Ուրախութեամբ քալենք որպէս Աստուծմէ ընտրուած սուրբ Ժողովուրդ. Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Եղբայրներ և քոյրեր, ուրախ կիրակի։ Լատերանի տաճարի օծման օրը խորհրդածենք Հռոմի եկեղեցւոյ հետ միութեան և հաղորդակցութեան խորհուրդի մասին, որ կոչուած է ըլլալու մայրը, որ հոգ կը տանի համայն աշխարհին մէջ տարածուած քրիստոնեաներու հաւատքին և ճանապարհորդութեան». Կիրակի 9 նոյեմբեր 2025-ի կէսօրին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը այս խօսքերով սկսաւ կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքէն առաջ ներկայացուցած խորհրդածութիւնը, զոր ուզեց կեդրոնացնել օրուան կարեւոր տօնակատարութեան վրայ` Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Քահանայապետական պազիլիքայի օծման տօնին, որ տեղի ունեցած էր` 324 թուականի նոյեմբերի 9-ին, Սիլվեսթըր Ա Քահանայապետին օրով։
Առաքեալներու կողմէ վստահուած և պահպանուած հաւատքի փոխանցման շարժիչ ուժը
«Ինչպէս տեղեակ ենք Սուրբ Պետրոսի յաջորդին նստավայրը Հռոմի Թեմի աթոռանիստ Եկեղեցին, միայն պատմական, արուեստական ու կրօնական արտակարգ արժէք ունեցող գործ մը չէ, այլ կը ներկայացնէ Առաքեալներու կողմէ վստահուած և պահպանուած հաւատքի և անոր պատմութեան ընթացքին փոխանցման շարժիչ ուժը», ըսաւ Սրբազան Պապը աւելցնելով` թէ «այս խորհուրդին վեհութիւնը կը փայլի նաև կառոյցի գեղարուեստական, հոյակապութեան մէջ, որ, կենտրոնական խորանին վերեւ կը ներառէ Առաքեալներու տասներկու մեծ արձանները՝ Քրիստոսի առաջին հետևորդներն ու Աւետարանի վկաները»։
Հոգեւոր հայեացք որ արտաքին տեսքէն աւելի անդին կը տեսնէ
«Այս մէկը մեզ կը մղէ հոգեւոր հայեացք մը ունենալու, որ մեզի կ՛օգնէ երթալու արտաքին տեսքէն անդին, ընկալելու համար Եկեղեցւոյ խորհուրդը, որ աւելի է քան պարզ վայր մը, քարէ շինուած շէնք մը, արդարեւ ինչպէս կ՜ըսէ Աւետարանը` «Աստուծոյ իսկական սրբավայրը մերած եւ յարութիւն առած Քրիստոսն է, որ փրկութեան միակ միջնորդն է, միակ փրկիչը, որ կապուելով մեր մարդկայնութեան ու մեզ վերափոխելով իր սիրով, կը ներկայացնէ այն դուռը, որ լայն կը բացուի մեզի համար ու մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի հայրը» ըսաւ ի միջի այլոց Լեւոն ԺԴ.։
Մենք ենք Քրիստոսի Եկեղեցին
Մէջբերելով ապա Պետրոս առաքեալի առաջին նամակէն քաղուած խօսքերը Նորին Սրբութիւնը հաստատեց` թէ «մենք միացած Քրիստոսին, կենդանի քարերն ենք այդ հոգեւոր կառոյցին։ Մենք ենք Քրիստոսի Եկեղեցին, Անոր մարմինը, անոր անդամները, որոնք կոչուած են աշխարհի մէջ տարածելու Անոր ողորմութեան, մխիթարութեան եւ խաղաղութեան Աւետարանը, այդ հոգևոր ջերմեռանդութեան ընդմէջէն, որ պէտք է փայլի մեր կեանքի վկայութեան մէջ»։
Ըմբռնել Եկեղեցւոյ Խորհուրդին հարստութիւնը
«Եղբայրներ եւ քոյրեր, այս հոգեւոր հայեացքին մէջ է, որ պէտք է մարզենք մեր սիրտը» յարեց ապա Սրբազան Պապը ակնարկելով այն դիւրաբեկութիւններուն ու սխալներուն որոնք մեզի կ՛արգիլեն ըմբռնել Եկեղեցւոյ Խորհուրդին հարստութիւնը, անոր սրբութիւնը, որ չի գտնուիր մեր արժանիքներուն մէջ այլ «Տիրոջ պարգեւին» մէջ» եւ ասկէ մեկնելով հրաւիրեց շարունակել ուղեւորութիւնը` «Աստուծմէ ընտրուած սուրբ Ժողովուրդը ըլլալու ուրախութեամբ», եւ հայցելու Մարիամին, Եկեղեցւոյ մօր բարեխօսութիւնը, «որպէսզի մեզի ընկերանայ եւ օգնէ մեզի ընկալելու Քրիստոսը»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ