Որոնել

Միայն Յիսուսն է` որ հնարաւոր կը դարձնէ անհնարինը. Լեւոն ԺԴ.

«Յիսուս յարութիւն չառաւ խօսքերով, այլ գործերով, իր մարմնով, որ կը կրէ իր չարչարանքներուն նշանները՝ մեզի հանդէպ անոր սիրոյ յաւիտենական կնիքը։ Կեանքի յաղթանակը դատարկ խօսք չէ, այլ իրական, շօշափելի փաստ», ըսաւ ապա Սրբազան Պապը մատնանշելով. թէ ինչպէս Յարուցեալը արմատապէս կը փոխէ հեռանկարը, յոյս սերմանելով ու լիացնելով տխրութեան թողած պարապութիւնը»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Չորեքշաբթի` 22 հոկտեմբեր 2025-ին, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին, Լեւոն ԺԴ. Պապը ներկայացուցած խորհրդածութիւնը դարձեալ կեդրոնացուց Յոբելենական տարուան առիթով ընտրուած «Յիսուս Քրիստոս մեր Յոյսը» նիւթին վրայ շարունակելով անցեալ շաբաթներուն սկսած Յարութեան մասին խորհրդածութիւնները ու յատկապէս անդրադառնալով «Յարութեան վերաբերող զօրութեան»:

Յիսուսի յարութեան զօրութիւնը 

Յիսուս Քրիստոսին յարութիւնը իրադարձութիւն մըն է, որ այնքանով որ խորացնենք այնքան աւելի մեզ կը զարմացնէ ու կը ներքաշէ որպէս հրապուրիչ լոյս մը։ «Ան եղաւ կեանքի եւ ուրախութեան պայթում մը` որ փոխեց մեր համայն իրականութեան իմաստը, բացասականէն դէպի դրական։ Ան չպատահեցաւ պոռթկումով, եւ ոչ ալ բռնի կերպով, այլ խոնարհ, թաքուն եւ հեզ կերպով, ըսաւ մտածականին սկիզբը Լեւոն ԺԴ.ը ընդգծելով թէ այսօր պիտի խորհրդածենք այն ձեւի մասին, որով Յիսուսին յարութիւնը կարող է բուժել մեր ժամանակներուն հիւանդութիւններէն մին` տխրութիւնը։

Տխրութիւնը

«Մեր հասարակութիւններուն մէջ տխրութիւնն ու յուսահատութիւնը կը ճնշեն անթիւ անհատներու վրայ, որոնք կը պայքարին իրենց կեանքի իմաստը գտնելու համար» նշեց Քահանայապետը ակնարկելով Յիսուսի Յարութենէն ետք դէպի Էմմաւուս գացող աշակերտներուն։

Էմմաւուսի աշակերտները

«Էմմաւուս տանող ճանապարհին մենք կը տեսնենք, որ աշակերտները նոյնպէս յուսահատ էին, քանի որ անոնք նոր ականատես եղած էին իրենց յոյսի ակնյայտ կործանման: Անոնք Երուսաղեմէն կը մեկնին, իրենց ետին թողելով Յիսուսին վրայ դրած իրենց յոյսը, Յիսուս` որ խաչուեցաւ եւ թաղուեցաւ։

«Անոնց յոյսը անհետացած էր եւ տխրութիւնը գրաւած էր անոնց սիրտը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը նշելով, թէ ինչպէս այդ պարտութեան եւ տխրութեան ուղեւորութիւնը, ուր ամէն ինչ կորսուած կը նկատուէր, կը փոխուի, երբ անոնց կը մօտենայ ճանապարհակից մը` Յիսուսի Քրիստոս, զոր անոնք չեն ճանչնար որովհետեւ տխրութիւնը մթագնած էր անոնց հայեացքը, ջնջած խոստումը, զոր Վարդապետը խոստացած էր տարբեր առիթներով, այն է թէ ինք պիտի սպաննուէր ու երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէր», ըսաւ Սրբազան Պապը անդրադառնալով Ղուկաս Աւետարանիչի (Ղուկ. 24,17), «անոնց դէմքը տխուր էր» նկարագրութեան։

Յիսուսին հետ հանդիպումը կը փոխէ կեանքը

Յիսուս անոնց մտիկ կ՛ընէ ու թոյլ կու տայ, որ արտայայտեն իրենց հիասթափութիւնը։ Ապա մեծ անկեղծութեամբ, զանոնք կը յանդիմանէ «յիմար ըլլալու և դանդաղ սրտով հաւատալու այն ամէն բաներուն, զոր մարգարէները ըսած էին», ապա գրութիւններու ընդմէջէն կը բացատրէ, թէ Քրիստոս պիտի չարչարուէր, մեռնէր ու ապա յարութիւն առնէր։ Այդ պահուն այդ երկու աշակերտներուն սրտերուն մէջ յոյսի ջերմութիւնը վերստին կը բորբոքի ապա այդ խորհրդաւոր ճանապարհակիցը կը հրաւիրեն իրենց հետ մնալու։

Քրիստոս իրապէս յարեաւ

Եւ Յիսուս ընթրիքի ժամանակ հացը առաւ ու բեկանեց ու անոնց բաժնեց եւ այդ պահուն անոնք ճանչցան զայն բայց ինք անհետացաւ անոնց տեսադաշտէն, ինչ որ անոնց հոգիները ողողեց անսպասելի և ուրախալի գիտակցութեամբ` թէ Քրիստոս իսկապէս յարութիւն առած է:

Անոնք ապա Երուսաղէմ վերադառնալով բոլորին կը պատմեն պատահածը։

«Յիսուս յարութիւն չառաւ խօսքերով, այլ գործերով, իր մարմնով, որ կը կրէ իր չարչարանքներուն նշանները՝ մեզի հանդէպ անոր սիրոյ յաւիտենական կնիքը։ Կեանքի յաղթանակը դատարկ խօսք չէ, այլ իրական, շօշափելի փաստ», ըսաւ ապա Սրբազան Պապը մատնանշելով. թէ ինչպէս Յարուցեալը արմատապէս կը փոխէ հեռանկարը, յոյս սերմանելով ու լիացնելով տխրութեան թողած պարապը։

Միայն Յիսուսն է` որ հնարաւոր կը դարձնէ անհնարինը

Յարութիւնը ճանչնալը կը նշանակէ փոխել մեր աշխարհահայեացքը՝ վերադառնալով լոյսին՝ ճանաչելու այն ճշմարտութիւնը, որ փրկեց և կը փրկէ մեզ։

Քոյրեր և եղբայրներ, եկէք ամէն օր արթուն մնանք յարութիւն առած Յիսուսի Զատկի հրաշքի մէջ։ Միայն Ինքն է որ անհնարինը հնարաւոր կը դարձնէ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/10/2025, 10:23