբթի մէկ հոկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Պապը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ աւանդական հրապարակային ունկնդրութիւնը տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու մասնակցութեամբ։

Շարունակելով «Յիսուս Քրիստոս մեր Յոյսը» նիւթի մասին խորհրդածութիւններու շարքը Նորին Սրբութիւնը խօսքը կեդրոնացուց Յարութեան կեդրոնականութեան վրայ` «հաւատքի և յոյսի աղբիւրը»։

«Յիսուսի յարութիւնը աղմկարար յաղթանակ մը չէ, վրէժխնդրութիւն կամ հակահարուած չէ թշնամիներու նկատմամբ։ Անիկայ հրաշալի վկայութիւնն է, թէ ինչպէս սէրը ընդունակ է մեծ պարտութիւնէ մը յետոյ դարձեալ վերականգնելու շարունակելու իր անկասելի ճանապարհորդութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը, բացատրելով, թէ ինչպէս մեր պարագային երբ դուրս կու գանք ուրիշներէն մեզի հասցուած վնասէ մը, մեր առաջին արձագանքը զայրոյթն է, եւ ցանկութիւնը մէկու մը վճարել տալ մեր ցաւին գինը։

Վէրքերէն աւելի մեծ սիրոյ ուրախութիւն

«Իսկ Յիսուս այդպէս չի հակադարձէր. Ան դուրս եկած մահուան դժոխքէն, խոնարհութեամբ կը բացայայտէ վէրքերէն աւելի մեծ ու դաւաճանութենէն աւելի զօրեղ սիրոյ մը ուրախութիւնը», յարեց Սրբազան Քահանայապետը աւելցնելով որ` «որպէս այս սիրոյ նշան՝ Յիսուս առաքեալներուն կու տայ երկու պարգև՝ իր խաղաղութիւնը և Սուրբ Հոգին։ «Խաղաղութիւն ձեզի», - կ՛ըսէ Ան անոնց ցոյց տալով իր վէրքերը։

Խաղաղութեան պարգեւրը

«Արդարեւ Յիսուս կը յայտնուի լի վախով իր բարեկամներուն, փակուած վերնատան մը մէջ, անոնց տանելով պարգեւ մը` զոր ոչ մէկը կ՛ակնկալէր. Խաղաղութիւնը» յարեց Քահանայապետը ու աւելցուց թէ ինչպէս աշակերտները տեսնելով Յիսուսը ուրախացան։

«Յիսուսին վէրքերը չեն ծառայէր յանդիմանելու համար այլ հաստատելու` որ սէրը աւելի զօրաւոր է անհաւատարմութենէն։ Անոնք ապացոյցն են, որ մեր ձախողութեան ու ետքայլ կատարելու պահուն, Աստուած չի նահանջեր։ Ան մեզմէ չէ հրաժարած։

Յարութիւնը անցեալին ջնջումը չէ, այլ անոր վերափոխումը ողորմութենէ կազմուած յոյսի

«Յիսուս ինքզինք ցոյց կու տայ մերկ եւ անզէն։ Անիկայ չի պահանջեր, սպառնալիքով չի հարկադրեր։ Անոր սէրը չի նուաստացներ. Անիկայ այն մարդու խաղաղութիւնն է, որ տառապած է սիրոյ համար և հիմա վերջապէս կարող է ըսել, որ այդ մէկը ընելը արժեց։ Իսկ մենք յաճախ կը թաքցնենք մեր վէրքերը՝ հպարտութենէ կամ թոյլ թուալու վախէն դրդուած։ Երբեմն մենք կը նախընտրենք թաքցնել մեր ներելու ջանքերը, որպէսզի խոցելի չթուան և խուսափինք կրկին տառապելու վտանգէն» ըսաւ ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը եւ հաստատեց որ «Յիսուս իր վէրքերը կ՛ առաջարկէ որպէս ներման երաշխիք» եւ «ցոյց կու տայ, որ յարութիւնը անցեալին ջնջումը չէ, այլ անոր վերափոխումը ողորմութենէ կազմուած յոյսի»։

Աշխարհին մէջ ըլլալ հաշտութեան գործիքներ

«Յիսուս ապա կ՛աւելցնէ. «Այնպէս ինչպէս Հայրը զիս ղրկեց, ես ալ ձեզ կ՛ուղարկեմ» եւ այս խօսքերով աշակերտներուն կը յանձնէ պարտականութիւն մը, որ ոչ այնքան իշխանութիւն է որքան պատասխանատուութիւն. Աշխարհին մէջ ըլլալ հաշտութեան գործիքներ» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. աւելցնելով, թէ այդ մէկը կ՛ընէ անոնց վրայ փչելով Սուրբ Հոգին։ Նոյն Հոգին` որ թիկունք կանգնեցաւ իրեն Հօր հնազանդելու պահուն ու խաչին վրայ զոհուելու սիրոյ մէջ։

Հաղորդել սէրը

Այս պահէն սկսեալ աշակերտները այելես չեն կարող լռել իրենց տեսածի եւ լսածի մասին. Այն է թէ Աստուած կը ներէ, կը վերականգնեցնէ, եւ վստահութիւն կը վերապարգեւէ։

Այս է ահա Եկեղեցւոյ առաքելութեան սիրտը, ոչ թէ ուրիշներու վրայ իշխանութիւն բանեցնել այլ հաղորդել սէրը անոր որ սիրուեցաւ, նոյնիսկ երբ արժանի չէր այդ սիրոյն։

Սիրելի՛ եղբայրներ և քոյրեր, մենք ալ ուղարկուած ենք։ Մեզ ալ Տէրը ցոյց կու տայ իր վէրքերը և կ՛ըսէ. «Խաղաղութիւն ձեզի։ Մի՛ վախնաք ցոյց տալէ ձեր վէրքերը, որոնք բուժուած են ողորմութեամբ։ Մի՛ վախնաք մօտենալու անոնց, որոնք փակուած են վախի կամ մեղքի մէջ։ Թող Հոգիին շունչը մեզ ալ նոյնպէս դարձնէ այս խաղաղութեան և այս սիրոյ վկաները, որոնք աւելի ուժեղ են, քան ցանկացած պարտութիւն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/10/2025, 10:34

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >