Միայն Յարութիւն առած Յիսուսը կարող է տալ իրական և տևական խաղաղութիւնը, որ մեզ կը պահէ և կը լիացնէ. Լեւոն ԺԴ.
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Յոբելենական տարուան խորհրդածութիւններու ընթացքին մինչեւ այժմ անդրադարձանք Յիսուսի կեանքի մասին հետեւելով Աւետարաններուն` անոր ծնունդէն մինչեւ մահն ու յարութիւնը։ Այսպէս ընելով մեր ուխտագնացութիւնը յոյսին մէջ գտաւ իր հիմքը իր ապահով ճանապարհը։ Իսկ այժմ, ուղեւորութեան վերջին մասին մէջ, թոյլ պիտի տանք, որ Քրիստոսին խորհուրդը, որ իր գագաթնակէտը կը գտնէ Յարութեան մէջ, արձակէ իր փրկարար լոյսը, շփուելով մարդկային և պատմական ժամանակակից իրականութեան հետ, անոր հարցերու և մարտահրաւէրներու հետ»։ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը այս խօսքերով սկիզբ տուաւ 15 Հոկտեմբերի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան, զոր գլխաւորեց Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ մասնակցութեամբ տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու։
Մենք ստեղծուած չենք պակասութեան համար
«Մեր կեանքը յատկանշուած է հակամարտութիւններով, որոնք կը բացայայտեն մեր սահմանափակումները և զանոնք յաղթահարելու մեր ձգտումը։ Մենք կը փնտռենք աշխարհիկ ճանաչումը, և անկախ անկէ՝ եթէ զայն ստանանք թէ չէ մենք մեզ կը զգանք դատարկ», ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը դիտել տալով, որ «իրականութեան մէջ մենք ստեղծուած չենք պակասութեան համար, այլ լիութեան համար, որպէսզի վայելենք կեանքը և կեանքը առատութեամբ, ըստ Յիսուսի Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ արտայայտութեան (հմմտ. 10։10):
«Այս մէկը ցոյց կու տայ, որ մենք իսկապէս չենք բաւարարուած այս աշխարհի անցողակի նուաճումներով եւ այս մէկը որովհետեւ ստեղծուած ենք Աստուծոյ պատկերի եւ նմանութեամբ, ու Սուրբ Հոգիի զօրութեամբ մեր սրտին մէջ կը զգանք անսպառ ցանկութիւն՝ աւելին ընելու» նշեց Լեւոն ԺԴ.։
Յարութիւն առած Քրիստոսը կ՛ երաշխաւորէ մեր ճանապարհորդութիւնը
«Մեր սրտի այս անդնդային ցանկութիւնը կարող է իր վերջնական պատասխանը գտնել ոչ թէ դերերու, ոչ թէ իշխանութեան, ոչ թէ ունեցուածքի մէջ, այլ այն վստահութեան մէջ, որ կայ մէկը, որ կ՛ երաշխաւորէ մեր մարդկութեան այս կազմաւորող ազդակը. այն գիտակցութեամբ որ այս սպասումը չի հիասթափեցնէր կամ ապարդիւն չէ։ Սոյն վստահութիւնը կը համընկնի յոյսին հետ» ըսաւ Քահանայապետը հաստատելով, որ «Յարութիւն առած Քրիստոսն է երաշխաւորը», Ինքն է մեր այրող ծարաւը բաւարարող աղբիւրը... Քրիստոսի Յարութիւնը, ըստ էութեան, մարդկային պատմութեան մէջ պարզ իրադարձութիւն չէ, այլ այն իրադարձութիւնը, որ զայն վերափոխեց ներսէն.:
Յիսուս մեր կեանքի անսպառ աղբիւր
«Մտածենք ջուրի աղբիւրի մը։ Որո՞նք են անոր առանձնայատկութիւնները։ Ան կը յագեցնէ և կը թարմացնէ արարածները, կը ջրէ հողն ու բոյսերը, բերրի և կենդանացնող կը դարձնէ այն ինչ` որ այլապէս կը մնար անջուր։ Ան թարմութիւն կու տայ յոգնած ճանապարհորդին՝ անոր առաջարկելով թարմութեան ովասիսի ուրախութիւնը։ Աղբիւրը կը յայտնուի որպէս բնութեան անվճար նուէր, արարածներուն եւ մարդոց։ Առանց ջուրի մենք չենք կրնար ապրիլ։
Յարութիւն առածը կենդանի աղբիւր է, որ երբեք չի չորնար կամ չի ենթարկուիր փոփոխութիւններու։ Ան միշտ կը մնայ մաքուր և պատրաստ իւրաքանչիւրի համար, որ ծարաւ է», յարեց ապա Սրբազան Պապը ու հաստատեց. «Միայն Յարութիւն առած Յիսուսը կարող է տալ իրական և տևական խաղաղութիւնը, որ մեզ կը պահէ և կը լիացնէ....Միայն մեռած և յարութիւն առած Յիսուսը, կը պատասխանէ մեր սրտերու ամենախոր հարցերուն»։
Յարութիւն առնելը կը նշանակէ կրկին ոտքի ելլել եւ կանգնիլ
«Յիսուս` է նաև մեր ճանապարհորդութեան վերջակէտը։ Առանց Անոր սիրոյն կեանքի ճանապարհորդութիւնը կը դառնար առանց նպատակակէտի թափառում, ողբերգական սխալ, բաց թողուած նպատակակէտով։ Մենք դիւրաբեկ արարածներ ենք։ Սխալը մեր մարդկութեան մաս կը կազմէ. մեղքի վէրքն է, որ մեզ կը ստիպէ իյնալ, յանձնուիլ և յուսահատիլ։ Փոխարէնը, Յարութիւն առնելը կը նշանակէ կրկին ոտքի ելլել եւ կանգնիլ», յարեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը, հաստատելով, որ «Յարուցեալը կ՛երաշխաւորէ մեր ճանապարհորդութիւնը, ան մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի տուն, ուր մենք սպասուած, սիրուած ու փրկուած ենք»։
«Սիրելիներ, Քրիստոսի յարութենէն կը բխի այն յոյսը, որ կեանքի դժուարութիւններուն հանդերձ, մեզի կու տայ խոր և ուրախալի անդորրութիւն, այն խաղաղութիւնը, որ միայն Ան կարող է մեզի տալ վերջաւորութեան, անվերջ խաղաղութիւն» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. Պապը եզրափակելով չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային անունկնդրութիւն խորհրդածութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
